Միքայէլ Սրբազան Աջապահեանը Վիրահատութեան Կարիքը Ունի
ԵՐԵՒԱՆ․- Բանտարկուած Միքայէլ արք. Աջապահեան անյապաղ վիրահատութեան կարիքը ունի։ Ընդդիմադիր պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան յայտնեց, թէ․- «Սրբազանին պէտք է հնարաւորութիւն ընձեռուի իր բժշկի հսկողութեամբ եւ իր բժշկի անմիջական մասնակցութեամբ կատարուի… ցաւով ուզում եմ ասել, որ այս տխուր վիճակագրութիւնը նաեւ մեզ զգօնութեան, սթափութեան առիթ է տալիս, որ այս հարցերի վերաբերեալ մենք այնպէս պէտք է անենք, որ այդ 23ը չդառնայ 24, ցաւով ուզում եմ ասել, որ կարող է այդ 24րդը Աստուած մի արասցէ նաեւ լինի սրբազան հայրը»։
Միւս կողմէ, Միքայէլ արք. Աջապահեանի փաստաբան Մարինէ Ֆարմանեան զարմացաւ՝ լսելով արդարադատութեան նախարարին յայտարարութիւնները՝ հակադարձելով, որ իրենք դիմաց եւ մերժուած են։ «Պաշտպանական խումբը դիմել է համապատասխան բժշկական օգնութիւն ստանալու համար: Մերժում են ստացել հէնց Իզմիրլեան բժշկական հաստատութեան պատճառով: Իրենք մերժել են, որ չի կարող բժշկական հետազօտութիւններն իրականացուեն: Դրանից յետոյ ասել, որ դիմումները պատշաճ չեն, այն պարագայում, երբ հարցը կալանաւորի առողջութեանն է վերաբերւում, ուղղակի անհեթեթ է», յայտնեց Ֆարմանեան:

