Լրահոս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ

Կիրակի, 9 Նոյեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Համայնքի պատասխանատուներուն համաձայն, առաջին անգամ ըլլալով հայրապետական Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։ Նորին Սրբութեան կողքին Սուրբ Խորանին սպասարկեցին որպէս առընթերականեր Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան, որպէս սպասարկողներ` Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, եւ որպէս երգող` Հոգշ. Տ. Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեան։

Խօսք առնելով սրբազան հայրը նշեց, որ կը գտնուինք Արեւմտեան հայոց թեմ հովուապետական այցելութեան վերջին հանգրուանին՝ դիտել տալով, որ համայն Արեւմտեան թեմը խանդավառութիւն ապրեցաւ անցնող օրերու ընթացքին։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին իբրեւ բնաբան ընտրած էր Քրիստոսի «Ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ՝ խաւարի մէջ չմնայ» (Յհ 12.46) խօսքը։

Նոյն օրը երեկոյեան, ի պատիւ Նորին Սրբութեան ընթրիք մը սարքեցին շրջանի ազգային երեսփոխանները եւ հոգաբարձութեան անդամները։ Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց իր նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ թելադրեց, որ վերանորոգ թափով անոնք շարունակեն գաղութը աւելի կազմակերպելու աշխատանքները։ Ընթրիքի ընթացքին Վեհափառ Հայրապտին կողքին ներկայ էին նաեւ առաջնորդ սրբազան հայրը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան համա-ատենապետն ու անդամներ։

Շաբաթ, 8 ՆոյեմբերԻն, Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 30-ամեակին առիթով, ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց՝ ներկայութեամբ մեծ թիւով հայորդիներու:

Վեհափառ Հայրապետին եւ պատուիրակութեան կողքին ներկայ էին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համա-ատենապետները, նոյն ժողովին անդամներ, Հ.Յ.Դ. բիւրոյի եւ տեղւոյն կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ, թեմի Ազգային իշխանութեան եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ եւ կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Օրուան հանդիսավարն էր Նանոր Էքմէքճեան։ Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Մատթէոս Սենեքերիմեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արցախ Քհն. Պատոյեան եւ առաջնորդ սրբազան հայր Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան:

Ապա, խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Ան ըսաւ ընդգծեց. «Այս օրը եւ շաբաթավերջը պատմական է համայնքիս համար եւ միաժամանակ՝ անկիւնադարձային՝ մեր ազգին համար: Այսօր, Վեհափա՛ռ Տէր, հայ ազգը ամբողջ ձեզի կը նայի՝ որպէս առաքելական անխաբան յաջորդականութեամբ ազգընտիր Կաթողիկոս, ներշնչման աղբիւր, խոհեմ ղեկավար եւ քաջ հովուապետ»։

Հուսկ, առաջնորդ սրբազան հայրը ներկաներուն սիրտի թարգմանը հանդիսանալով՝ իր խօսքը ուղղեց Նորին Սրբութեան՝ շեշտելով. «Վեհափա՛ռ Տէր, մեր շրջան ձեր այցելութիւններով դուք Արեւմտեան թեմի բոլոր համայնքները հրավառեցիք առողջ ու ներդաշնակ կեանքով ապրելու ցնծութեամբ եւ զանոնք զօրացուցիք անոնց բարեպաշտութեան ու ծառայական աշխատանքներուն մէջ»: Ապա, սրբազան հայրը հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը՝ ուղղելու համար իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը։

Վեհափառ Հայրապետը առաւելաբար անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ յատկապէս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կատարուող հսկայ աշխատանքին: Ան ըսաւ, որ «Մենք հեռու ենք մեր մասին քարոզչութիւն կատարելէ. մեր գո՛րծն է, որ կը խօսի մեր կատարած հսկայ աշխատանքին մասին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ճառագայթող ներկայութիւն է հայ կեանքին մէջ՝ զանազան մարզերէ ներս իր կատարած աշխատանքով»:

Երեկոն իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգի եւ «Կիլիկեան ուխտի» հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ։

Նոյն օրը,  յետմիջօրէին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսի նախկին նախագահ եւ այժմ ծերակուտականի անդամ Նենսի Փելոսի, իր խորհրդականին, ինչպէս նաեւ ծերակուտականի անդամ Աննա Էշուի ընկերակցութեամբ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Մատթէոս Սենեքերիմեան:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը ընդգրկեց շարք մը հարցերու քննարկումը՝ Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան, Միջին Արեւելք եւ Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութը: Նենսի Փելոսի Ամերիկայի Դեմոկրատ կուսակցութեան բարձրագոյն ղեկավարներէն է։ Ան միշտ մօտ եղած է հայ գաղութին եւ հայ ազգի իրաւունքներու պաշտպանութեան իր զօրակցութիւնը յայտնած է:

Յիշեցնենք, որ շաբաթ մը առաջ, Արեւմտեան Ամերիկեայի Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած ճաշկերոյթին, Վեհափառ Հայրապետը եւ Նենսի Փելոսին իրենց խօսքերը ուղղած էին:

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ իր հովուապետական այցելութեան առաջին երեկոյեան, ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առիթը յարմար նկատելով՝ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով գնահատած էր Սօսի Փօլատեանը, իսկ «Կիլիկեան Աստպետ» շքանշանով՝ իր զաւակը՝ Ռազմիկ Փօլատեանը:

Սօսի Փօլատեան երկար տարիներ գործօն մասնակցութիւն բերած է Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին, Լիբանանի նախագահին նշանակած կնոջական յանձնախումբին մէջ ներկայացուցած է հայ համայնքը, անդամ է Ազունիէի ազգային բուժարանի խնամակալ մարմինին, ինչպէս նաեւ անդամակցած է մարդասիրական ու ընկերային բնոյթ ունեցող յանձնախումբերու եւ յաճախակի առիթներով յօդուածներ ստորագրած է հայ մամուլի էջերուն վրայ:

Ռազմիկ Փօլատեան կարեւոր ներդրում բերած է Սան Ֆրանսիսքոյի մեր համայնքին, յատկապէս եկեղեցւոյ ու դպրոցի առնչուած ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button