ԳլխաւորԽմբագրական

Ի՞ՆՉ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ «ՑՈՒՆԱՄԻ»-Ն

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Ա․Մ․Ն․-ի 4 Նոյեմբերի տեղական եւ նահանգային ընտրութիւններուն պատահածը արդեօք անակնկա՞լ մըն էր։
Ո՛չ այդքան։ Եւ քաղաքական բեմն ու մամուլը ողողող մեկնաբանութիւններն ալ այդ ցոյց կու տան:
Իրականութեան մէջ, նոյնինքն նախագահ Թրամփ քաջատեղեակ էր, թէ իրեն մօտիկ շրջանակն ու թեկնածուները պիտի պարտուէին։ Հարցականի տակ է, անշուշտ, Սպիտակ Տան վարձակալին յիշողութիւնն ու արթնամտութիւնը։ Ան շարունակ կը փորձէ ծիծաղի առարկայ դարձնել նախորդ վարձակալը՝ Ճօ Պայտընը եւ անոր դեմոկրատ գործակիցները, պատահող բոլոր ձախաւերութիւնները կ’աշխատի փաթթել «նախկիններ»-ուն գլխուն, մինչդեռ բոլոր փաստերը ցոյց կու տան, որ ինքն ալ կը հետեւի անոնց օրինակին, որոշ ոլորտներու մէջ կը գերազանցէ զանոնք։
Մէկ բան յստակ է. նախագահին մօտիկ գործակիցները կը սպասէին այս ձախողութիւնը, սակայն ստեղծուած «ցունամի»-ն աւելին էր, քան կարգ մը նախատեսութիւններ, մանաւանդ եթէ յիշենք Թեքսասի մէջ աթոռներ խլելու հանրապետականներու «հերոսութեամբ» բացուած ճակատամարտը։
Դեմոկրատները թէեւ այս հանգրուանին յաղթական դուրս եկան, սակայն երկար վազքի վրայ, այսինքն՝ մինչեւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններ՝ կանուխ է այժմէն որոշ եզրակացութիւններու յանգիլ եւ հաստատել, թէ Սպիտակ Տան յաջորդ վարձակալը դեմոկրատական մը պիտի ըլլայ։
Այս հանգրուանին, անվիճելի է, որ դեմոկրատական թեկնածուները զգալի առաւելութեամբ հնձեցին քուէներ՝ Նիւ Եորքի քաղաքապետի, ինչպէս նաեւ Վըրճինիայի եւ Նիւ Ճըրզիի նահանգապետերու ընտրութիւններուն: Ակներեւ է, որ տարբեր հոսանքներու պատկանող դեմոկրատներ էին յաղթականները։
Նիւ Եորքի նորընտիր 34-ամեայ երիտասարդ, առաջին ընկերվարական եւ մահմետական քաղաքապետը՝ Զոհրան Մամտանի կը պատկանի դեմոկրատներու ձախակողմեան թեւին, մինչդեռ Վըրճինիայի կառավարիչ Ապիկէյլ Սփանպըրկըր եւ Նիւ Ճըրզիի կառավարիչ Միքի Շերըլ կը պատկանին համեմատաբար պահպանողական թեւին (կեդրոն-ձախ)։
Անշուշտ պէտք է հաստատել, որ ընտրական այս շրջանները անգոյն եւ «փոփոխամիտ», «ճօճուող» նահանգներու (swing states) շարքին չեն, այլ ճանչցուած են իբրեւ դեմոկրատամէտ շրջաններ։
Մամտանին առաջին շնորհաւորողներէն մէկը եղաւ ձախակողմեան թեւի ռահվիրաներէն՝ Պըրնի Սանտըրզը, որ հպարտօրէն յայտնեց, թէ իր տարածած ընկերվարական գաղափարներուն հաւատացող մը պիտի ստանձնէ երկրի մեծագոյն քաղաքին ղեկը, օժտուած՝ յատուկ ծրագիրներով, զանազան բնագաւառներէ ներս, որոնց կարգին՝ առողջապահութեան, ընկերային, փոխադրամիջոցներու եւ սնունդի մարզերը։
Ա․Մ․Ն․-ի նախկին նախագահ Պարաք Օպամա, իր կարգին, հիացմունքով արտայայտուեցաւ Մամտանիի քարոզարշաւին մասին, շեշտելով, թէ անոր քարոզչական մեքենան գործած էր անսխալ։ Հազուադէպ է որ Օպամա, նախագահի պաշտօնը աւարտելէ ետք, մօտէն հետեւի նման ընտրարշաւներու եւ միջամուխ ըլլայ (նախագահական ընտրապայքարը տարբեր է)։ Թէեւ ան պաշտօնական յայտարարութեամբ մը թիկունք չկանգնեցաւ Մամտանիի թեկնածութեան, սակայն ընտրարշաւի առաջին օրերուն իսկ, կապ հաստատեց անոր հետ, խորհրդակցեցաւ, ունեցան կարծիքներու փոխանակում։ Դաստիարակի դեր ստանձնած Օպամա դեռ շատ աշխատանք ունի տանելիք, որովհետեւ հանրապետականներու դէմ ճակատումէն առաջ, հսկայ ճեղք մը գոյութիւն ունի Դեմոկրատ կուսակցութեան մէջ։ Մամտանիի ծայրայեղ ձախ թեւին չեն պատկանիր նոյն օրը ընտրուած՝ Վըրճինիայի եւ Նիւ Ճըրզիի նահանգապետեր՝ Սփանպըրկըրն ու Շերըլը, որոնք աւելի պահպանողական են եւ իրենց ընտրապայքարն ալ այդ մօտեցումով տարին։
