Մուրատ Մանուկեան / Պոսթըն – Մասաչուսէց
«Հայրենիք» – Բացառիկ Դեկտեմբեր 2025
Ծանօթագրութիւն. Այս յօդուածին մէջ արծարծուած նիւթը՝ քուանթային մտածողութեան եւ առաջնորդութեան գաղափարը, ենթադրաբար նորութիւն մըն է հայկական եւ սփիւռքեան իրականութիւններուն մէջ։ Անիկա կը բացայայտէ տեսլականային նոր դաշտ մը, որ կրնայ օգտակար հիմք ծառայել աւելի լայն ակադեմական ու գործնական քննարկումներու՝ սփիւռքեան կառոյցներու, առաջնորդութեան նոր նախատիպերու եւ համաշխարհային մտածողութեան համադրման տեսանկիւնէն։ Անիկա կ’առաջարկէ անհրաժեշտ յարացոյցային փոփոխութիւն՝ աւանդական, եւ պահպանողական կառոյցներէն դէպի 21-րդ դարու ցանցային, ճկուն եւ ազդեցիկ մօտեցումներ՝ «Քուանթային Մտածողութիւն» հայեցակարգի ներմուծումով, որ կը ծառայէ իբրեւ հզօր փոխաբերութիւն՝ բացատրելու համար սփիւռքի բնոյթին մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող, սակայն չգիտակցուող «փոխկապակցուածութիւնն» ու «բազմավիճակային գոյութիւնը»։
Ներածութիւն
Քսաներորդ դարու սկիզբէն ի վեր հայկական սփիւռքը կազմակերպուեցաւ գոյատեւման եւ պահպանման տրամաբանութեամբ: Այսօր, քսանմէկերորդ դարու երրորդ տասնամեակին մէջ, աշխարհը կը գտնուի խորքային փոխակերպումի մը մէջ, որ յաճախ կ’անուանուի Նոր Աշխարհակարգ-ի (New World Order) ծնունդ: Այս նոր իրականութիւնը, որ կը բնութագրուի անկայունութեամբ, բարդութեամբ, անորոշութեամբ եւ ակնթարթային Փոփոխութիւններով, ստեղծած է այնպիսի պայմաններ, ուր հարցերը լուծելու եւ քաղաքական որոշումներ առնելու հին ձեւերն ու միջոցները ոչ միայն անբաւարար են, այլեւ յաճախ անարդիւնաւէտ:
Այս նոր աշխարհակարգը միայն համաշխարհային քաղաքական փոխակերպութիւն չէ․ ան նաեւ նոր մտածելակերպի ծնունդ է: Սփիւռքեան կազմակերպութիւնները, որոնք կառչած մնացած են հին ձեւերուն, կը գտնուին անարդիւնաւէտութեան փակ շրջագիծի մը մէջ, երբ նոր մարտահրաւէրները կը պահանջեն նոր մտածողութիւն, նոր ղեկավարութիւն եւ նոր տեսլական: Գոյատեւումէն դէպի բազմաբնոյթ ներգործութեան ոլորտներ անցնելու համար, անհրաժեշտութիւն է ոչ միայն հասկնալ այս նոր աշխարհակարգի կանոնները, այլեւ ըստ այնմ վերաձեւել ծրագիրներն ու՝ որ ամենակարեւորն է՝ ղեկավարութեան մտածողութիւնը:
Այս յօդուածը կը քննէ այս նոր իրականութիւնը, առաջարկելով քուանթային մտածողութիւնը (quantum thinking) որպէս հայեցակարգային գործիք՝ սփիւռքեան կառոյցներու արդիականացման եւ ապագայ առաջնորդներու պատրաստութեան համար։ Այս համատեքստին մէջ, քուանթային մտածողութիւնը կրնայ առաջարկել նոր հեռանկարներ՝ հասկնալու եւ արձագանգելու համար այն համակարգային փոփոխութիւններուն, որոնք կը սահմանեն սփիւռքի ճակատագիրը:
«Նոր աշխարհակարգ»ը՝ սահմանում եւ բնութագիր
Նոր աշխարհակարգը կարելի է հակիրճ կերպով սահմանել իբրեւ բազմակեդրոն, փոխկապակցուած եւ շարժուն աշխարհաքաղաքական համակարգ, ուր մէկ ուժի մենիշխանութիւնը համարեայ բացառուած է, եւ ուր որոշումները կը ծնին համադրութեամբ, փոխզիջումով եւ բարդ փոխկապակցումներով։ Այսինքն՝ որոշումները այլեւս չեն ծնիր մէկ ուժի կամ պետութեան միջամտութեամբ:
Այս համակարգին մէջ ուժի դասական չափանիշները (զինուժ, տնտեսութիւն, տարածք) աստիճանաբար կը փոխարինուին տեղեկատուութեան, գիտելիքի, ստեղծագործ կարողութեան եւ փոխներգործութեան նոր չափանիշներով։
«Նոր Աշխարհակարգ»ը պաշտօնական համաձայնագիր մը կամ հաստատուած կառոյց մը չէ, այլ՝ համաշխարհային յարաբերութիւններու ընթացիկ վիճակը։ Այս նոր տրամաբանութիւնը կը պարտադրէ վերանայիլ հայկական ազգային եւ համայնքային կառոյցներու գործելաոճը, կառուցուածքն ու նպատակները։
