Անգարայի Պարագայական Բարեկամ Գերմանիան
ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Յատուկ «Հայրենիք»-ին
Թուրքիա-Եւրոպա յարաբերութիւնները ընդհանրապէս հիմնուած են օսմանեան կայսրութեան ժառանգութեան եւ Քեմալական Թուրքիոյ հաստատած հաղորդակցութեան եւ գործակցութեան կապերուն վրայ: Հետեւաբար, Եւրոպական որեւէ պետութեան հետ պաշտօնական Անգարայի յարաբերութիւններու վերլուծումը պէտք է ունենայ պատմական որոշ բնոյթ: Այս իմաստով, Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւնները իրենց մէջ կը կրեն պատմական լայնածաւալ ու բարդ իրականութիւններ: Առաջին հերթին, հարկ է անդրադառնալ, որ ներկայ Գերմանիան դարեր շարունակ եղած է ապակեդրոն իշխանութիւններու եւ թագաւորութիւններու անկայուն հաւաքածոյ մը, որ ունէր ընտրովի ապա ժառանգական կայսր: Այդ «կայսրութիւն»-ը ճանչցուած էր իբրեւ Հռոմէական Սրբազան Կայսրութիւն: Քաղաքական իմաստով, ինչպէս, որ կը նշէ Վոլթէր. «Սրբազան Հռոմէական Կայսրութիւնը ոչ սրբազան է, ոչ հռոմէական եւ ոչ ալ կայսրութիւն մը»: Հետեւաբար, անկայութիւնը յստակ է: Բնականաբար, դարեր շարունակ, արտաքին քաղաքականութիւնը եւս անյստակ էր:
16-րդ դարուն տեղի ունեցան երկու կարեւոր զարգացումներ, որոնք փոխեցին Գերմանիա-օսմանեան կայսրութիւն յարաբերութիւնները: Առաջին՝ Գարլոս Ե.-ի ընտրութիւնը իբրեւ կայսր, որուն ջանքերով առաջին անգամ ըլլալով իշխանութիւնը ամրապնդուեցաւ կայսրին ձեռքը եւ քաղաքական որոշ միակամութիւն հաստատուեցաւ: Երկրորդ՝ բողոքական շարժումին հաստատումը, որուն արդիւնքով, բազմաթիւ գերմանացի իշխաններ եւ թագաւորներ հակադրուեցան ծայրայեղ կաթողիկէ Գարլոս Ե-ի հետ: Այս իրավիճակին մէջ, բողոքական հոսանքին մօտիկ պետութիւններ բարեկամական որոշ յարաբերութիւններ հաստատեցին օսմանեան կայսրութեան հետ, որ ոչ միայն նիւթապէս օժանդակեց այս շարժումը, այլեւ՝ լայն ազատութիւններ տուաւ գործելու նոյնինքն օսմանեան կայսրութեան մէջ: Այս իմաստով Հունգարիոյ անկումէն ետք, օսմանեան կայսրութիւնը, Հունգարիոյ ղեկին նշանակեց, իրեն հաւատարիմ, բողոքական թագաւոր՝ Ճոն Զաբոլիա:
Այսպէս, Օսմանեան կայսրութիւն-Գերմանիա յարաբերութիւններու հիմը դրուեցաւ փոխ-շահերու վրայ, միաժամանակ պահպանելով իր բարդութիւնը, նկատի ունենալով, որ փողոքականներուն համար, այն ժամանակ, ամէն պարագայի այդքան ալ նպաստաւոր չէր Իսլամական Խալիֆայութիւնը ունենալ իբրեւ պաշտօնական դաշնակից: Միւս կողմէ, Հռոմի Պապին օրհնութիւնը ստացած եւ գերմանացիներու թագաւոր նկատուող Գարլոս Ե կայսրի համար նաեւ այդ իրավիճակը ընդունելի չէր: Սակայն, այդ բարդութիւններէն անդին, ինչպէ՞ս զարգացան այս յարաբերութիւնները, ի՞նչ է անոնց ներկայ բնոյթը եւ հեռանկարները:
Դարեր շարունակ, թուրքերը եւ սրբազան հռովմէական կայսրութիւնը ունեցան վերիվայրումներ: Այս բոլորը փոխուեցաւ 1800-ական թուականներու երկրորդ կիսուն, երբ պաշտօնապէս հռչակուեցաւ գերմանական կայսրութիւնը, ղեկավարութեամբ վարչապետ Օթօ Ֆոն Պիսմարքի: Կայսրութիւն կերտած այս վարչապետը Օսմանեան Կայսրութիւն կատարած այցելութեան մը ընթացքին յայտարարեց, որ ինք «Իսլամութեան Բարեկամ»-ն է եւ պաշտօնական Պոլիսի հետ կարգաւորեց ռազմական գործակցութեան համաձայնագիրներ, որ իրականութեան մէջ նաեւ խնդրանքն էին Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ-ի: Այստէղ հետաքրքրական է նշել Պիսմարքի հետեւեալ հաստատումը. «Ամբողջ Եւրոպայի խելացութեան 90 առ հարիւրը կը պատկանի Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ-ի, հինգ առ հարիւրը ինձ, իսկ մնացեալ հինգ առ հարիւրը մնացեալներուն»: Հետեւաբար, ակնյայտօրէն, Գերմանիոյ վարչապետը բարձր մակարդակի արժեւորում տուած էր օսմանեան Կայսրութեան եւ Սուլթանին: Բնականաբար, ռազմական այս գործակցութիւնը շարունակուեցաւ եւ Համաշխարհային առաջին պատերազմին միասնաբար կռիւ մղեցին, պարտուեցան եւ իրենց կայսրութիւնները լուծուեցան: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւնները մնացին բարեկամական-չեզոք իրավիճակի մէջ, այն իմաստով, որ տնտեսական գործակցութիւնը շարունակուեցաւ, սակայն քաղաքական չեզոքութիւնը պահպանուեցաւ: Միայն 1944-ին, Թուրքիա, մեկնելով պատերազմին իրավիճակէն եւ տարածաշրջանային ճնշումներուն ընդառաջելով, ձեւական պատերազմ հռչակեց Գերմանիոյ դէմ:
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Գերմանիաներու կազմութեամբ, պաղ պատերազմի սկզբնաւորութեամբ եւ Թուրքիոյ՝ ՆԱԹՕ անդամակցութեամբ, Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւնները կեդրոնացան յատուկ կերպով Արեւմտեան Գերմանիոյ վրայ: Պաղ պատերազմի տարիներուն, Թուրքիոյ դիմագրաւած տնտեսական եւ քաղաքական տագնապներուն պատճառով, բազմահազար թուրքեր գաղթեցին եւ հաստատուեցան Գերմանիա, կազմելով մեծ գաղութ: 30 Հոկտեմբեր 1961-ին ստորագրուած երկկողմանի համաձայնագիր մը նոյնիսկ կարգաւորեց թուրք աշխատաւորներու ժամանակաւոր գաղթը դէպի Արեւմտեան Գերմանիա: Սակայն, բազմաթիւ թուրքեր մնացին այնտեղ եւ չվերադարձան: 1980-ական թուականներէն սկսեալ, Գերմանիոյ զանազան քաղաքներու մէջ հերթաբար սկսան հիմնուիլ թուրք-գերմանական բարեկամական կապերու ամրապնդման խմբակներ կամ կառոյցներ, որոնք հիմնականօրէն ֆինանսաւորուեցան ծագումով թուրք քաղաքացիներու կողմէ:
Տնտեսական իմաստով, գործակցութիւնը եղած է տեւական, սակայն անոր նշանակութիւնը փոփոխական: Օրինակի համար, 1983-ին, Թուրքիոյ վարչապետ եւ ապա նախագահ Թուրկութ Օզալ կը նկատէ, որ Թուրքիա-Գերմանիա առեւտրական հասոյթը կը կազմէ միայն 1.7 միլիառ տոլար: Հետեւաբար, Անգարա կը սկսի այդ պատկերը փոխելու լուրջ աշխատանքի, որուն արդիւնքով, 1993-ին առեւտրական հասոյթը կը հասնի 8.1 միլիառ տոլարի, այսինքն՝ 4.7 անգամ աճ: 1990-ական թուականներուն եւ մինչեւ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան իշխանութեան տիրանալը, այս պատկերը արձանագրած էր միայն 1.6 անգամ աճ, հասնելով 12.9 միլիառ տոլարի: Դանդաղեցման հիմնական պատճառը այն էր, որ Թուրքիոյ մէջ ընկերատնտեսական եւ քաղաքական տագնապները բազմաթիւ էին եւ անկայունութիւնը գերիշխող: 2002-2008, Վարչապետ Էրտողանի յաջորդական կառավարութիւնները կը յաջողին այդ պատկերը բարձրացնել 31.6 միլիառ տոլարի, այսինքն 2.4 անգամ աճ: Ներկայիս, այդ պատկերը կը գերազանէ 47.5 միլիառ տոլարի շեմը: Միաժամանակ, Թուրքիոյ մէջ գործող գերմանական ընկերութիւններու թիւը բարձրացաւ նախնական 992-ի պատկերէն, հասնելով 3296-ի: 2014-ին այդ նոյն ընկերութիւններուն թիւը հասաւ 6070-ի, իսկ ներկայիս աւելի քան 8000-ի: Գերմանիոյ մէջ գործող Թրքական ընկերութիւններու թիւը կը կազմէ 80,000:
Աւելի՛ն. Թուրքիա շատ աւելի մեծ քանակութեամբ կը ներածէ քան կ՛արտածէ դէպի Պերլին: Օրինակի համար, դէպի Գերմանիա թրքական արտադրութիւններու արտածման արժէքը 1980-ին կը կազմէր 603 միլիոն տոլար, 1990-ին՝ 3 միլիառ տոլար, 2005-ին՝ 9.5 միլիառ տոլար, 2015-ին 13.4 միլիառ տոլար, իսկ 2024-ին՝ 20.4 միլիառ տոլար: Ներածումներու իմաստով, 1980-ին այդ պատկերը կը կազմէր 837 միլիոն տոլար, 1990-ին՝ 3.5 միլիառ տոլար, 2005-ին՝ 13.6 միլիառ տոլար, 2015-ին՝ 21.3 միլիառ տոլար, իսկ 2024-ին՝ 27.08 միլիառ տոլար: Տնտեսական իմաստով, կը նկատենք, որ հաւասարակշռուած յարաբերութիւն գոյութիւն չունի եւ Անգարա շատ աւելի ջանք կը թափէ տնտեսականօրէն ինքզինք համարկելու Գերմանիոյ հետ, քան ինչ, որ Պերլին կ՛ընէ: Բնականաբար, Գերմանիան շատ աւելի հզօր տնտեսական ուժականութեան տէր երկիր է, սակայն, Թուրքիան ակնյայտօրէն տակաւին այդ մակարդակին հասած չէ: Ամէն պարագայի, երկկողմանի յարաբերութիւնները նուազագոյն մակարդակով կը պարտադրեն այս յարաբերութիւնները, հիմնուելով նաեւ թրքական գաղութին ներդրումներէն մեկնած:
Քաղաքական իմաստով, իրավիճակը աւելի ի շահ է Թուրքիոյ: Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Հելմութ Քոհլ, 1997-ին հաստատեց. «Եթէ երկքաղաքացիութեան առիթ տանք, մենք այսօր Գերմանիոյ մէջ կ՛ունենանք չորս, հինգ կամ վեց միլիոն թուրք քաղաքացիներ, մինչ ներկայ պատկերը երեք միլիոն է»: Հետեւաբար, գերմանական վերնախաւը նոյնիսկ մտահոգ է նման հսկայական գաղութի