Գլխաւոր

ԹՈՒԱ­ԿԱՆ­ՆԵՐ…

ԹԱԹՈՒԼ ՍՈՆԵՆՑՓԱՓԱԶԵԱՆ

Հա­զա­րամ­եակ­նե­րու բո­վէն ան­ցած մեր պատ­մու­թեան չա­փա­նի­շով, տաս­նամ­եակ­ներ կրնան դիւ­րաւ անն­կատ անց­նիլ. այ­սու­հան­դերձ, ճա­կա­տագ­րա­կան ժա­մա­նակ­նե­րու ճշգրի՛տ ար­ժե­ւո­րու­մը կը ստի­պէ մեզ կանգ առ­նե­լու եւ ակ­նա­ծան­քով կեդ­րո­նա­նա­լու պատ­մա­կան կշիռ ու­նե­ցող թուա­կան­նե­րու վրայ: Այդ­պի­սի թուա­կան մըն էեւ յա­ւե՛տ մնա­լու է որ­պէս այդ­պի­սին — 1918, Մա­յիս ամ­սու 28-ըմիայն երե՛ք տա­րի անց` մեր վեր­ջին հա­րիւ­րամ­եա­կի ամե­նա­սե՛ւ թուա­կա­նէն — 1915-ի Ապ­րիլ ամ­սու 24-էն

Մօտ 20 տա­րի առաջ, այս եր­կու նշա­նա­կա­լից թուա­կան­նե­րուն վրայ կու­ գար աւել­նա­լու Սեպ­տեմ­բե­րի 21-ը. Հա­յաս­տա­նի վե՛­րան­կա­խաց­ման եւ Եր­րորդ հան­րա­պե­տու­թեան հաս­տատ­ման թուա­կա­նը:

Յե­տա­դարձ քննա­կան ակ­նարկ մը ցոյց պի­տի տար, թէ 1915-ըՄեծ Եղեռ­նըմե­ծաւ մա­սամբ աղէ­տա­լի հե­տե­ւանքն էր ձեռն­թափ խնդրան­քի մը` ուղղ­ուած անո­ղոք իշ­խա­նու­թեան մը ղե­կա­վար­նե­րուն, որ թոյլ տրուի եր­կու կայս­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ երկ­փեղկ­ուած հայ ժո­ղո­վուր­դինոր­պէս պար­տա­ճա­նաչ հպա­տակ­ներմի­ա­ժա­մա­նակ հա­ւա­տար­մօ­րէն ծա­ռա­յե­լու իրենց Փա­տի­շա­հին ու Ցա­րին` ան­սա­լով աշ­խար­հագ­րա­կան դժբախտ իրադ­րու­թեան մը պար­տադ­րանք­նե­րուն:

Այսօրի­նա­կե­լի“ — ու մի­ան­գա­մայն ան­գոր­ծադ­րե­լիդիր­քո­րոշ­ման ար­դիւն­քը եղաւ այ՛ն, որ իր ազա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը կի­սատ թո­ղած ու զի­նա­թափ հայ ժո­ղո­վուր­դըօրի­նա­պա­հու­թեանսե­ղա­նին զոհ տուաւ իր համ­րան­քին եւ իր պատ­մա­կան հայ­րե­նի տա­րածք­նե­րուն երեք քա­ռոր­դէն աւե­լին, մինչ արեւմ­տա­հա­յու­թեան ղե­կա­վար տար­րե­րէն շա­տերհո­գե­պէս ու ֆի­զի­քա­պէս հիւ­ծած կայս­րու­թեան մըբա­րե­նո­րոգ­մանհա­մար մղուած եր­կար եւ արիւ­նա­լի պայ­քա­րէն ետք – “Հիւրրի­էթի ուՍահ­մա­նադ­րու­թեանթմրե­ցու­ցիչ երազ­նե­րով տար­ուած, ար­դէն իսկ բազ­մեր էին օս­ման­եան խորհր­դա­րա­նի աթոռ­նե­րուն վրայ, յոյն դա­սա­կան ող­բեր­գու­թեան հե­րոս­նե­րու նման, ի սկզբա­նէ դա­տա­պարտ­ուած ան­մեկ­նե­լի մի­ամ­տու­թեան մը զոհ եր­թա­լու ճա­կա­տագ­րին:

