Յօդուածներ

ՏՈՄՍ․- ՄԱՔՐԱԳՈՐԾՈՒՄ…

 

Երեւանէն հոգեխռով լուր մը:

«Եւրասիա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ կամաւոր աշակերտներու ձեռքերով, Կոմիտասի անուան Պանթէոնի շրջափակը, կամաւորի օրուան ընդառաջ՝  շաբաթավերջին մաքրուած է աղբերէ եւ չորցած տերեւներէ: Ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ իրականացած աշխատանքը նախապէս ընդգրկած է հոգեւոր ու մշակութային այլ վայրեր: Այցելուներ գոհունակութիւն եւ գնահատանք արտայայտած են այս աշխատանքին ու ձեռք բերուած արդիւնքին համար: Տեսանիւթէն կ’երեւի, որ մանուկներ եւ պատանիներ, երիտասարդութեան սեմին կանգնած տղաք ու աղջիկներ են աւլողները, տերեւները հաւաքողները:

Բազմաթիւ իմաստներով ուսուցողական  եւ ազնիւ գործ՝ որ իրականացած է նոր սերունդին ձեռքերով, կամաւորաբար, գիտա՛կցաբար: Ուրեմն, Հայաստանի մէջ ամէն բան սեւ ու գորշ չէ, կան մեր երկնակամարը լուսաւորող աստղեր, ծիածանի կամարներ, ձեռքերը կամաւոր ու ազնիւ գործի առաջնորդող ուսուցիչներ:

…Այս տղաքն ու աղջիկները արդեօք կրնա՞ն գտնել Երեւանի ապականած կենսոլորտը դարմանելու ձեւը:

Այս տղաքն ու աղջիկները արդեօք կրնա՞ն նաեւ քաղաքական դաշտերը մաքրել ՔՊ-ական մոլախոտերէն, որոմէ՛ն, որ կը սպառնայ խեղդամահ ընել ո՛չ միայն հայրենապաշտպաններու խուրձերը, այլ նոյնինքն հայրենիքը՝ զայն իբրեւ զոհ մատուցելով թշնամիի որկորին:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

1 Դեկտեմբեր 2025

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button