Նիքիթա Սիմոնեան Մահացաւ

23 Նոյեմբերին, իր մահկանացուն կնքեց ռուսահայ ֆութպոլիստ եւ մարզիչ, Ռուսիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան առաջին փոխնախագահ Նիքիթա (Մկրտիչ) Սիմոնեան։
Անցեալ 12 հոկտեմբերին 99 տարեկան բոլորած Սիմոնեան հայկական եւ Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի ամէնէն փայլուն դէմքերէն մէկն էր: Ան 20 նոյեմբերին անհանգիստ զգալով փոխադրուած էր հիւանդանոց:
Ֆութպոլիստ եղած օրերուն ան չորս անգամ Խորհրդային Միութեան ախոյեան դարձած էր Սպարտակ Մոսկուայի հետ: Իբրեւ մարզիչ ան Սպարտակը գլխաւորած է շահելով 2 ախոյեանութիւն: 1956-ին, Մելպուռնի Ողիմպիականին շահած էր ոսկի մետալ` Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի խումբին հետ:

Ան Արարատ Երեւանի հետ 1973-ին հանդիսացած էր Խորհրդային Միութեան ախոյեան, իսկ 1974-ին՝ բաժակակիր:
ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինոն նշեց, որ Սիմոնեանը իր կեանքի մեծ մասը նուիրած էր ֆութպոլին։ Իսկ Հայաստանի Ֆուտպոլի համադաշնակցութիւնը նոյնպէս ցաւակցություն յայտնեց՝ ընդգծելով, որ Սիմոնեանի անունը միշտ ալ պիտի մնայ անմոռանալի։