Սփիւռքեան կազմակերպութիւնները, որոնք ամբողջ դար մը գործած են աւանդական քաղաքական, մշակութային կամ բարեսիրական նախատիպերով, այսօր կը գտնուին միջանկեալ դաշտի մը մէջ. մէկ կողմէ՝ ազգային պատկանելիութեան եւ յիշողութեան պարտաւորութիւնները, միւս կողմէ՝ արդի աշխարհի ուժական (dynamic) եւ ցանցային բնոյթը։
Նոր աշխարհակարգը կը պահանջէ ոչ միայն տեղեկութեամբ հարուստ, այլ քաղաքակրթական իմաստով յարմարող եւ ստեղծարար մտածողութիւն, որ կ’ընդգրկէ բազմաշերտ իրականութիւններ եւ կը խուսափի բացառաբար սեւի ու ճերմակի հասկացողութեամբ ընտրութիւններէ: Այս նոր պայմաններուն մէջ, Սփիւռքի կազմակերպութիւնները այլեւս չեն կրնար գործել որպէս մեկուսացած, ազգային կղզիներ: Անոնք պարտաւորուած են գործել որպէս յարմարող, ցանցային դերակատարներ՝ այս բարդ համաշխարհային դաշտին մէջ:
«Նոր Աշխարհակարգ»ի առանցքային բնութագրիչներէն մէկն ալ թուային կամ համացանցային (online) տարածքի գերիշխող դեր ունենալն է։ Աւանդական սփիւռքը կառուցուած էր աշխարհագրական մօտիկութեամբ (օրինակ՝ երբեմնի հայահոծ թաղամասերը Հալէպի կամ Պէյրութի մէջ կամ Ֆրանսայի հայաշատ քաղաքները)։ Այսօր, նոր սերունդը իր ազգային կեանքի մեծ մասը կը վարէ թուային միջավայրերու մէջ, ուր աշխարհագրական վայրը այլեւս գերիշխող գործօն չէ։ Թուայնացումը փլուզած է կազմակերպական բուրգերու միջեւ եղած բնական պատնէշները։ Տեղական (local) եւ համաշխարհային (global) որոշումները կը միախառնուին ակնթարթօրէն։ Աւելին, այս թուային իրականութեան մէջ, ազդեցութիւնը կը փոխարինէ հեղինակութիւնը։ Անձինք եւ փոքր խումբեր, որոնք տեղեկութեան տիրապետելով, կրնան շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ, քան աւանդական մեծ կառոյցները։ Հետեւաբար, նոր առաջնորդութիւնը պարտաւոր է ճանչնալ, կառավարել եւ յարմարիլ այս ցանցային ազդեցութեանը։
Սփիւռքեան կառոյց՝ պատմական արժեւորում եւ նոր իրականութիւն
Արձանագրենք, որ ցարդ գոյութիւն ունեցող սփիւռքեան կառոյցը, իր քաղաքական կուսակցութիւններով, մշակութային միութիւններով, եկեղեցական հաստատութիւններով եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններով, վիթխարի գործ կատարած է: Ցեղասպանութենէն ետք, այս կառոյցները դարձան հայու գոյատեւման երաշխիքը: Անոնք կառուցեցին դպրոցներ, պահպանեցին լեզուն, մշակոյթն ու հաւատքը, եւ սերունդներ դաստիարակեցին ազգային ոգիով: Այս կազմակերպութիւնները ծնունդ առին 20-րդ դարու տրամաբանութեամբ. անոնք կառուցուած էին կայունութեան, պահպանման եւ կանխատեսելիութեան համար:
Սակայն, այն աշխարհը, որուն մէջ այս կառոյցները ծնունդ առին, այլեւս գոյութիւն չունի: Նոր աշխարհակարգի բարդութիւնը, արագընթաց իրադարձութիւններն ու անորոշութիւնը կը պահանջեն ոչ թէ պարզապէս «պահպանում», այլ՝ յարմարում (adaptation) եւ ներգործութիւն (impact) շրջապատին վրայ: Հին, ծանրաշարժ, բուրգային կառոյցները չեն կրնար արագ արձագանգել ցանցային, մշտափոփոխ եւ անկայուն մարտահրաւէրներուն: Հետեւաբար, շարունակել գործել հին ձեւերով՝ կը նշանակէ ընդունիլ ապարդիւնաւէտութիւնը եւ հաշտուիլ պարտուողականութեան հետ:
Անհրաժեշտ է անմիջապէս եւ յստակօրէն ընդգծել, որ նոր աշխարհակարգին յարմարիլը չի նշանակեր մոռնալ պատմութիւնը, ազգային պատկանելիութիւնն ու իրաւունքները կամ ցեղասպանութեան արդար հատուցման պայքարը։ Ընդհակառակն՝ այս նոր միջավայրին մէջ այդ հարցերը անհրաժեշտ է, որ ստանան նոր ոճ, հնչեղութիւն եւ նոր ռազմավարական ձեւակերպում։
Այստեղ պէտք է յիշատակել նաեւ այն հսկայ ժառանգութիւնը, որ հայկական սփիւռքը ստեղծեց ամբողջ դար մը։ Կազմակերպութիւններ ինչպէս աւանդական քաղաքական կուսակցութիւնները (Հ.Յ.Դ., Հնչակեան եւ Ռամկավար) իրենց գաղափարական պայքարով պահպանեցին ազգային ինքնագիտակցութիւնը։ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Համազգայինը, մարզական եւ մշակութային այլ միութիւններ հաւաքաբար կառուցեցին կրթական եւ մշակութային ցանցեր՝ ապահովելով հազարաւոր հայ մանուկներու կրթութիւնը։ Հայ Դատը միջազգային հարթակներու վրայ շարունակեց բարձրացնել արդարութեան ձայնը։ Այս բոլորը միասին ստեղծեցին հաւաքական կառոյց մը, որ կարողացաւ պահել ինքնութիւնը՝ առանց պետական հովանիի։
