Լրահոս

 Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան 35-Ամեակի Նշում

ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 15-ին, Հայաստանի կինոգործիչներու միութեան տան մէջ (Կինոյի Տուն) տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան 35-ամեակին նուիրուած միջոցառումը։ Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի, Հ.Յ.Դ. Արցախի ԿԿ-ի եւ Հ.Յ.Դ. աշխարհասփիւռ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Հ.Հ. Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, կուսակցական ընկերներ եւ երիտասարդներ։

Միջոցառումը մեկնարկեց Հայաստանի եւ Արցախի պետական օրհներգերով, այնուհետեւ հնչեց Հ.Յ. Դաշնակցութեան քայլերգը։

Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու յուշը։

Միջոցառման ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան,«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ։

Ցուցադրուեցաւ Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան 35-ամեակին նուիրուած ժապաւէն մը։

Տեսանիւթ՝ սեղմել այստեղ

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button