Գլխաւոր

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՖՐԱՆՍԻ ՄԱՐԶԱՀԱՄԱԼԻՐԻ ԲԱՑՈՒՄ

Ձախէն աջ՝ Լեւոն Պաղտասարեան, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, Հրաչ Սիսեռեան, անոր ետին՝ Իսի Լէ Մուլինոյի փոխքաղաքապետ Յարութ Խանճեան կը կտրեն ժապաւէնը

ՓԱՐԻԶ.- Նո­յեմ­բեր 22-ին,  հա­յահոծ արուար­ձաննե­րէն՝ Իսի Լէ Մու­լի­նոյի մէջ, բա­ցու­մը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի մշա­կու­թա­յին ու մար­զա­կան կեդ­րո­նին։

Իսի լէ Մուլինոյի բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ կապեր հաստատուած եւ շատ լաւ յարաբերութիւններ ստեղծուած են՝ եկեղեցի, դպրոց, մշակութային միութիւններ, որպէսզի յաջողի այս ակումբին գործունէութիւնը։

Այս բա­ցառիկ իրա­դար­ձութիւ­նը կը զու­գա­դիպի Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի վերակազմաւորման յիսնամեակին եւ  բո­լորո­վին նոր հո­րիզոն մը կը բա­նայ հա­մայնքին, յատկա­պէս Իսի Լէ Մու­լի­նոյի շրջա­կայ­քը հաս­տա­տուած հա­յու­թեան ու մա­նաւանդ ապագայ սե­րունդին առ­ջեւ:

Մշակութային առումով արդէն իսկ սրահ մը պիտի տրամադրուի «Արարատ» պարախումբին: «Համազգային»-ի հետ հայերէն դասընթացքներու ծրագիր մը գոյութիւն ունի, նաեւ կը մտածուի երեխաներու երգչախումբի մասին։ Կեդրոնը ունի նաեւ ճաշարանի բաժին մը։

Նշենք, թէ Իսի լէ Մուլինոյի եկեղեցւոյ տուեալներով շրջանին մէջ 15 հազար հայ ընտանիք կ՚ապրի, այսինքն շուրջ 50-60 հազար հոգի։Փարիզի հարաւը եւս հայեր կ՚ապրին, հայկական գաղութ ունեցող շրջան՝ Ալֆորվիլէն եւս գետնուղիի ուղիղ գիծ պիտի հասնի Իսի լէ Մուլինօ:

Թե­մի Բարեջան Առաջ­նորդ Գրի­գոր եպիսկ. Խա­չատ­րեա­նի ձե­ռամբ կատարուած օրհնու­թեան կար­գէն ետք ծայր առաւ հան­դի­սու­թիւնը, որուն ներ­կայ էր հոծ բազ­մութիւն մը։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ.-

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button