Լրահոս

Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան Այցելեց Մէրիլենտ

 

Կիրակի, 9 Նոյեմբերին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Սուրբ Խաչ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ) եկեղեցւոյ 61-ամեակի առիթով։ Յընթացս Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հայրը օծեց Աստուածամօր եւ Յիսուս Մանուկի սրբապատկեր մը, զոր նուիրած էր Ռաֆֆի Պաքարեան, եւ օրհնեց դպրաց դասի նոր քօղերը, նուիրատուութեամբ՝ դպրապետուհի Անահիտ Տէրտէրեանի։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 61-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը, տեղւոյն Pooks Hill Marriott պանդոկին մէջ։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց Լուսին Յովհաննէսեան, իսկ եկեղեցւոյ դպրաց դասը գեղարուեստական յայտագիր մը հրամցուց ներկաներուն։

Ճաշկերոյթի պատուոյ նախագահներն էին տէր եւ տիկին Նետ եւ Թանիա Օտապաշեան-Շարֆ։ Իրենց խօսքերուն մէջ, Օտապաշեան-Շարֆ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան, ընդգծեցին նոր եկեղեցւոյ եւ համայնքային կեդրոնի ուղղուած մնայուն հանգանակութեան կարեւորութիւնը եւ իրենց խորին երախտագիտութիւնը յայտնեցին եկեղեցւոյ ղեկավարութեան նուիրումին եւ ծխականներու առատաձեռն աջակցութեան համար։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիր մը յանձնեց տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Մարալ Աշըգեաններուն՝ եկեղեցւոյ իրենց երկարամեայ աջակցութեան համար, իսկ Տէր Հայրը յատուկ գնահատագիր մը ներկայացուց Անի Աշըգեանին եկեղեցւոյ հանդէպ իր նուիրումին համար։

Իր փակման խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ  գործունէութիւնը եւ քաջալերեց համայնքը, որ շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ անոր աշխատանքներուն։ Ան շեշտեց հրամայական պահանջը նոր համալիրի շինութեան, ուր նոր սերունդը իր հոգեւոր ու մտաւոր սնունդը պիտի ստանայ՝ կերտելու համար առաւել պայծառ ապագայ։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button