Այս վաստակը ոչ միայն պէտք է յիշուի, այլ պէտք է դառնայ այն հիմքը, որուն վրայ կը կառուցուի նոր աշխարհակարգով թելադրուած հանգրուանը։ Նոր մտածողութիւնը չի ժխտեր անցեալը. ան զայն կը վերածէ հիմքի՝ որուն վրայ կը բարձրանայ նոր սերունդի յարմարող, գիտակից եւ համաշխարհային հայը։
Աւելին, նոր մտածողութիւնը կը թելադրէ անցեալի պահանջատիրութիւնը վերադասաւորել արդի միջավայրի ճակատագրական մարտահրաւէրներու մէջ՝ օրինակ՝ մարդկային իրաւունքներու համաշխարհային շարժումներուն հետ նոր կապեր կառուցելով, կամ ցեղասպանութեան արդար հատուցման հարցը տեղափոխել միջազգային արդարութեան համատեքստի մը մէջ։
Այսպիսով, յարմարիլը կը նշանակէ նոր ձեւով շարունակել պայքարը, ոչ թէ հրաժարիլ անկէ։ Արժէքներն ու ինքնութիւնը կը մնան անսասան՝ փոխուող է միայն ձեւը, որով անոնք կը փոխանցուին եւ կը վերարտադրուին։ Այս կերպ, նոր աշխարհակարգին մէջ, պատմական յիշողութիւնը պարտադիր է, որ դառնայ ոչ թէ անցեալի բեռ, այլ ուղեցոյց, որ կու տայ ուղղութիւն եւ կշռոյթ՝ յառաջ շարժելու համար։
Սփիւռքեան կազմակերպութիւններն ու «քուանթային մտածողութիւն»ը
Քուանթային մտածողութիւնը որպէս գիտական-փիլիսոփայական մօտեցում կը կիրառէ քուանթային մեքենաբանութեան (mechanics) հասկացութիւնները — ոչ թէ որպէս բառացի բնագիտութիւն (physics), այլ որպէս հզօր համանմանութիւններ (analogies) — եւ կ՚ընդունի անորոշութիւնը (uncertainty), փոխկապակցուածութիւնը (entanglement) եւ բազմավիճակային գոյութիւնը— գերադրութիւնը կամ վերադրութիւնը (superposition) իբրեւ իրականութեան հիմնական բաղկացուցիչներ։
Ի տարբերութիւն դասական մեքենաբանութեան, որ կը տեսնէ աշխարհը իբրեւ կանխորոշուած, գծային պատճառահետեւանքային շղթայ, քուանթային մտածողութիւնը կ՛ընդունի, որ համակարգերը կրնան գոյութիւն ունենալ միաժամանակ բազմաթիւ վիճակներով, որ դիտարկողին դերը կը փոխէ դիտարկուողը (observer effect – այսինքն՝ այն, ինչ կը դիտենք, արդէն մասամբ փոխուած է մեր իսկ դիտարկումով) եւ որ համակարգի բոլոր մասերը փոխկապակցուած են բազմաթիւ կարողականութիւններու միանգամայն գոյութեամբ:
Ղեկավարութեան համատեքստին մէջ, քուանթային մօտեցումը կը խրախուսէ հետեւեալ սկզբունքները.
- Ամբողջական եւ Համադրական Մտածողութիւն՝ ուր կազմակերպութիւնը կը նկատուի որպէս մէկ, ամբողջական համակարգ:
- Փոխկապակցուած Մտածողութիւն՝ ուր իւրաքանչիւր որոշումի ազդեցութիւնը համակարգի բոլոր մասերուն վրայ, նկատի կ՛առնուի եւ կը գնահատուի։
- Գերադրութիւն եւ Բազմահնարաւորութիւն՝ ուր միաժամանակ քանի մը լուծումներ, տարբեր մակարդակներու վրայ, կրնան կենսունակ ըլլալ եւ միաժամանակ քննարկման ենթակայ։
- Յարմարողականութիւն՝ ուր անորոշութիւնը կը դիտուի ոչ թէ իբրեւ սպառնալիք, այլ իբրեւ ստեղծագործական հնարաւորութիւն։
Արդի փիլիսոփայական մտածողութեան տարբեր ճիւղեր նոյնպէս կ՚առաջարկեն նման սկզբունքներ, բայց քուանթային մտածողութիւնը կ՚երթայ աւելի հեռու՝ եւ քուանթային մեքենաբանութեան օրէնքներու համանմանութիւնները օգտագործելով գիտական հիմնաւորում կ՛առաջարկէ եւ կը ներկայացնէ նոր տեսլական մը աշխարհի, ուր իրականութիւնը այլեւս բաժնուած չէ պարզ պատճառահետեւանքային շղթաներու: Փոխարէնը՝ իւրաքանչիւր երեւոյթ կը նկատուի որպէս փոխազդեցութեան եւ հաւանականութեան դաշտ: Այստեղ է, որ քուանթային մտածողութիւնը կրնայ դառնալ հսկայ գործիք-մտածելաձեւ: Պարզաբանենք.
Խօսքը, ինչպէս արդէն յիշեցինք, բնագիտութեան մասին չէ, այլ՝ քուանթային մեքենաբանութեան (quantum mechanics) սկզբունքներու կիրառումը՝ որպէս համանմանութիւն՝ բարդ համակարգերը եւ անոնց ղեկավարութիւնը հասկնալու համար՝ նկատի ունենալով, որ աշխարհը անորոշ, բարդ եւ կարողականութիւններով լեցուն ցանց մըն է, այլ ոչ՝ կանխատեսելի, ուր ղեկավարները կրնան վերէն եկած հրահանգներով եւ որոշումներով վերահսկել իրադարձութիւններու հետագիծերը:
Սփիւռքեան հայկական կազմակերպութիւններու համար, քուանթային մտածողութիւնը կրնայ ներկայանալ իբրեւ յստակ, շօշափելի արժէք վերանորոգման եւ արդիականացման ճամբուն վրայ՝ հաստատելով, որ փոխկապակցուածութիւնը մեր ազգային գոյութեան ամենակարեւոր հարստութիւններէն մէկն է: Սփիւռքը, որ ցրուած է աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ, իր էութեամբ քուանթային համակարգ մըն է՝ ուր տեղական միութիւնները եւ համայնքները փոխկապակցուած են անտեսանելի, խորը հոգեբանական եւ պատմական կապերով՝ համագիտակցութեամբ եւ համընդհանուր ճակատագիրով։ Այս կապերը կը սնուցանեն համատեղ պատմական յիշողութիւնը, ցեղասպանութիւնը, պայքարները, փոխադարձ պարտաւորութեան զգացումը՝ օգնելու միմիանց, լեզուն, մշակոյթը, հաւաքական ինքնութեան զգացումը, եւ հաւաքական պատասխանատուութիւնը՝ հայութիւնը պահպանելու համար։ Անոնք կը միացնեն տարբեր համայնքները, թէպէտ անոնք աշխարհագրական տարբեր վայրերու մէջ են։ Այս երկու հասկացողութիւնները միասին կը ստեղծեն անտեսանելի, բայց իրական ցանց մը, որ կը միացնէ սփիւռքի բոլոր մասերը։
Քուանթային մտածողութեան լոյսին տակ, այս կազմակերպութիւններու վերանորոգումն ու արդիականացումը կ՛ենթադրէ՝
- Ընդունիլ Անորոշութիւնն ու Յարմարողութիւնը: Դասական մտածողութեան մէջ, կազմակերպութիւնները իրենց ծրագիրները կը մշակեն ժամանակաշրջանի մը համար, օրինակ՝ չորս, երկու կամ նոյնիսկ մէկ տարուայ։ Այս ծրագիրները շատ քիչ բացառութեամբ կ՛ըլլան անփոփոխ կամ շատ դժուար փոխուող: Քուանթային մտածողութիւնը կ’ընդունի անորոշութիւնը (uncertainty) եւ ապագայի անկանխատեսելիութիւնը: Հետեւաբար, կազմակերպութիւնները պէտք է ըլլան ոչ թէ դանդաղաշարժ, այլ՝ ճկուն եւ յարմարող: Անոնք պէտք է կարողանան շատ արագ արձագանգել նոր աշխարհաքաղաքական զարգացումներու: Ժամանակին մէջ քարացած որոշումները չեն կրնար քայլ պահել մշտափոփոխ իրադարձութիւններուն հետ:
- Որդեգրել Բազմավիճակային Ծրագրում: Դասական մօտեցումը կը պահանջէ ընտրել յստակ ուղղութիւն մը. օրինակ՝ կա՛մ նիւթական աջակցութիւն մայր հայրենիքին, կա՛մ դրամական միջոցներու յատկացում սփիւռքեան կրթական հաստատութիւններուն մէջ։ Քուանթային մտածողութեան մէջ համակարգը կրնայ միաժամանակ գոյութիւն ունենալ երկու կամ աւելի վիճակներով որուն համաձայն՝ տեղական դպրոցի աջակցութիւնը նոյն թափով կրնայ շարունակուիլ, մինչ նոր, ցանցային ծրագրեր կը ստեղծուին՝ հայաստանեան գործընկերներու հետ համատեղ աշխատելու համար։ Այսինքն, ճիշդ որոշումը ոչ թէ կա՛մ մէկը կա՛մ միւսն է, այլ եւ՛ մէկը եւ՛ միւսը՝ հասկնալով, որ երկուքին միջեւ եղած «փոխկապակցուածութիւնը» կը ստեղծէ աւելի մեծ արժէք։
- Տեսնել եւ Ընդունիլ Փոխկապակցուածութիւնը: Քուանթային աշխարհին մէջ ամէն ինչ փոխկապակցուած է: Սփիւռքի համար ասիկա կը նշանակէ վերջ դնել ինքն իր մէջ ամփոփուած, կղզիացած մտածողութեան: Քաղաքական կուսակցութիւնը, մշակութային միութիւնը, եկեղեցին եւ լոպպիական գրասենեակը չեն կրնար գործել իրարմէ անկախ: Նոր աշխարհակարգին մէջ, մշակութային նախաձեռնութիւն մը (օրինակ՝ շարժապատկեր մը կամ գիրք մը) կրնայ ունենալ աւելի մեծ քաղաքական ազդեցութիւն, քան տասնեակ մը պաշտօնական յայտարարութիւններ: Հետեւաբար, պէտք է ամբողջական եւ համադրական մօտեցում որդեգրել:
Գործնական օրինակներ՝ դասական մտածողութենէն դէպի քուանթային մտածողութիւն
Քուանթային մտածողութիւնը կրնայ թուիլ վերացական կամ փոխաբերական հասկացութիւն, եթէ ան չկապուի գործնական իրականութեան հետ։ Բաւարարուինք երկու համեմատական օրինակներով բացատրելու եւ ցուցադրելու այս մտածողութեան հիմնական տարբերութիւնը՝ դասական մտածողութիւնէն սփիւռքեան կազմակերպութիւններու գործունէութեան համատեքստին մէջ եզրակացնելու համար, որ Դասական մտածողութիւնը կը գործէ փակ շրջագիծի մը մէջ իսկ Քուանթային մտածողութիւնը նկատի կ՛ունենայ ամբողջ համակարգը։
Օրինակ 1․ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Արշաւ
Դասական Մտածողութիւն․ Կազմակերպութիւնը կը սահմանէ յստակ նպատակ՝ «Երկիր X-ի կառավարութիւնը պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։ Ռազմավարութիւնը գծային է՝ լոպպիական ճնշում, պաշտօնական յայտարարութիւններ, նամակներ եւ բանաձեւեր։ Յաջողութիւնը կը չափուի միայն այդ երկրի պաշտօնական ճանաչումով։ Եթէ ճանաչումը չկայ, արշաւը կը համարուի «ձախողում»։
Քուանթային Մտածողութիւն․ Կազմակերպութիւնը կը գիտակցի, որ ճանաչումը գործընթաց մըն է, ոչ թէ մէկ վայրկեանական իրադարձութիւն։ Ան կը գործէ միաժամանակ բազմաթիւ մակարդակներու վրայ՝
- քաղաքական լոպպի (պաշտօնական ճանապարհներ),
- մշակութային ծրագրեր (շարժանկարներ, գրականութիւն, արուեստ),
- կրթական նախաձեռնութիւններ (դպրոցներ, համալսարաններ),
- հասարակական շարժումներ (քաղաքացիական հարթակներ, յանձնախումբեր),
- թուային արշաւներ (սոցիալական ցանցեր, փաստագրական ֆիլմեր)։
Յաջողութիւնը այլեւս չի չափուիր միայն պետական ճանաչումով, այլ նաեւ հասարակութեան գիտակցութեան փոփոխութեամբ, նոր դաշնակիցներու ստեղծումով եւ երիտասարդ սերունդի ներգրաւումով։ Եթէ պաշտօնական ճանաչումը դեռ չկայ, բայց հասարակութեան մէջ ձեւաւորուած է արդարութեան զգացում եւ համակրանք, ապա արշաւը ձախողում չէ՝ այլ հիմք ապագայ յաջողութեան։
Օրինակ 2․ Երիտասարդներու Ներգրաւում
Դասական Մտածողութիւն․ Կազմակերպութիւնը կը նկատէ, որ երիտասարդները չեն մասնակցիր իր միջոցառումներուն։ Լուծումը կը համարուի՝ աւելի շատ միջոցառումներ կազմակերպել (ճաշկերոյթներ, համերգներ, հանդիսութիւններ) նոյն ձեւով եւ ոճով։
Երբ երիտասարդները դարձեալ գոհացուցիչ թիւերով չեն մասնակցիր, կազմակերպութիւնը կը մեղադրէ սերունդը, որ «չունի ազգային գիտակցութիւն» կամ «անտարբեր» է։
Քուանթային Մտածողութիւն․ Կազմակերպութիւնը կը գիտակցի, որ խնդիրը անհատական չէ, այլ համակարգային։ Հետեւաբար կազմակերպութիւնը հարց կու տայ՝
- Արդեօք մեր միջոցառումները կը համապատասխանեն երիտասարդներու իսկական հետաքրքրութիւններուն։
- Արդեօք անոնք ազատութիւն ունին նոր գաղափարներ առաջարկելու։
- Արդեօք մեր հաղորդակցութիւնը կը գործածէ անոնց լեզուն՝ թուային հարթակներու եւ ձեւաչափերու միջոցով։
Լուծումը կը դառնայ՝ ստեղծել մասնակցային հարթակներ, ուր երիտասարդները ոչ թէ հրաւիրեալներ են, այլ համագործողներ։ Օրինակ՝ առցանց հաղորդումներու շարք մը, ուր երիտասարդները կը քննարկեն ինքնութեան, սփիւռքի եւ համաշխարհայնացման հարցեր։ Կամ՝ նորարարական ծրագրաւորումի մրցոյթ մը, ուր անոնք կը մշակեն նորարարական թուային լուծումներ համայնքային խնդիրներու համար։
Քուանթային առաջնորդութեան անհրաժեշտութիւնը
Քուանթային մտածողութիւնը կ՛ենթադրէ քուանթային առաջնորդներու առկայութեան անհրաժեշտութիւնը: Բայց նախ պարզաբանենք ղեկավարի եւ առաջնորդի տարբերութիւնը։
Ղեկավարը (manager) կ՚աշխատի հաստատուած համակարգերու շրջագիծին մէջ՝ համակարգի արդիւնաւէտութիւնը ապահովելով եւ գործընթացները կարգաւորելով։ Անիկա կը հետեւի նախորդ սերունդներէ ժառանգուած ուղիներուն եւ կը գնահատուի համապատասխան գործառնական կատարողականութեան։
Առաջնորդը (leader), ի տարբերութիւն, կը ստեղծէ նոր տեսլական, կը զգայ եւ կը տեսնէ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը, եւ կը ներշնչէ ուրիշները՝ հետեւելու իր առաջնորդութեան։
Կը հետեւի, որ ղեկավարը կը գործէ գոյութիւն ունեցող համակարգի ներսին, մինչդեռ առաջնորդը կ’աշխատի վերաձեւել համակարգը:
Քուանթային առաջնորդը կը գործէ աւելի բարձր մակարդակի մը՝ համատեղելով համակարգային մտածողութիւնը եւ բարդութիւններ կառավարելու հետեւեալ ունակութիւնները.
