«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորներ Հանդիպեցան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Փոխնախագահին
ԵՐԵՒԱՆ․- 25 Նոյեմբերին, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Լիլիթ Գալստեան, Աննա Գրիգորեան, Արմէն Գէորգեան, Արթուր Խաչատրեան եւ Լեւոն Քոչարեան հանդիպում մը ունեցան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ եւ Խորհրդարանական վեհաժողովի Հարաւային Կովկասի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Լուիս Կրասայի հետ:
Պատգամաւորները Կարասային տրամադրեցին Հայաստանի ներկայ կացութեան շուրջ փաստարկուած տեղեկութիւններ: Պատգամաւորները ներկայացուցին Հայաստանի մէջ խորացող ամբողջատիրական վարչակազմին, քաղաքական բանտարկեալներուն, բռնաճնշումներու, Պաքուի մէջ ընթացող շինծու դատավարութիւններուն, դատական իշխանութիւնը մէկ անձի ձեռքը կեդրոնացած ըլլալուն, իշխանութեան կողմէ վարչական կարելիութիւններու օգտագործման, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին վերաբերեալ իրենց տեսակէտները:


