Լրահոս
ՓՐՈՎԻՏԸՆՍ․- ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՀԱՆԴԷՍ` ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթ եւ Կիրակի, 8 եւ 9 Նոյեմբերին, Փրովիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին կազմակերպեց իր աւանդական տօնահանդէսը Rhodes on the Pawtuxet-ի մէջ։
Հարիւրաւոր այցելուներ վայելեցին աւանդական հայկական կերակուրները, երաժշտութիւնն ու պարը։ Նաեւ, վիճակահանութիւններ եւ աճուրդներ ժողովուրդին հետաքրքրութիւնը վառ պահեցին։ «Համազգային»-ի «Արցախ» պարախումբի ելոյթը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։