Երկ­րո՛րդ թուա­կա­նըՄա­յի­սի 28-ը, զոր ար­ժա­նաւ­ո­րա­պէս կը տօ­նա­կա­տար­ուի ամէն տա­րիեւ մեծ շու­քով տօ­նա­կա­տար­ուե­ցաւ այս տա­րի եւս Հա­յաս­տա­նի մէջնոյն­պէս մե­ծաւ մա­սամբ, պատ­մա­կան հե­տե­ւանքն էր 1915-ի ան­նա­խըն­թաց ազ­գաս­պա­նու­թեա՛ն ոճի­րին: Ոճիր մը, որժա­մա­նա՛կ է անդ­րա­դառ­նա­լուցե­ղաս­պա­նա­կան այ­լա­զան ձե­ւե­րով, այ­սօ՛ր եւս ի գործ կը դրուի ոճ­րա­պարտ թուրք պե­տու­թեան կող­մէոր իր ներ­կայ գո­յու­թիւնը, որ­պէս ազգպե­տու­թիւն (nation-state), կը պար­տի նոյն­պէ՛ս Մեծ եղեռ­նինմի­ան­գա­մընդ­մի՛շտ իւ­րաց­նե­լու հա­մար հա­յոց պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քին արեւմտ­եան տա­րածք­նե­րը, մի­ա­ժա­մա­նակ եղ­ծե­լով, իւ­րաց­նե­լով կամ ջնջե­լով անոր հա­զա­րամ­եայ քա­ղա­քակր­թու­թեան ու մշա­կոյ­թի կո­թող­նե­րը:

Մա­յիս­եան ճա­կա­տագ­րա­կան գու­պա­րէն ծնած Արա­րատ­եան Հան­րա­պե­տու­թիւնը, իր իս­կու­թեան մէջ, այ­լա­փոխ­ուած վե­րա­յայտ­նու­թիւնն էր ծրագր­ուած ու գա­զա­նա­յին մի­ջոց­նե­րով գոր­ծադր­ուած մա­հա­պա­տի­ժի մը զոհ գա­ցած Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նինորուն բնակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւնը, ար­տաքս­ուած իր հա­րա­զատ հայ­րե­նի տա­րածք­նե­րէն, ար­դէն իսկ կը հանգ­չէր օտար անա­պատ­նե­րու աւա­զին տակ, ան­դա­գաղ ու ան­շի­րիմ:

Դառն իրա­կա­նու­թիւնն այ՛ն է որ եթէ տե­ղի ու­նե­ցած չըլ­լա­յի՛ն Մեծ պա­տե­րազմն ու անոր դժո­խա­յին ար­գան­դէն ծնած Եղեռ­նըեթէ չըլ­լար Վաս­պու­րա­կա­նի հե­րո­սա­մարտն ու զէն­քը ձե­ռին մարտն­չող ժո­ղո­վուր­դի մը հոգ­ւոյն ու մտքին մէջ ազա­տու­թեան ու, յատ­կա­պէ՛ս, քա­ղա­քա­կան ան­կա­խու­թեան առն­չու­թեամբ հա­ւատ­քի ու ինք­նավս­տա­հու­թեան զար­թօն­քը` արեւմ­տա­հա­յու­թիւնը, իր մե­ծա­մաս­նու­թեամբ, պի­տի շա­րու­նա­կէր իր եր­կա­րամ­եայ պայ­քա­րըբա­րե­նո­րո­գում­նե­րու՛ճամ­բով տա­նիլ` ապա­հո­վե­լու հա­մարտա­նե­լիկեանք մը` մնա­լովսահ­մա­նադ­րա­կանՕս­ման­եան կայս­րու­թեան հո­վանի­ին եւ օտար սատ­րապ­նե­րու մա­կա­նին տակ:

Ան­կա­խու­թիւնը, այդ օրե­րուն, այն­քա՛ն հե­ռու եւ ան­հա­սա­նե­լի կը թուէր, գրե­թէ բո­լո­րի՛ն:

Ըն­դու­նի՛նք կամ ոչ, Մա­յիս­եան մեր ան­կա­խաց­ման ցա­ւա­տանջ եր­կուն­քին գլխա­ւո՛ր դայ­եա­կը եղաւ Մեծ եղեռ­նը, Հա­յաս­տանն ու Հա­յու­թիւնը ազ­գաս­պա­նու­թեա՛ն ճամ­բով ան­է­աց­նե­լու այդ ոճ­րա­յին փոր­ձը:

Եւ զար­մա­նա­լի չէ, որ Սար­տա­րա­պա­տի, Ղա­րա­քի­լի­սէի ու Բաշ Ապա­րա­նի անս­պա­սե­լի հա­կա­հար­ուած­նե­րէն զգաս­տա­ցած ոճ­րա­գոր­ծը, դէ­պի Պաք­ուի նաֆ­թա­հո­րե­րը իր ար­շա­ւի ճամ­բուն, առ­ժա­մա­պէս յե­տաձ­գե­լով հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան բնաջնջ­ման իր ծրա­գի­րըեւ մի­ա­ժա­մա­նակ նո­րաս­տեղծ հայ պե­տու­թիւնը իրհո­վանի­ինտակ առ­նե­լու դիւա­նա­գի­տու­թեամբառա­ջի՛­նը եղաւ ճանչ­նա­լու հա­յոց ան­կա­խու­թիւնը:

Յա­ւել­եալ գա­ղա­փար մը տա­լու հա­մար հա­մաշ­խար­հա­յին առա­ջին պա­տե­րազ­մի այդ օրե­րուն տի­րող մի­ջազ­գա­յին ման­ուա­ծա­պատ կա­ցու­թեան մա­սին, ար­ժէ յի­շել, որ մինչ նո­րան­կախ մեր հայ­րե­նի պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ Կոս­տանտ­նու­պօ­լիս էին գոր­ծուղ­ուած ան­մի­ջա­կան օգ­նու­թիւն խնդրե­լու Օս­ման­եան կայ­սե­րա­կան կա­ռա­վա­րու­թե­նէն կա­րե­նալ կե­րակ­րե­լու հա­մար սո­վա­հար գաղ­թա­կան զանգ­ուած­նե­րը, Պաք­ուի մէջ, հայ­կա­կան զին­եալ ու­ժեր, փոք­րա­թիւ բրի­տա­նա­կան գու­մար­տա­կի մը կող­քին, կը ջա­նա­յին կա­սեց­նել թուրքգեր­ման զի­նակ­ցու­թեան գրո­հը դէ­պի Կով­կա­սի նաֆ­տա­հո­րե­րը:

Հե­տաքրք­րա­կանն այ՛ն էր սա­կայն, որ լոյս աչ­քով մղուող այս ճա­կա­տա­մար­տին ամե­նա­տա՛ք օրե­րուն, Մեծն Բրի­տան­իոյ պա­տե­րազ­մա­կան դահ­լի­ճը, իր մէկ գաղտ­նի ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, ի տես բոլ­շե­ւիկ­եան յե­ղա­փո­խու­թեան ստեղ­ծածու ապա­գա­յին ստեղծ­ուե­լիքկա­ցու­թեան, որո­շում կը կա­յաց­նէր Պա­քուն յանձ­նել նա­խընտ­րա­բա՛ր թուր­քե­րունորոնց պար­տու­թիւնը եւ անձ­նատ­ուու­թիւնը դաշ­նա­կից ու­ժե­րուն` ար­դէն իսկ ապա­հով­ուած ըլ­լալ կը թուէրքան թոյլ տալ որ հայ յե­ղա­փո­խա­կան ու­ժե­րը տի­րա­նա­յին ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցող այդ շրջա­նին` յօ­գուտ հա­մայ­նա­վար Ռու­սաս­տա­նին:

Այս ներ­քին իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն հա­մար­եայ ան­տեղ­եակ, հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դէն իսկ պա­ռակտ­ուած ղե­կա­վա­րու­թիւնը, հե­ռա­ցած ազ­գա­յին մի­աս­նա­կա­նու­թեան տես­լա­կա­նէն, իր յոյ­սե­րը կա­պեր էր կամքրիս­տոն­եայարեւ­մուտ­քի դաշ­նա­կից պե­տու­թիւն­նե­րու ան­հա­մար խոս­տում­նե­րուն` եւ կամ արե­ւել­քիանաստ­ուածռու­սա­կան բոլ­շե­ւիզ­միեղ­բայ­րա­կանհո­վա­նա­ւո­րու­թեան

Ազ­գա­յին ազատ ինք­նո­րոշ­ման կիրքն ու հա­ւատ­քըոր Վաս­պու­րա­կա­նէն մին­չեւ Արա­րատ­եան դաշտ կա­րո­ղա­ցեր էր ան­կա­խու­թեան իրա­կա՛ն ու իրա­ւա­կան ճա­նա­պար­հը բա­նալ հայ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ, դէ­պի Սեւ­րի Դաշ­նա­գիր ու մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չումար­դէն իսկ սկսեր էր հե­ռա­նալ իր ակուն­քէն օտա­րա­ծին աջ կամ ձախ թէ­կուող հա­կադր­եալ հո­սանք­նե­րու ստեղ­ծած յոր­ձա­նու­տին մէջ:

Հե­ռա­ցում մը, որ Ուիլ­սըն­եան Սահ­ման­նե­րու ճա­նաչ­ման վա­ղոր­դայ­նին, Հա­յաս­տա­նի Ա. հան­րա­պե­տու­թեան վա­ղա­ժամ ան­կու­մէն ետք, պի­տի շա­րու­նա­կէր ու­նե­նալ իր պա­ռակ­տիչ ազ­դե­ցու­թիւնը մին­չեւ 1965, մին­չեւ Եղեռ­նի Յիս­նամ­եա­կին հետ վե­րա­զարթ­նող ու մօտ եր­կու տաս­նամ­եակ պատ­նէ­շի վրայ մնա­ցած հա­յոց ար­դար ու ան­զի­ջող Դա­տին հա­մա­հայ­կա­կա՛ն զին­եալ թէ ան­զէն պայ­քա­րի աշ­խու­ժա­ցու­մը:

Մին­չեւ վաթ­սու­նա­կան թուա­կան­նե­րը, պաղ պա­տե­րազմ­եան մրցակ­ցու­թիւնը իրար դէմ հա­նած էր ո՛չ միայն եր­կու գերպե­տու­թիւն­նե­րը եւ իրենց զի­նա­կից­նե­րը, այ­լեւմե՛ր իրա­կա­նու­թեան մէջմղած էր Սփիւռքն ու Հա­յաս­տա­նը շա­րու­նա­կա­կան առ­ճա­կա­տու­մի մը` որ ո՛չ մէկ ձե­ւով կրնար առնչ­ուիլ մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­մազ­գա­յին գե­րա­գո՛յն շա­հե­րուն հետ:

Մին­չեւ խրուշ­չով­եան օրե­րէն սկսած ու կոր­պա­չով­եանԿլաս­նոս­տովիր լրու­մին հա­սած սառ­ցա­հա­լը, ծածկ­ուած գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ան­վեր­ջա­նա­լի լո­զունգ­նե­րու ետին, զոյգ կայս­րու­թիւն­նե­րը, Արեւ­մուտք եւ Արե­ւելք կա­տա­ղօ­րէն կը մրցէ­ին աշ­խար­հի տնտե­սա­կան ու մշա­կու­թա­յին ամ­բող­ջա­կան տի­րա­պե­տու­թեան ի խնդիր:

Այս հիւ­լէ­ա­կան հա­մա­տա­րած վտան­գի մը սպառ­նա­լի­քով պար­տադր­ուած եւ մե­ծա­պե­տա­կան չա­րա­շա­հու­մի զոյգ բե­ւեռ­նե­րով հա­ւա­սա­րակշռ­ուած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, ի վեր­ջոյ, իր լրու­մին հա­սաւ Սո­վետ միու­թեան ինք­նա­լու­ծար­քով:

Որ­պէս ան­խու­սա­փե­լի հե­տե­ւանք ռուս հա­մայ­նա­վար կայս­րու­թեան փլու­զու­մին ու անոր տաս­նը­հինգ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան մի­ա­ձոյլ կա­ռոյ­ցին քայ­քայ­ման, մեր նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան վե­րեւ յիշ­ուած եր­կու թուա­կան­նե­րուն վրայ, ինչ­պէս ըսինք, կ՛աւել­նար եր­րո՛րդ պատ­մա­կան թուա­կան մը, Սեպ­տեմ­բե­րի 21-ը` որ­պէս Հա­յաս­տա­նի վե՛­րան­կա­խաց­ման եւ Գ. Հան­րա­պե­տու­թեան հաս­տատ­ման օր:

Եթէ չըլ­լար ղա­րա­բաղ­եան հե­րո­սա­մար­տի հա­մա­հայ­կա­կա՛ն խոյ­եան­քը, մենք հա­զի՛ւ թէ իրա­ւուն­քը ու­նե­նա­յինք հպար­տա­նա­լու մեր նոր ան­կա­խու­թեամբ` որ մեր դու­ռը կը թա­կէր որ­պէս հե­տե­ւանք մեր հա­կակ­շի­ռէն դուրս եղող դէպ­քե­րու դա­սա­ւոր­ման, չը­սե­լու հա­մար պար­տադ­րան­քին:

Այդ օտա­րա­ծին մթնո­լոր­տին մէջ, պա­տա­հե­ցաւ ան­խու­սա­փե­լին. մեր ազ­գա­յին ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի խորհր­դա­նի­շերն ու ար­ժէք­նե­րը իւ­րա­ցու­ցած ու անոնց իս­կա­կան պա­րու­նակն ու ոգին եղ­ծած, հիւ­սի­սէ՛ն պար­տադր­եալազ­գա­յինղե­կա­վա­րու­թիւն մըի՛ր իսկ հաս­տատ­մամբ հա­կադր­ուա՛ծ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեանեկաւ իշ­խա­նու­թեան գլուխ` քուէ­նե­րո­վը ժո­ղո­վուր­դի մը` որ եօ­թա­նա­սուն տա­րի ամ­բող­ջա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գի մը ներ­քեւ ապ­րե­լէ ետք, սոր­ված էր իր քուէ­նե­րը տա­լու մի­ա՛յն ու մի­ա՛յն պաշ­տօ­նի վրայ եղող իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու:

Ինչ­պէս կ՛երե­ւի, Ժա­մա­նակ պի­տի առ­նէ, մին­չեւ որ դրա­մա­տի­րա­կան այս նո­րե­լուկՄի­ջազ­գայ­նա­կա­նինո­մէնկ­լա­տու­րա­յին ազ­դե­ցու­թիւնը մեր երկ­րին ներ­կայ ապ­րե­լա­ձե­ւին ու նկա­րագ­րին վրայ հետզ­հե­տէ չքա­նայ եւ առաջ­քը առն­ուի աշ­խա­տա­ւոր ու ստեղ­ծա­գործ դա­սա­կար­գե­րու բարո­յալք­ման ու երկ­րին ապա­գան վտան­գող անոնց շա­րու­նա­կա­կան ար­տա­գաղ­թին:

Տա­րի­ներ ան­ցած էինտէր­պետ­րոս­եա­նա­կաններք­նա­պէս պա­ռակ­տիչ ու մի­ջազ­գա­յին բե­մի վրայ պար­տուո­ղա­կան ոգի­ով տա­րուող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ան­փա­ռու­նակ վեր­ջա­ւո­րու­թե­նէն աս­դին, սա­կայն կրկին, հա­մայն հա­յու­թիւնը դէմ առ դէմ գտնուե­ցաւ Փրո­թո­քոլ­նե­րու անս­պա­սե­լի երե­ւոյ­թին դէմ` որ կը սպառ­նար վերջ դնել հա­յոց ար­դար դա­տէն բխող պա­հան­ջա­տի­րու­թեան:

Այդ ուղ­ղու­թեամբ, հա­մա­հայ­կա­կա՛ն մօ­տե­ցու­մով, ցա­ւա­լի է նշել, թէ 1915-ի Եղեռ­նին հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նաչ­ման հա­մար տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րէն դուրս, էա­պէս շատ քիչ բան փոխ­ուած ըլ­լալ կը թուի հայ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հետզ­հե­տէ ընկր­կող ճա­կա­տին վրայի բաց առ­եալ Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի հա­յու­թեան ճա­կա­տագ­րին առն­չու­թեամբ դան­դա­ղօ­րէն ձե­ւա­ւո­րուող հե­տաքրք­րու­թեան մը դրսե­ւո­րու­մը:

Այս իրո­ղու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, հա՛րկ է ըն­կա­լել մեր ներ­կայ կա­ցու­թիւնը` այն­պէ՛ս ինչ­պէս որ կայ.- Շուրջ 9 միլի­ոն հա­յու­թեան հա­զիւ թէ մէ՛կեր­րոր­դը այ­սօր կ՛ապ­րի իր ան­կախ հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րէն ներս` եւ այդ` մե­ծա­մաս­նա­բար աղ­քա­տու­թեան ու ան­գոր­ծու­թեան ջլա­տիչ մա­կար­դակ­նե­րու վրայ. մինչ զավթ­ուած պատ­մա­կան հայ­րե­նի հո­ղե­րու վրայ վե­րապ­րող, Լօ­զա­նի յան­ցա­պարտ դաշ­նագ­րո՛վ իսկ ան­տես­ուած հա­յու­թեան ցարդ նշա­նա­կե­լի թիւը հետզ­հե­տէ կը նօս­րա­նայ` ի հե­տե­ւանքԹուրք­իոյ տա­րած հա­յա­հա­լած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան` որ շա­րու­նա­կու­թիւնն է 1915-ի Ցե­ղաս­պա­նու­թեանհա­յը իր մշա­կոյ­թէն ու հո­ղէն ան­ջա­տե­լու` մարդ­կա­յին տար­րա­կան իրա­ւունք­նե­րու դէմ բրտօ­րէն մե­ղան­ջող այ­լա­զան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով:

Նկա­տի ու­նինք Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի, Ջա­ւախ­քի ու, մաս­նա­ւո­րա­բար, ցարդ ան­նե­րելի­օ­րէն ան­տես­ուած ու լքուած, մա­սամբ իս­լա­մա­ցած Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի հայ բնակ­չու­թիւն­նե­րը` այն ցա­ւա­լի իրո­ղու­թեան լոյ­սին տակ, թէ այ­սօր, ըլ­լա՛յ Ռու­սաս­տա­նի ու նախ­կին Սո­վետ եր­կիր­նե­րու, ըլ­լա՛յ Արեւ­մուտ­քի՛ հայ գա­ղութ­նե­րը, կ՛ուռ­ճա­նան` իրենց հայ­րե­նի օճախ­նե­րը կամ Մի­ջին Արե­ւել­քի հա­յա­շատ ոս­տան­նե­րը լքած բազ­մու­թիւն­նե­րով

Այ՛ն ինչ որ այ­սօր կը պարզ­ուի մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ Մի­ջին ու մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի փո­թոր­կած եր­կին­քին տական­քակ­տելի­օ­րէ՛ն կապ­ուած է Սեւրի Դաշ­նագ­րով նուի­րա­կա­նա­ցած սկզբունք­նե­րուն եւ վե­րա­զարթ­նող ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ան­ժա­ման­ցե­լի՛ իրա­ւունք­նե­րուն 80 տա­րի­ներ առաջ ան­նե­րե­լի ու­րաց­ման եւ ան­տես­ման` ի շահ գաղ­թա­րար ու­ժե­րու եւ անոնց ընտր­եալ սատ­րապ­նե­րուն տնտե­սա­կան ժա­մա­նա­կա­ւոր շա­հե­րուն:

Արա­բա­կան աշ­խար­հի մե­րօր­եայ այս պոռթ­կու­մը մէկ երեսն է Լօ­զա­նի ամօ­թա­լի դաշ­նագ­րին հե­տե­ւանք­նե­րուն: Շուրջ հինգ տա­րի ծո­վե­րով արիւն թա­փե­լէ ետք, հա­մա­մարդ­կա­յին ան­կապ­տե­լի իրա­ւունք­նե­րու եւ ար­ժէք­նե­րու ձգտող մարդ­կու­թիւնը, յան­ձինս իր անուղ­ղայ եւ անար­ժան ղե­կա­վա­րու­թեան, անձ­նա­տուր եղաւ նո­րե­լուկ բռնա­տի­րու­թիւն­նե­րու սսադ­րանք­նե­րուն ու Մի­ջին Արե­ւել­քի նաֆ­տա­հո­րե­րու հրա­պոյ­րին

Սեւ­րըինչ ակ­նո­ցով ալ դիտ­ուածկեն­դա­նի՛ կը մնայ ու անշր­ջան­ցե­լի` ինչ­պէս անշր­ջան­ցե­լի ու հիմ­նա­կան են մարդ­կու­թեան հա­մար ճշմար­տու­թիւնն ու ար­դա­րու­թիւնը, մի­ջազ­գա­յին հար­ցե­րու ան­շեղ ու տրա­մա­բա­նա­կա՛ն լու­ծու­մը, որու մի­ջո­ցաւ միայն կա­րե­լի է հաս­նիլ խա­ղա­ղու­թեան եւ ազ­գե­րու բար­գա­ւաճ հա­մա­կե­ցու­թեան:

Եւ ճի՛շդ այդ պատ­ճա­ռով, Ապ­րիլ 24-ի, Մա­յիս 28-ի եւ Սեպ­տեմ­բեր 21-ի կող­քին, մենք պէտք է ամէն տա­րի յի­շա­տա­կենք նա­եւ Օգոս­տոս 10-ը` Սեւ­րի Դաշ­նագ­րի ստո­րագր­ման օրը` որ­պէս անու­րա­նա­լի յաղ­թա­նակ, Մա­յիս 28-ի կող­քինո՛չ որ­պէս անց­եա­լի՛ կի­սատ մնա­ցած նուա­ճում` այլ որ­պէս անշր­ջան­ցե­լի այն փաս­տա­թուղ­թը` որուն անջն­ջե­լի իրա­կա­նու­թեան վրայ կանգ­նած, հա­մազ­գա­յին հա­ւատ­քով ու նուի­րու­մով, ար­դա՛ր քրտին­քով ու ցարդ ան­տես­ուած հա­րա­զա­տի ար­եա՛ն կան­չով, մենք պի­տի վե­րա­տի­րա­նա՛նք Արա­րա­տի զոյգ գա­գաթ­նե­րուն շուրջ ամ­բող­ջա­ցածիր երե՛ք քա­ռոր­դով դեռթշուառ ու ան­տէրմնա­ցած մեր հայ­րե­նի­քին:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button