Ուրոյն էր միջազգային համբաւ վայելող սոփրանօ երգչուհի Իզապէլ Պայրագտարեանի ելոյթը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Նոյեմբերին, Պոսթընի մօտակայ Լեքսինկթըն շրջանի «Սքոթիշ Ռայթ» թանգարան-գրադարանի սրահին մէջ։
Ան իր կողքին ունենալով երաժիշտներ Էլի Քուաթը (քնար), Ռէյօ Ֆուրութան (սրինգ) եւ Մհեր Մնացականեանը (տուտուկ) ներկայացուց պապենական երգեր, աղօթքներ եւ օրօրներ, որոնց մէկ մասը, կարելի է ըմբոշխնել 2021-ին լոյս տեսած «Հայկական Երգեր Մանուկներուն» խտասալիկէն։
Համերգը կազմակերպող՝ Պոսթընի Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկի («Friends of Armenian Culture Society»-FACS) անունով խօսք առաւ Թալին Ֆառա-Պալիքեան։
Բծախնդրօրէն պատրաստուած այս յայտագիրը կ՛ընդգրկէր միջնադարեան շարականներ, պապենական երգեր, հայ ժողովրդական գործեր եւ օրօրներ, որոնց յօրինումը կը պատկանէր Կոմիտաս Վարդապետին եւ իր աշակերտներ՝ Բարսեղ Կանաչեանին եւ Միհրան Թումաճեանին։
Ելոյթ ունեցող արուեստագէտներու ետին, հսկայ պաստառի վրայ Նիւ Եորքաբնակ Գէորգ Մուրատի գեղանկարչական գործերու ներկայութիւնը աւելի ազդեցութիւն կը ստեղծէին ունկնդիրին վրայ, որ մեւնոյն ժամանակ նաեւ կ՛ակնդրէր։
«Ասիկա պարզ անձնական ծրագիր մը չէ միայն։ Այլ կարեւոր առաքելութիւն մը, որ պիտի ծառայէր շատ աւելի բարձր նպատակի՝ կորսուած անցեալ մը պահելու եւ վերապրելու», տեղեկացուց Պայրագտարեան։
Երեք մասերէ բաղկացած էր յայտագիրը։ Առաջին մասը կ՛ընդգրկէր պապենական երգեր եւ աղօթքներ, որոնք յօրինուած էին Կոմիտաս Վարդապետին, Պաղտասար Դպիրին եւ Մխիթար Սեբաստացիին կողմէ։ Երկրորդ մասը յատկացուած էր Կոմիտաս Վարդապետին, իսկ երրորդը՝ Բարսեղ Կանաչեանին եւ Միհրան Թումաճանին։
Նախքան երրորդ բաժնին մեկնարկը, Պայրագտարեան շեշտեց, թէ մանուկներու երաժշտութիւնը համաշխարհային երեւոյթ մըն է։
«Իւրայատուկ է մեր պարագան։ Այս քնքոյշ երգերն ու ընդհանրապէս երգարանը ամբողջութեամբ անհետացման շեմին են։ Բայց անոնք կախարդական են եւ գուրգուրանքի կը կարօտին», յայտնեց Պայրագտարեան յաւելեալ մանրամասնելով, թէ ան յաճախ հանդիպած եւ ունկնդրած է նոյն երգին տարբերակները։ Աղբիւրներէն մէկը ցեղասպանութենէն փրկուած, Սան Ֆրանցիսքոյի մէջ բնակութիւն հաստատած անձ մըն էր, որ յիշողութիւնները տասնամեակներ ետք փոխանցած էր։
«Կոմիտաս Վարդապետը հայ երգի հայրն է։ Անոև հետեւած են Բարսեղ Կանաչեան եւ Միհրան Թումաճան։ Այժմ, որ ես ինքս ուսուցիչ եմ, աւելի նոր խորքով կը հասկնամ Կոմիտասին դերը», շեշտեց Պայրագտարեան։
Այսպէս, Պայրագտարեան երգեց, աղօթեց եւ օրօրներով փոխադրեց ունկնդիրը դէպի հմայիչ եւ առինքնող աշխարհ մը։
Նշենք, թէ միեւնոյն յայտագիրը ներկայացուեցաւ Հինգշաբթի, 13 Նոյեմբերին, Նիւ Եորքի «Քարնըկի Հոլ»-ի մէջ։ Իսկ, Շաբաթ, 22 Նոյեմբերին, Պայրագտարեան «Պապենական երգեր, աղօթքներ եւ օրoրներ» համերգով ելոյթ պիտի ունենայ Թորոնթոյի մէջ, ուր տարիներ շարունակ բնակութիւն հաստատած է, նախքան Սանթա Պարպըրա (Քալիֆորնիա) համալսարանի երգի դասախօսութեան եւ օփերայի թատրոնի տնօրէնութեան պաշտօնը ստանձնելը։