մը հաւանական քաղաքական ազդեցութենէն: Այս մտահոգութիւնը ներկայիս դարձած է իրականութիւն: 2021-ի խորհդարանական ընտրութիւններուն ծագումով թուրք 18 գերմանացիներ մուտք գործեցին խորհրդարան, իսկ 2025-ին այդ պատկերը բարձրացաւ 19-ի, մինչ 1994-ին անոնց թիւը միայն երկու էր: Թրքական գաղութի ներկայացուցիչներ նաեւ տիրացան տեղական կուսակցութիւններու մէջ փոխ-նախագահի կամ համանախագահի պաշտօններու: Այս պատգամաւորները կուսակցութիւն մը չեն ներկայացնէր, նաեւ Գերմանիոյ մեծագոյն բոլոր կուսակցութիւնները ունին թուրք ծագումով պատգամաւորներ:
Ծիծաղելի բաժին կրնայ նկատուիլ այն իրողութիւնը, որ ծագումով թուրք ընտրողներու 20 առ հարիւրը վերջին ընտրութիւններուն քուէարկեց օտարերկեայ գաղթողներ ընդունելու քաղաքակութեան ծայրայեղ ընդդիմադիր Այլընտրանք Գերմանիոյ Համար ծայրայեղ-աջակողմեան կուսակցութեան օգտին: Հարկ է նշել նաեւ, որ ժողովրդային մակարդակով յարաբերութիւնները եւս անհանգիստ են: Օրինակի համար, 2020-ին եւ 2023-ին կատարուած զոյգ հետազօտութիւններու համաձայն՝ Թուրքիոյ բնակչութեան 50 առ հարիւրը Գերմանիան կ՛ որակէ իբրեւ վտանգ, իսկ Գերմանիոյ մէջ բնակող թուրքերու 65 առ հարիւրը իրենք զիրենք կը նկատեն խտրականութեան թիրախ: Միւս կողմէ, 2019-ին կատարուած հետազօտութեան մը համաձայն՝ գերմանացիներու 58 առ հարիւրը կը փափաքին Թուրքիան հեռացնել ՆԱԹՕ-էն, զայն նկատելով անվստահելի դաշնակից: Այստեղ հարկ է նշել, որ նախագահ Էրտողանի մօտիկ լրատուական աղբիւրները տեւաբար կը փորձեն այս տուեալներուն հակառակ պատկեր ներկայացնել:
Վերջապէս, Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը Թուրքիան կ՛որակէ իբրեւ ռազմավարական կարեւոր գործընկեր, սակայն Պերլին այդ յարաբերութիւնները պիտի մշակէ փոխշահերու հիման վրայ, կեդրոնանալով անվտանգութեան, գաղթականութեան եւ տնտեսական մարզերուն վրայ: Այս է իրողութիւնը, որովհետեւ Թուրքիա հեռացած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար ժողովրդավարական նուազագոյն արժէչափերէն: Միւս կողմէ, գաղթականութեան հարցը արդէն իսկ անցնող տասնամեակին ընթացքին սրեց Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւնները: Սակայն, Սուրիոյ ներկայ վարչակարգի հաստատումով այս մէկը կրնայ մեղմանալ: Միաժամանակ, անցնող շրջանին Անգարա-Պերլին ռազմավարական գործակցութիւնը բարձրացաւ 110 միլիոն տոլարով, հասնելով շուրջ 368 միլիոն տոլարի, ինչ որ համեստ, սակայն նշանակալից պատկեր է: Հետեւաբար, կարելի է հաստատել, որ Թուրքիան, առաջին հերթին իր գաղութին միջոցաւ, իսկ երկրորդ, պետական մակարդակով, կ՛ուղղուի դէպի Պերլին, պարագայական բարեկամութիւնը օր մը բարձրացնելու դաշնակիցի մակարդակի:

