Գլխաւոր
Պատմական աննախադէպ հաւաք-հանդիպում՝ Լեւոն ԺԴ. Պապի եւ Լիբանանի բոլոր համայնքներու կղերիկոսներուն միջեւ

Սօսէ Փիլաւճեան
Զմմառ – Լիբանան
Երկուշաբթի,1 Դեկտեմբեր 2025-ին, Հարիսայի պազիլիքայի մէջ, տեղի ունեցած համախմբման` իրենց մասնակցութիւնը բերին Զմմառու մայրավանքի հասարակութիւնը, ի դէմս Գերպծռ.Մաշտոց Թ.Ծ.Վ.Զահթէրեանի` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւորին, միաբան եպիսկոպոսներու, թեմի կղերական դասին
եւ Ս.Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներուն, գլխաւորութեամբ կրթօճախի վերակացու` Գեր.Հ.Կարապետ Վրդ.Գլընճեանի։
Մէկուկէս ժամի վրայ երկարող հանդիպման, կաթողիկէ հայոց ներկայութիւնը զգալի էր, արդ` Սրբազան Քահանայապետին ուղղուած սրտի խօսքը վերապահուած էր` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին։
Հոգեւոր Տիրոջ խօսքը կը բովանդակէր․-
Նորին Սրբութիւն`
Այսօր ամբողջ Լիբանանը շնորհքի պահեր կ’ապրի։
Աղօթքներով դիմենք Ս.Շարպէլին եւ Լիբանանի Տիրամօր, որու հայեացքին ներքոյ համախմբուած ենք, Ան իր մայրական գութով կը պարուրէ իր բոլոր զաւակները շնորհքի տակ։
Աղօթքներով դիմենք իրենց, որ մեզի յիշեցնեն փրկչական յոյսի զօրութիւնը։ Լիբանանը համայնքներու եւ կրօններու համակեցութեան եւ համերաշխութեան օրրանն է։
Նորին Սրբութիւն, այսօրուայ Ձեր այցը
Կեանքի հուր է, աղօթքի, յոյսի եւ լոյսի աղբիւր, որ կը լուսաւորէ մեր հայրենիքի իւրաքանչիւր անկիւնը։
Ամէն օր եւ ամէնուր` եկեղեցւոյ մէջ, տաճարներու եւ տուներու մէջ, մեր աղօթքները կը բարձրացնենք միեւնոյն շնորհքով։
Կ’աղօթենք Ձեզի հետ Նորին Սրբութիւն` յանուն խաղաղութեան, յանուն արդարութեան, յանուն մեր սիրելի հայրենիքի` Լիբանանի վերածնունդին։
Այս օրհնեալ երկրին մէջ եւ ընդհանրապէս Արեւելքի մէջ` քրիստոնեաներ կը մահանան, այստեղ յոյսը խոր արմատներ նետած է եւ հին արմատներ։
Այստեղէն բոլոր լեզուներով աղօթքներ կը բարձրանան եւ պատարագներ կը մատուցուին։
Մենք կը տեսնենք, որ բոլոր աւանդոյթները ծէսի կը վերածուին բազմազան շնորհքի նշաններով։
Մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ կը կիսուինք խաղաղութեան եւ արդարութեան ծարաւը։
Մենք կը ցանկանք վկայել, որ համագոյակցութիւնը հնարաւոր է, եւ որ սէրը աւելի ուժեղ է, քան ցանկացած պառակտում։
Վերջին տարիներուն, Լիբանանի ժողովուրդը կանգնած է բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ, մէկ կողմ թողած իրենց վէրքերը իրենց սրտերուն, մարմիններուն եւ հոգիներուն մէջ։
Մենք հակառակ բոլոր տագնապներուն, այստեղ ենք, մենք կը շարունակենք մեր ուղին դէպի առաջ, որպէս յոյսի պահապաններ եւ սիրոյ վկաներ։
Մենք կը բարձրացնենք մեր աղօթքը, եւ ան կը ներթափանցէ որպէս կենդանի գործ։
Մենք ձեռք կը մեկնենք կարիքաւորներուն, կ’ուղեկցինք ուղեկորոյս երիտասարդներուն, կը սրբենք անյոյս մարդկանց արցունքները, կը պահպանենք նահատակներու յիշատակը եւ զանոնք կը վերածենք կենդանի Աւետարանի՝ ամենօրեայ գործի մարմնաւորումով։
Այս հաւատքն է Արեւելքի ոյժը, քրիստոնեայ Արեւելքի ոյժը, պէտք է ոյժը դրսեւորուի, որ մխիթարէ մեզ, պահպանէ մեր կեանքը, մեր արժանապատուութիւնը եւ իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութիւնը։
Մեր երկիրը, որ իր մէջ կ’ընդգրկէ 18 կրօնական համայնքներ, կենդանի նշան է այն ճանապարհին, որով յոյսը կրնայ դառնալ կամուրջ աշխարհի վէրքերը ամոքելու։ Ինչպէս նաւու մէջ գտնուած աշակերտները, փոթորկի պահուն Տիրոջ կանչեցին ըսելով`
« Ռաբբի Փրկէ’ մեզ» այնպէս ալ մենք, նոյնպէս այս նահատակ երկրի որդիները, կը յանձնենք մեր աղօթքները Տիրոջ միջնորդութեան, մենք կը յանձնենք Լիբանանը եւ ողջ Մերձաւոր Արեւելքը Անոր միջնորդութեան եւ կը խնդրենք իսկական խաղաղութիւն։
Ձեր ներկայութիւնը Նորին Սրբութիւն մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուած մեզի հետ է, որ եկեղեցին մեզի հետ է, եւ մենք երբեք առանձին չենք մնար։
Թող մեր Տիրոջ շնորհքը իջնէ մեր վրայ, եւ այս բարի գործերու յոյսով, մեր լեռներուն եւ մեր հովիտներուն վրայ։
Թող Աւետարանի լոյսը փայլի բոլորին վրայ՝ լուսաւորելով իւրաքանչիւր տուն եւ իւրաքանչիւր փուլ։
Այնուհետեւ ներկաներ ունկնդրեցին կարգ մը հոգեւորականներու վկայութիւնները եւ երգչախումբի կատարողուեամբ հնչեցին շարականներ։

