Հ․Յ․Դաշնակցութեան Վիճակուած Բախտորոշ Դերը
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ռիչմընտ – Վիրճինիա
Առանց բացառութեան` մեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցած են ամէն չափի եւ տեսակի բախտորոշ էատարրեր ու պատահարներ, որոնց յատուկ դեր վիճակուած է ենթակային կեանքին ընթացքը ճշդորոշելու եւ անոր անսայթաք ուղղութիւն տալու: Կարեւոր չէ, թէ խնդրոյ առարկայ անձը գրող-մտաւորական եղեր է, արուեստագէտ, թէ պարզ անհատ մը: Բոլորիս կեանքէն անպակաս եղած է եւ ճակատագրական կարեւոր դեր խաղացած է այդ բախտորոշ տարրը կամ դիպուածը:
Սփիւռքահայ սերնդակիցներէս եւ բախտակիցներէս շատերուն պէս` կանուխէն Դաշնակցութիւնը պիտի յեղաշրջէր իմ եւ եղբայրներուս կեանքի ուղին: Իբրեւ Ալեքսանտրեթէն Լիբանան կայք հաստատած հայու բեկորներ, առանց բացառութեան, բոլոր գաղթականներու վիճակուած չունեւորի կեանքը ծնողքիս ստիպեց, որ մեզ ֆրանսացի Գթութեան քոյրերու վարժարանը ուղարկեն:
Ողջ մնան մանուկներու վրայ խիստ «տիսիփլին» եւ կարգապահութիւն բանեցնող Գթութեան քոյրերը: Էշրեֆիէի մէջ բանող անոնց վարժարանը ունէր աղքատներու եւ հարուստներու բաժանմունքներ, եւ մենք, բնականաբար, անբախտներու շարքին կը պատկանէինք: Տիրող այդ զարտուղի դրութիւնը, բառ մը հայերէն չիմանալու, մայրենիէն զրկուած ըլլալու իրողութիւնը, երկուորեակ եղբօրս եւ իմ մէջ, հաստատուած կարգերու դէմ վաղ տարիքէն ըմբոստութեան ոգի յառաջացուցին, ու մենք սկսանք փախուստ տալ դպրոցէն` նախընտրելով «Էքոլ Պուիսոնիէրի» վիճակը քոյրերու «անգութ» վարժարանէն, ո՛չ հոգեւոր քոյրերուն, ո՛չ ալ ծնողքիս սաստումները եւ գաւազանի հարուածները կրցան շեղել ու ընկճել տասը տարեկան լաճի մեր կամքը` հայ վարժարան յաճախելու երազէն եւ յաճախանքէն:
Ծնողքս տեղի տալով մեր փափաքին` մեզ դրին Էշրէֆիէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Յիսուսեան ֆրանսացի հայրերուն ճեմարանը, ուր անչափահաս տարիքին սիրահարեցանք հայոց լեզուին: Եւ այդ մէկը պիտի հանդիսանար կեանք մը ամբողջ մեզ ոգեւորող մեր առաջին սէրը:
Հայրս մթնշաղին, գործէն վերադարձին, իբրեւ իր ձագուկներուն մատուցուած մտային եւ հոգեւոր սնունդ իրեն յատուկ հանդիսաւորութեամբ, կաշի պայուսակէն կը հանէր եւ սեղանին վրայ կը զետեղէր «Ազդակ» օրաթերթը: Մենք` երեք եղբայրներ, սովածի պէս իրարու ձեռքէն կը խլէինք ՀՅԴ պաշտօնաթերթը եւ ծայրէ ծայր կը կարդայինք անոր բովանդակութիւնը` ազգային ու միջազգային լուրերը եւ գրական ու մշակութային խորք ունեցող յօդուածները:
Պէտք է խոստովանիմ, որ տարիներ ամբողջ դաշնակցական մամուլը հանդիսացաւ իմ անքակտելի պորտակապս հայ գիրի, գրականութեան եւ դպրութեան հետ:
Մինչեւ տասնութ տարեկանը թեւակոխելս յեղափոխական մամուլը դարձաւ այն հարթակը, որ իր անփոխարինելի դերը ունեցաւ եւ զիս պատրաստեց Դաշնակցութեան շարքերը ընդունուելու:
Երբ 1960-ին` 24 տարեկան հասակիս, ափրիկեան ափերը մեկնեցայ, հոն եւս գործի դրի գաղափարապաշտ երիտասարդ կուսակցականի անխախտ համոզումներս, ամբողջ քսան տարիներ Հայ դատը հետապնդելու, ի՞նչ կ՛ըսեմ` մարդկութեան կողմէ անտեսուած մեր Դատին ծառայելու:
Փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեանի Ափրիկէ պատմական այցելութիւնը, որուն 50-ամեակը կը նշենք այս տարի, պսակումը հանդիսացաւ մինչեւ այդ պահը տարուած անխոնջ աշխատանքին եւ թափուած ճիգերուն` առանց բացառելու մեր կողմէ յանձն առնուած նիւթական զոհողութիւնները:
Իսկ գալով անցնող 60 տարիներու գրական-հրապարակագրական գործունէութեանս եւ վաստակիս` հոն ալ անվարան եւ առանց խպնելու պէտք է խոստովանիլ, թէ կուսակցական հայ մամուլը իր անփոխարինելի դերը ունեցաւ, պատանի հասակէն, ստիպողաբար եւ կամքէ անկախ պատճառներով դպրոցական ուսումը կիսատ թողած այս հեղինակին գրական ապագայ իրագործումներուն մէջ:
Պէտք է ընդունինք, որ հոն ալ հաւատաւոր եւ գաղափարապաշտ հայ կուսակցականի սրտի տրոփը առաւել քան զգալի է: Առանց գաղափարական իմ դաստիարակութեան` չէի կրնար յաղթահարել եւ ձեռք բերել գրական ներկայ վաստակը եւ իրագործումները: Այդ ենթահողին վրայ անհասկնալի կը թուի մեզի այդպիսի հայրենանուէր եւ գաղափարապաշտ կուսակցութեան մը դէմ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ տարուող տղայական անմիտ, անիմաստ եւ ազգակործան պայքարը: Այդ մէկը կը կատարուի պարզապէս դիւր գալու համար մեր արիւնռուշտ թուրք դրացիներուն:
Այս առիթով կ՛ուզէի հայրենի ղեկավարութեան ուշադրութեան յանձնել խիստ կարեւոր կէտ մը. Ռիչմընտ հաստատուելնէս ի վեր շատ ուսանելի եւ հետաքրքրական իրողութեան մը ականատես կ՛ըլլանք: Մինչեւ օրս ՀՅԴ-ի մականին տակ աշխուժօրէն գործող «Քեմփ Հայաստան»-ի պատանեկան ճամբարը յաճախող ամերիկահայ նոր սերունդը, իրմէ արտացոլող ազգային ոգիով եւ հայրենասիրութեամբ, հիմնովին կը զանազանուի իր այն տարեկից ընկերներէն, որոնք դժբախտաբար իրենց ծնողներուն անհոգութեան պատճառով զրկուած են այդ հրաշալի պատեհութենէն:
Ներկայիս ՀՅԴ կը շարունակէ ազգօգուտ իր գործունէութիւնը` արժանանալով համայն հայութեան երախտագիտութեան եւ անվերապահ յարգանքին:

