Գլխաւոր

ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԵԱՆ ԵԼՈՅԹ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ

Յա­ռա­ջի­կայ Շա­բաթ, Յու­նիս 25-ին, Պոս­թըն Փոփ­սի հայ­կա­կան օր­ուայ վե­րա­պահ­ուած հա­մոյ­թին, ելոյթ պի­տի ու­նե­նայ ան­զու­գա­կան սոփ­րա­նո­յիթա­գու­հի“` Յաս­միկ Պապ­եան:

Մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լը բազ­միցս անդ­րա­դար­ձած է այս հա­յուհի­ին կա­տա­րո­ղա­կան ար­ուես­տին, զայն նկա­տե­լով աշ­խար­հի լաւ օփե­րա­յի լա­ւա­գոյն ձայ­նե­րէն մէ­կը, որ կա­րե­լի է բաղ­դա­տել Մարիօ Լան­զա­յի եւ Մար­իա Քա­լա­սի նման աստ­ղե­րու հետ:

Բազ­միցս մի­ջազ­գա­յին քննա­դատ­ներ եւ ար­ուես­տա­բան­ներ հաս­տա­տած են, թէ “­Յաս­միկ Պապ­եան“ ­կը նկատ­ուի ՎերտիիԱյ­տաի լա­ւա­գոյն դե­րա­կա­տա­րը:

Իր բիւ­րեղ­եայ ձայ­նով, սեւ սա­թի­նէ զգես­տով, անկրկ­նե­լի տես­քով` Յաս­միկ Պապ­եա­ն ե­րաժշ­տա­կան կրթու­թիւնը ս­տա­ցած է Երե­ւա­նի մէջ: Առա­ջին հեր­թին, ան ու­սա­նած է Սա­յաթ Նո­վա­յի ան­ուան երաժշ­տա­կան դպրո­ցին մէջ, այ­նու­հե­տեւ` Ռո­մա­նոս Մե­լիք­եա­նի ան­ուան երաժշ­տա­կան ու­սում­նա­րա­նին մէջ, որ­մէ ետք Կո­մի­տա­սի ան­ուան երաժշ­տա­նո­ցին մէջ ստա­ցած է նախ ջու­թա­կա­հա­րի, ապա երգ­չուհիի մաս­նա­գի­տու­թիւն:

Երե­ւա­նի Օփե­րա­յի եւ Պա­լէի պե­տա­կան ակա­դե­մա­կան թատ­րո­նին մէջ կարճ ժա­մա­նակ աշ­խա­տե­լէն ետք ան օփե­րա­յին երգ­չուհիի գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը շա­րու­նա­կած է Եւ­րո­պա: Այ­սօր ան պայ­մա­նա­գիր­ներ ու­նի Եւ­րո­պա­կան լա­ւա­գոյն օփե­րա­յին թատ­րոն­նե­րուն հետ, մի­ա­ժա­մա­նակ նուա­ճած է նա­եւ Արեւ­մուտ­քը` ցան­կա­լի եւ սպաս­ուած հիւր ըլ­լա­լով յատ­կա­պէսՔառ­նը­կի հոլի եւՄեթ­րո­փո­լի­թըն“-ի հա­մար: Ան կը մեկ­նա­բա­նէ Վերտիի օփե­րա­նե­րէն 12 դեր, ինչ­պէս նա­եւ յայտ­նի է Թեզ­տե­մո­նա­յի, Լէօ­ո­նո­րա­յի, Եղի­սա­բէ­թի, Անու­շի դե­րե­րու լա­ւա­գոյն օփե­րա­յին մեկ­նա­բա­նու­թեամբ:

Բազ­միցս, հար­ցազ­րոյց­նե­րու ըն­թաց­քին, ան յայտ­նած է թէ, կ՛ու­զէ եւ­րո­պա­կան դա­սա­կան ար­ուես­տի չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­ւա­սար տես­նել Հա­յաս­տա­նը: Պապ­եան կը բնա­կի Վի­են­նա, սա­կայն դժուար է ըսել թէ` ան­հան­գիստ նե­րաշ­խարհ ու­նե­ցող եւ հայ­րե­նա­սէր այս երգ­չուհի­ին հա­մար վեր­ջին բնա­կա­վայրն է վալ­սե­րու քա­ղա­քը:

Անակն­կալ պի­տի չըլ­լայ եթէ օր մը տե­ղա­փոխ­ուի Հա­յաս­տան եւ իր փորձն ու վար­պե­տու­թիւնը ներդ­նէ հայ օփե­րա­յին ար­ուես­տի զար­գաց­ման մէջ, ինչ­պէս ժա­մա­նա­կին ըրած է` “Անուշի եւ այլ օփե­րա­նե­րու իր անկրկ­նե­լի դե­րա­կա­տա­րում­նե­րով:

2004-ին ան ար­ժա­նա­ցած էՀա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան ար­ուես­տա­գէտկո­չու­մին, նա­խա­գա­հի կող­մէն, իսկ 2005-ին Ամե­նայն հա­յոց կա­թո­ղի­կոս Գա­րե­գին Բ., Պապ­եա­նը պար­գե­ւատ­րեցՍուրբ Սա­հակՍուրբ Մաշ­տոցշքան­շա­նով` զայն նկա­տե­լովՀա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին դես­պա­նը` հա­մայն աշ­խար­հի մէջ“:

Ցայ­սօր, կա­խար­դա­կան ձայ­նով օժտ­ուած այս երգ­չու­հին, որ իր հրեշ­տա­կա­յին դէմ­քով եւ գե­ղե­ցիկ տես­քով գրա­ւած է բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւնը ­յա­ճա­խա­կի կ՛այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան, կը մաս­նակ­ցի փա­ռա­տօ­նե­րու, հա­մեր­գա­յին ծրա­գիր­նե­րու: Իր գոր­ծու­նէ­ու­թեան մէջ ան­պա­կաս են Հա­յաս­տանն ու հա­յաշ­խար­հը: Ար­տա­սահ­մա­նի մէջ ան եր­գա­հան­դէս­ներ կ՛ու­նե­նայ նա­եւ ի նպաստ հա­յու­թեան, կը մաս­նակ­ցի հայ­կա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու:

Օտար դա­սա­կան հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րը մեկ­նա­բա­նե­լու կող­քին, “Յաս­միկ Պապ­եաննա­եւ կը կա­տա­րէ Կո­մի­տա­սի, Եր­կան­եա­նի, Կա­նաչ­եա­նի, Չու­խաճ­եա­նի, Տէր­տէր­եա­նի եւ Տիգ­րան­եա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն: 2005-ին, ան հրա­պա­րա­կած է իր խտա­սա­լի­կը նուի­րած` Կո­մի­տա­սի մահ­ուան 70-ամ­եա­կին, նա­եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 90-ամ­եա­կին:

Իր հար­ցազ­րոյց­նե­րուն մէջՅաս­միկ Պապ­եան“ ­յա­ճախ կը շեշ­տէ կա­րե­ւո­րու­թիւնը գե­ղե­ցիկ, հո­գե­ւոր, վսեմ եւ բա­րե­կիրթ կեն­սա­ձե­ւին, եւ կը հա­ւա­տայ, որ ար­ուեստն է դէ­պի գե­ղե­ցի­կը տա­նող մի­ակ ճա­նա­պար­հըԱյս­պէս ալ պի­տի կա­տար­ուի յա­ռա­ջի­կայ քա­նի մը շա­բաթ­նե­րուն:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button