- համակարգային տեսակէտ՝ որ կ՚ընդունի, թէ իւրաքանչիւր գործողութիւն ազդեցութիւն ունի ամբողջ համակարգին վրայ.
- անորոշութիւնը կառավարելու հմտութիւն՝ որ կ՛ընդունի անորոշութիւնը ոչ թէ իբրեւ սպառնալիք, այլ իբրեւ ստեղծագործական հնարաւորութիւն.
- գերադրուած մտածողութիւն՝ որ կը ճանչնայ, որ լուծումները չեն կրնար ըլլալ միայն սեւ կամ սպիտակ։
Քուանթային առաջնորդը այլեւս չի գործեր որպէս բուրգի գագաթին գտնուող վերահսկող։ Անիկա կը դառնայ համակարգի ճարտարապետը, որ կը ստեղծէ այն կառուցուածքը, ուր լաւագոյն գաղափարները կրնան ծնիլ եւ միջնորդն ու ընթացք տուողը, որ կ’ապահովէ, որ ցանցի բոլոր կէտերը կարենան արդիւնաւէտութեամբ փոխազդել։ Այս դերը կը պահանջէ ոչ թէ հրամայել կամ հրահանգել, այլ հարցեր տալ, լսել եւ վստահութիւն ներշնչել։ Անիկա կը խրախուսէ ռիսք ստանձնելը եւ կը հասկնայ, որ իր դերը ոչ թէ բոլոր պատասխանները ունենալն է, այլ՝ ճիշդ մարդիկը ճիշդ ժամանակին միաւորելը, որպէսզի լուծումները յառաջանան համակարգի ներքին գոյութիւն ունեցող լաւագոյն հնարաւորութիւններէն եւ իմաստութենէն։
Սփիւռքեան հայկական կազմակերպութիւններու մէջ, ղեկավարութեան ճգնաժամը բազում անգամներ նշուած է իբրեւ գլխաւոր խնդիր։ Բայց իրականութեան մէջ, խնդիրը պարզապէս ղեկավարներու բացակայութիւնը չէ, այլ ղեկավարութեան որակի եւ տեսակի հարցադրումը։
Սփիւռքեան բազմաթիւ կազմակերպութիւններ աշխատած են նոյն հնամեայ մօտեցումներով՝ տեղական մակարդակի կեդրոնական ղեկավարութեամբ, որոշումներ առնող փոքրաթիւ խումբով, եւ շատ յաճախ վերէն վար կառուցուածքով՝ հակառակ հաւաքական որոշումներով գործելու ձեւականացած խոստումներուն։ Այս համակարգը յաջողութեամբ գործած է 20-րդ դարուն, երբ համայնքները աւելի համախմբուած էին, երբ տեղեկութիւնը աւելի դանդաղ կը տարածուէր, եւ երբ փոփոխութիւնները աւելի դանդաղ եւ կանխատեսելի էին։
Բայց 21-րդ դարուն, նոր աշխարհակարգին մէջ, այս մօտեցումը կը սահմանափակէ միտքը։ Նոր սերունդները, որոնք կ՚ապրին բազմամշակութային եւ թուայնացած միջավայրերու մէջ, կը փնտռեն մասնակցային եւ թափանցիկ կառավարում։
Այսօրուայ իրականութեան մէջ, իրադարձութիւններու փոփոխութիւնները, տեղեկութիւններու վայրիվերումները կը հասնին բոլորին միաժամանակ, եւ այս յաճախ հակասութիւններ կը ստեղծէ կազմակերպութիւններու պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն, նախօրօք առնուած որոշումներուն եւ իրականութեան միջեւ։ Դժբախտաբար, գործող կազմակերպութիւնները իրենց աւանդական կազմակերպական կառոյցներով չեն օժտուած փոփոխութիւններուն արագ արձագանգելու հարթակներով։
Քուանթային առաջնորդութիւնը կը շեշտէ, որ կազմակերպութիւնները պէտք է դիտուին որպէս զգայուն ու համատեքստային գոյակցութիւններ, ոչ թէ կանխորոշուած մեքենական համակարգեր, ուր անդամները կը զգան ազատ՝ նոր գաղափարներ առաջարկելու եւ ռիսքեր ու պատասխանատուութիւններ ստանձնելու։ Անոնք կը հասկնան, որ լաւագոյն լուծումները կը ծագին ներքեւէն վեր, ոչ թէ վերէն ներքեւ։ Այս համակարգին մէջ, առաջնորդին դերը ոչ թէ հրամաններ արձակելն է, այլ միջավայր ստեղծել, ուր ստեղծագործականութիւնը եւ նորարարութիւնը կրնան ծաղկիլ։
Աներկբայ իրականութիւն է, որ մեր կազմակերպութիւնները սուր կարիքն ունին առաջնորդներու, որոնք կրնան հասկնալ նոր աշխարհակարգը եւ մեր համայնքները առաջնորդել դէպի շրջապատին վրայ ներգործելու նոր մակարդակ, իսկ կազմակերպութիւններէն ներս սերմանել մտածողութեան յարացոյցային փոփոխութիւն՝ աւանդական, եւ պահպանողական կառոյցներէն դէպի 21-րդ դարու ցանցային, ճկուն եւ ազդեցիկ մօտեցումներ, «Քուանթային Մտածողութիւն» հայեցակարգի ներմուծումով: Հայեցակարգ մը, որ նոյնիսկ կրնայ վերջ դնել «կեդրոն (Հայաստան) եւ ծայրամաս (սփիւռք)» հակադրութեան որպէսզի երկուքը դիտուին իբրեւ մէկ փոխկապակցուած համակարգի մասեր, ուր ուժի եւ ազդեցութեան հոսքը միակողմանի չէ։ Առաջնորդութիւնը պէտք է ծնի այնտեղ, ուր առկայ է տեղեկատուութեան եւ գիտելիքի ամենաբարձր մակարդակը տուեալ պահուն՝ անկախ աշխարհագրական դիրքէն եւ փորձագիտութեան վրայ հիմնուած ժամանակաւոր առաջնորդութեամբ, որուն մէջ Հայաստանը եւ սփիւռքը հաւասարապէս կը կրեն պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան բեռը։
Քուանթային առաջնորդի գործառոյթները սփիւռքեան իրականութեան մէջ
Պարզաբանենք թէ ի՞նչ են քուանթային առաջնորդին գործառոյթները: Քուանթային առաջնորդը չի գործեր մեկուսացած շրջանակի մը մէջ․ ան իր ներգործութիւնը կը ծաւալէ երեք փոխկապակցուած դաշտերու մէջ միաժամանակ՝
(ա) Գիտակցութեան դաշտ – ուր կը ձեւաւորէ հոգեբանական միջավայր մը՝ վստահութեան, ներառականութեան եւ ներշնչման հիման վրայ, խթանելով խմբային համերաշխութիւն եւ ներքին ուղղութիւն։
(բ) Հաղորդակցութեան դաշտ – ուր կը գործէ իբրեւ կամրջող օղակ համայնքային, ազ-գային եւ միջազգային մակարդակներու միջեւ՝ ապահովելով տեղեկատուութեան հոսք, փոխ ըմբռնում եւ համադրուած գործունէութիւն։
(գ) Ստեղծագործական դաշտ – ուր կը խթանէ նորարարութիւն, փորձարկում եւ գիտելիքի փոխանակութիւն՝ վերածելով գաղափարները գործնական նախաձեռնութիւններու։
Այս երեք դաշտերու ներդաշնակ համադրութիւնն է, որ կը դարձնէ քուանթային առաջնորդը ոչ միայն կազմակերպիչ, այլ՝ համակարգ ստեղծող եւ վերափոխող ուժ՝ ի վիճակի ուղղութիւն տալու եւ տեսլական ճարտարապետելու ամբողջ կառոյցին։
Քուանթային առաջնորդներու պատրաստութիւն
Երբ ընդունինք, որ մեր կազմակերպութիւնները անյետաձգելի կարիք ունին քուանթային առաջնորդներու, բնական հարցադրումը կը դառնայ՝ ինչպիսի՞ ճանապարհով կրնանք այսպիսի առաջնորդներ պատրաստել։ Այս պատրաստութիւնը չի կրնար ըլլալ պարզապէս տեսական դասընթացներու հաւաքածոյ մը։ Անիկա պէտք է ըլլայ խորքային փոփոխութիւն մտածողութեան եւ գիտակցութեան մէջ։
Առաջին քայլը գիտակցութեան մակարդակի բարձրացումն է։ Կազմակերպութիւններու առկայ ղեկավարները պէտք է հասկնան, որ աշխարհը փոխուած է, եւ որ հին գործելաոճերը այլեւս կայուն արդիւնքներ չեն ապահովեր։ Այս գիտակցումը կրնայ գալ գործնական փորձառութիւններէ՝ ձախողած նախագծերէ, կամ նոյնիսկ նոր սերունդին մէջ նուիրուածութեան եւ մասնակցութեան նուազումէն։
Երկրորդ քայլը ցանցային կառոյցներու ստեղծումն է։ Սփիւռքեան կազմակերպութիւնները պէտք է ստեղծեն հարթակներ, ուր պատանի-երիտասարդ առաջնորդներ կրնան միմիանց հետ շփուիլ, փորձեր փոխանակել, եւ համագործակցիլ։ Այս հարթակները պէտք է ստեղծուին ոչ միայն կազմակերպութեան ներսը, այլեւ տարբեր կազմակերպութիւններու միջեւ։ Քուանթային մտածողութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկը փոխկապակցուածութիւնն է, որ անհրաժեշտ է ստեղծել հիմա, որպէսզի չմնայ պարզապէս տեսական հասկացողութիւն։
Երրորդ քայլը փորձարարական միջավայրի ստեղծումն է։ Կազմակերպութիւնները պէտք է թոյլ տան երիտասարդ առաջնորդներուն փորձարկել նոր գաղափարներ, նոյնիսկ եթէ այդ գաղափարները հակասեն աւանդական-դասական մօտեցումներուն։ Պէտք է ստեղծուի մշակոյթ մը, ուր մինչեւ որոշ աստիճան, սխալները կը նկատուին իբրեւ ուսումնական հնարաւորութիւններ։ Քուանթային մտածողութիւնը կ՚ընդունի անորոշութիւնը, եւ այս անորոշութեան մէջ նորարարելու համար անհրաժեշտ է ազատութիւն տալ փորձարկելու եւ սխալելու։
Չորրորդ քայլը միջազգային ցանցերու մէջ ներդրումն է։ Քուանթային առաջնորդութիւնը համաշխարհային երեւոյթ մըն է, եւ հայ երիտասարդները պէտք է կապուին միջազգային հարթակներու հետ, ուր կը գործադրուի այս մտածողութիւնը։
Հինգերորդ քայլը դաստիարակչական կառոյցներու վերափոխումն է։ Հայկական դպրոցները, ճամբարները եւ երիտասարդական միութիւնները անհրաժեշտ է, որ սկսին ուսուցանել քուանթային մտածողութեան սկզբունքները ոչ թէ իբրեւ տեսական առարկայ, այլ իբրեւ գործնական հմտութիւն՝ խնդիրներ լուծելու, համագործակցելու եւ ստեղծագործ մտածողութիւն խթանելու համար։
