ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄՕՏԻԿ ԲԱՐԵԿԱՄ ԵԷԼԵՆԱ ՊՈՆՆԸՐ
ՊՈՍԹԸՆ.- Յատկապէս Խորհրդային Միութեան օրերուն, Եէլենա Պոննըր իր կողակից, հանրածանօթ այլախոհ Անտրէյ Սախարովի հետ պայքարած էր մարդկանց իրաւունքներուն համար: Անցեալ Փետրուարէն ի վեր, Պոննըրի առողջապահական վիճակը վատթարացած էր եւ ան փոխադրուած էր հիւանդանոց: 88-րդ տարեդարձը տօնելէն վեց օր ետք միայն, տիկին Սախարով` Դոկտ. Պոննըր աչքերը փակեց, իր ետին ձգելով ճոխ ու պատմական անցեալ մը:
Ան զաւակն էր Համայնավար Կուսակցութեան հայազգի բարձրաստիճան անդամներէն` Գէորգ Ալիխանեանի (Գէորգի Ալիխանովա) եւ հրեայ Ռուֆ Պոննըրի` իր կարգին համայնավար կուսակցութեան անդամ կին մը:
Ծնած Լուսիկ Ճորճեւնա Ալիխանովա, իր մօր մականունը կրած` Պոննըր, իր կարգին մուտք գործած էր Համայնավար Կուսակցութեան շարքերը: Նախքան, 1972-ին Սախարովի հետ ընտանիք կազմելը, ան ամուսնացած էր բժշկական համալսարանէն ներս, իր դասընկերներէն մէկուն հետ եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով, որոնք յետագային Խորհրդային ճնշումներու տակ, գաղթեցին Միացեալ Նահանգներ (Պոսթըն): Յետագային, Եէլենա, իր կարգին միացաւ իր զաւակներուն:
Սումկայիթի փոկրոմի, թէ Արցախի ազատագրութեան օրերուն, ան շարունակ թիկունք կանգնեցաւ հայ դատին: Պոննըրի թաղումը պիտի կատարուի Մոսկուայի մէջ, իր ընտանեկան դամբարանին մէջ:
ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն, կը գուժէ մահը մարդկային իրաւունքներուն համար, անաչառօրէն պայքարած` Եէլենա Պոննըրի, որ պատահեցաւ Յունիս 18, 2011-ին: Մենք, հայերս երբեք պիտի չմոռնանք Պոննըրի հետապնած դատապարտութիւններն ու հետեւողական աշխատանքը, իր լուսահոգի ամուսնոյն` Անտրէյ Սախարովի հետ, Ատրպէյճանի զանազան քաղաքներու (Սումկայիթ, Պաքու եւ Կիրովապատ) մէջ կատարուած ջարդերու օրերուն:
Դոկտ. Պոննըր նաեւ պայքարած էր ի նպաստ Արցախի հիմնահարցին, գործունեայ անդամ դառնալով “Helsinki Watch“ հիմնարկին: Բազմիցս Արցախ այցելած, ան “Sakharov Foundation“ հիմնարկին հետ գործակցաբար, ի նպաստ Արցախի յօդուածներ գրած ու բանախօսութիւններ կատարած էր:
Այս առթիւ, նաեւ խոր ցաւակցութիւններ Պոննըրի զաւակներուն` Ալեքսէյ Սեմիոնովի եւ Թաթիանա Եանքելեվիչի եւ ընտանեկան պարագաներուն:
Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի
Կեդրոնական Կոմիտէ
Յունիս 21, 2011