Վերջին երկուքին ընտրապայքարը «սովորական ոճ»-ով ընթացաւ, այսինքն անոնք պարտութեան մատնեցին հանրապետական թեկնածուներ, մինչդեռ Մամտանիի ընտրարշաւը տարբեր պայմաններով ընթացաւ։ Մամտանի նախնական փուլին դիւրութեամբ պարտութեան մատնեց Նիւ Եորքի նախկին դեմոկրատ նահանգապետ Անտրու Քոմոն, որ այսուամենայնիւ շարունակեց ընտրարշաւը՝ իբրեւ չէզոք թեկնածու, եւ նկատուեցաւ նախագահ Թրամփի՝ «չարեաց փոքրագոյն» թեկնածուն։ Ան քաջատեղեակ էր, թէ հանրապետական թեկնածու Քըրթիս Սլիուա ծանր պարտութիւն մը պիտի կրէր։ Այդպէս ալ եղաւ։
Մէկ խօսքով, Նիւ Եորքի քաղաքապետի ընտրութիւնը ըստ էութեան միջ-դեմոկրատական ընտրարշաւ մըն էր, մրցակցութիւն մը՝ կուսակցութեան տարբեր թեւերուն միջեւ: Սա տարօրինակ երեւոյթ չէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր, օրինակի համար, կառավարութեան պիւտճէի անելը լուծելու դիտաւորութեամբ, տասնեակ մը դեմոկրատ ծերակուտականներ միացան հանրապետականներուն, յայտարարելով, որ իրենց քուէն պայմանադրեալ էր։ Այս դաշտին մէջ, աչքերը ուղղուած են Ներկայացուցիչներու Տան։
Ընտրութիւններու համայնապատկերին մեկնակէտով՝ 2028-ի նախագահական ընտրութիւններուն ու դեմոկրատներու հաւանական յաղթանակին մասին խօսիլը կանուխ է, իսկ մեր ակնարկած լարախաղացութիւնները միակ պատճառը չեն։ Դեմոկրատ կուսակցութիւնը առաջին հերթին պէտք է լուծում բերէ մէկ կողմէ՝ դէպի բեւեռացում տանող ծայրայեղ ձախ, ու միւս կողմէ՝ համեմատաբար պահպանողական թեւերուն միջեւ։ Եւ այս ձիւնհալին մէջ, առաջնահերթ դեր վերապահուած է Օպամայի։
Մինչ այդ, արդեօք հեզասահ պիտի ըլլա՞յ Մամտանիի ստեղծած «ընկերվարական յեղափոխութիւն»-ը։ Զանգուածը պիտի կարենա՞յ ճիշդ ձեւով դաստիարակուիլ, թէ՝ ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՉԷ: Ծանօթ է, որ կայսերական այս երկրին մէջ, Սպիտակ Տան պետէն սկսեալ՝ մինչեւ դրամատիրական զօրակայանի ջոջերը սովորութիւն ունին ընկերվարական մը ներկայացնելու իբրեւ համայնավար։ Երկար ատենէ ի վեր, Պըրնի Սանտըրզ եւ նմաններ եւս հռչակուած են համայնավար, եւ սա ցոյց կու տայ քաղաքական վարդապետութիւններուն մասին անոնց տգիտութիւնը: Կայ այլ փշոտ կէտ մըն ալ. ընտրեալն ու անոր շրջանակը պիտի ապացուցեն, որ մահմետական ըլլալ՝ չի նշանակեր կրօնական ծայրայեղ վարդապետութիւն կիրարկել։ Այս ախտն ալ հետեւանք է կրօններու մասին թերի ծանօթութեան ու այդ մօտեցումով քարոզչական արշաւներու: Եւ հոս աւելորդ չ’ըլլար նշել, որ իբրեւ ծայրայեղ կրօնամոլ ու ցեղապաշտ հռչակուած դէմքեր ինչպիսի՜ ընդունելութեան կ’արժանանան Սպիտակ Տան պետին ու անոր մատի շարժումներով շարժող դաշնակիցներու կողմէ: Շարաայի, Էրտողանի, Ալիեւի ու Նեթանիահուի օրինակները միակը չեն…

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button