Կը հաւատանք, որ քուանթային առաջնորդներու պատրաստութեան ճամբով փոփոխութեան ճշմարիտ շարժիչ ուժը պէտք է դառնայ նոր սերունդը եւ անոնց ստեղծած հորիզոնական, ճկուն ցանցերը։ Այս ցանցերը, կրնան գործել որպէս «փորձարարական տարրալուծարաններ», ուր կը փորձարկուին նոր մօտեցումներ։ Սփիւռքեան կազմակերպութիւնները պէտք է իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն այս հարթակներուն մէջ ներդրում կատարելու, այլ ոչ թէ զանոնք վերահսկելու։
Եզրակացութիւն
Քուանթային առաջնորդութիւնը կը վկայէ, որ սփիւռքի ուժը իր տարածուածութեան եւ փոխկապակցուածութեան խորութեան մէջ է։ Ամէն համայնք, ամէն կազմակերպութիւն, ամէն անհատ փոխկապակցուած է անտեսանելի կապերով, որոնք երբ կը գիտակցուին եւ գործի կը դրուին, կրնան ստեղծել անսպասելի ուժ։
Հայ սփիւռքի ապագան կախեալ է այն բանէն, թէ մենք ինչպէ՞ս կը յաջողինք փոխակերպել այս տեսական փոխկապակցուածութիւնը կենդանի, գործուն համագործակցութեան։ Նոր աշխարհակարգը մարտահրաւէր է, բայց նաեւ նոր հնարաւորութիւններու ծով։ Սփիւռքեան կազմակերպութիւններու վերանորոգումը եւ քուանթային առաջնորդներու պատրաստութիւնը չեն կրնար յետաձգուիլ։ Ժամանակն է անցնելու գործի եւ գործելու տեղը կը սկսի իւրաքանչիւր կազմակերպութենէ, իւրաքանչիւր համայնքէ եւ իւրաքանչիւր անհատէ՝ որ կը հաւատայ, որ հայ սփիւռքը կրնայ ունենալ փայլուն ապագայ, եթէ մենք համարձակութիւնը ունենանք փոխելու մեր մտածելակերպը եւ յարմարելու նոր աշխարհակարգի պահանջներուն ։
Այս վերանորոգումը կը պահանջէ աւելին, քան պարզ կառոյցային փոփոխութիւններ: Անիկա կը պահանջէ մտածելակերպի արմատական յեղաշրջում այսինքն՝ հիմնարար յարացոյցային փոփոխութիւն՝ անցնելով դասական մտածողութիւնէն դէպի քուանթային ըմբռնում:
Քուանթային մտածողութիւնը կ’առաջարկէ հայեցակարգային շրջանակ մը՝ անցում կատարելու կանխատեսելի, բուրգային «ղեկավարումէն» դէպի յարմարող, ցանցային եւ տեսլականային «առաջնորդութիւն»: Առաջնորդութիւնը պէտք է դառնայ համայնքային իմաստի, համատեղ պատասխանատուութեան եւ համաշխարհային հարթակներու վրայ ներգործութեան հարթակ: Ան պէտք է միացնէ անցեալի փորձը, ներկայի զգայնութիւնը եւ ապագայի տեսլականը՝ ստեղծելով նոր ոճ, նոր ձեւեր եւ հաղորդէ նոր վստահութիւն: Միայն այսպիսի նոր տեսլականով առաջնորդուելով է, որ Սփիւռքը պիտի կարենայ վերագտնել իր առաքելութիւնը եւ դառնայ գործուն ուժ այս բարդ ու անորոշ 21-րդ դարուն մէջ:
Օգտագործուած Աղբիւրներ
1. Acharya, Amitav. “The decline of the West and the rise of ‘the Rest’ will lead to a new world order.” The World Today (Chatham House), September 2025.
2. Wendt, Alexander. Quantum Mind and Social Science: Unifying Physical and Social Ontology. Cambridge University Press, 2015.
3. Wheatley, Margaret J., Leadership and the New Science: Discovering Order in a Chaotic World. Berrett- Koehler Publishers, 4th Edition, 2023.
4. Castells, Manuel., The Rise of the Network Society (The Information Age: Economy, Society and Culture, Vol. 1). Blackwell Publishers, 2nd Edition, 2000.
5. Stacey, Ralph D., Complexity and Group Processes: A Radically Social Approach to Change. Routledge, 2003.
6. Heifetz, Ronald A., and Linsky, Marty. Leadership on the Line: Staying Alive Through the Dangers of Leading. Harvard Business School Press, 2002.
7. Tölölyan, Khachig. Exile and Diaspora: Armenians in the Twentieth Century. Palgrave Macmillan, 2011.
8. Hovannisian, Richard G. (ed.). The Armenian Genocide: Cultural and Ethical Legacies. Transaction Publishers, 2007.

