Գլխաւոր

Թուրքիան Դէպի Քաթար. Միջազգային Քաղաքական Իսլամութեան Ճանապարհը

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Յատուկ «Հայրենիք»-ին

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը յատկանշուած է զանազան գաղափարական գործելաձեւով: Ոմանց հետ, Թուրքիա կը վարէ զուտ իրապաշտ եւ շահերու վրայ հիմնուած, ուրիշներու հետ մշակութային, իսկ այլ պարագաներու կրօնական բնոյթի դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Միջին արեւելքին մէջ սակայն, յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ սերտ գործակցութիւններու պահպանումը ինքնին նեղ հաշիւներու եւ քաղաքական բազմաթիւ երէսներու եւ դարձուածքներու վրայ հիմնուած տքնաջան աշխատանք է: Այստեղ հարկ է նշել, որ Օսմանեան ժառանգութիւնը բազմաթիւ մակարդակներով կը դիւրացնէ ու նաեւ կը դժուարացնէ Միջին Արեւելքի մէջ յարաբերութիւններու մշակման գործընթացները, նկատի ունենալով, որ զանազան ազգեր տակաւին կը կրեն այդ դրական կամ ժխտական ձեւով ընկալուած ժամանակահատուածներու հետեւանքները:

Արաբական աշխարհի պարագային, ամենէն ազդու եւ հարուստ շրջանը կը նկատուի Արաբական Ծոցի երկիրները: Այս իմաստով յատկանշական յարաբերութիւններ մշակուած են Թուրքիոյ եւ Քաթարի միջեւ: Ինչպէ՞ս հիմնուած են այս կապերը, ինչո՞ւ զարգացած են հասնելով այսքան սերտ մակարդակի  եւ ի՞նչ են այս յարաբերութիւններու ամուր ընթացքը երաշխաւորող պայմանները:

Թուրքիա-Քաթար դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1972-ին, նուազ քան տարի մը ետք, 1971-ին Քաթարի կողմէ հռչակուած անկախութենէն: 1800-ական թուականներուն, Քաթար տակաւին պետութիւն չէր, այլ զանազան ցեղախումբերու կողմէ ղեկավարուած փոքր թերակղզի մը: Օսմանեան Կայսրութիւնը նպատակ ունենալով իր իշխանութեան ենթարկել այս շրջանը, կ՛ուղղարկէ զինուորներ եւ ցեղախումբերու ղեկավարներէն մէկուն՝ Ալ Սանի տոհմին կ՛առաջարկէ Քաթարի վրայ իշխանութիւն հաստատել այն պայմանով, որ այս նոր պետութիւնը իր զինուորական եւ արտաքին քաղաքականութեամբ ենթակայ պիտի ըլլայ Օսմանեան Կայսրութեան: 1871-ին, Ճասիմ Ալ Սանի կ՛ընդունի այս պայմանները եւ կը հռչակուի Քաթարի Քայմաքամ:

1878-ին, Քաթար, Ալ Սանիի ղեկավարութեամբ կը հռչակէ իր անկախութիւնը եւ վերջինը ինքզինք կը շնորհէ «Էմիր» կամ իշխան տիտղոսը: Սակայն, մինչեւ 1892 Քաթար պաշտօնապէս կը մնայ Օսմանեան գերիշխանութեան տակ, միաժամանակ, յարաբերութիւնները վատթարացած էին ու Տոհա դադրած էր Պոլիսին իր տարեկան տուրքերը փոխանցել: 1892-1916 Քաթար մնաց մասամբ անկախ վիճակի մէջ, միշտ հաւասարակշռելով տարածաշրջանին մէջ օսմանեան եւ անգլիական շահերը: 1916-ին, օսմանեան կայսրութեան անկումով, Քաթար ինկաւ անգլիական տիրապետութեան տակ, որ մնաց Տոհայի գերիշխանը մինչեւ 1971: Հետեւաբար, այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել, որ Քաթարը ինքնին օսմանեան ստեղծագործութիւն մըն է եւ Ալ Սանի իշխանական տոհմին իշխանութեան տիրանալը եւս Կայսերական Պոլիսի քաղաքական դասաւորումն է: Ալ Սանի տոհմը մինչեւ օրս իշխանութեան վրայ է:

1971-2002 տարիներուն Թուրքիա-Տոհա յարաբերութիւնները դրական բայց սահմանափակ էին: Անգարայի օրուան ղեկավարութիւնները յատուկ հետաքրքրութիւն չէին ցուցաբերէր դիւանագիտական յարաբերութիւններու մշակման, որքան, որ հետագային պիտի ցուցաբերէր եւ տակաւին կը ցուցաբերէ Էրտողան: Ներկայ յարաբերութիւնները ունին զանազան բնոյթներ:

2002-ին, Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան  տիրացաւ «Արդարութիւն եւ Յառաջդիմութիւն Կուսակցութիւն»-ը: Թուրքիոյ եւ Քաթարի միջեւ յարաբերութիւնները այդ թուականէն ետք դադրեցան պարզութեան ու սահմանափակ գործակցութեան մակարդակ ունենալէ եւ վերածուեցան կրօնական-գաղափարական խորք ունեցող  աշխատանքային ցեւաչափի: Առաջին հերթին, Թուրքիա իր աջակցութիւնը յայտնեց Քաթարի կողմէ նաեւ զօրակցութիւն եւ ֆինանսաւորում վայելող «Իսլամական Եղբայրութիւն» շարժումին: Այս համատեղ հեռանկարը՝ դէպի միջազգային իսլամութիւն, աւելի եւս արմատացաւ «Արաբական Գարուն»-ին ընթացքին եւ անկէ ետք: Անգարա-Տոհա զոյգը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Եգիպտոսի, Թունուզի եւ Լիպիոյ մէջ ընթացք առնող ընդդիմադիր շարժումներուն, որոնք իսլամական բնոյթ ունէին: Այսպիսով, Թուրքիան իր ներքին իսլամական շարժումով եւ Քաթարը իր արտաքին իսլամական ուղղուածութեամբ զիրար ամբողջացուցին եւ դարձան տարածաշրջանին մէջ քաղաքական իսլամութիւն տարածող, ֆինանսաւորող եւ զօրակցող զոյգը: Այս բոլոր զարգացումներուն մէջ, Քաթարի «Ալ Ճազիրա» հեռուստաընկերութիւնը ունեցաւ գլխաւոր դերակատարութիւն, դառնալով այս զոյգին իսլամական քարոզչութիւնը եւ այս իմաստով «փափուկ ուժ»-ը տարածող ալիքը:

Տնտեսական իմաստով, 2000 թուականին, Թուրքիա-Քաթար ընդհանուր առեւտրական հասոյթը կը կազմէր 38 միլիոն տոլար, որ մինչեւ 2024 արդէն իսկ բարձրացած էր 1.1 միլիառ տոլարի, այսինքն շուրջ 29 անգամ աճ միայն 24 տարիներու ընթացքին: Վերջին տարիներուն ստորագրուած համաձայնագիրներուն համաձայն՝ առեւտրական հասոյթը պիտի շարունակէ բարձրանալ, հասնելով 5 միլիառ տոլարի: Մինչեւ 2023-ին, Թուրքիա նաեւ Քաթարէն կը ներածէր բնական կազի իր սպառումին 32 առ հարիւրը, ինչ որ որոշ մակարդակի կախեալութիւն ստեղծած էր երկու պետութիւններուն միջեւ: Սակայն, 2024-ին, Թուրքիա ձեռնարկեց Ալճերիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն բնական կազի ներածման, այսպէս նուազեցնելով Տոհայի հանդէպ իր կախեալիութիւնը, ինչ որ Թուրքիոյ ի նպաստ տնտեսական կարեւոր քայլ էր: Տնտեսական իմաստով այլ կարեւոր քայլ մըն է նաեւ Քաթար-Սէուտական Արաբիա-Յորդանան-Սուրիա-Թուրքիա-Եւրոպա հսկայական կազի եւ նաւթի մատակարարման խողովակներու կառուցումը, որ կրնայ ամրապնդել Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի համար Թուրքիա-Քաթար զոյգին միացեալ ազդեցութիւնը, յատկապէս մեկնած այն իրականութենէն, որ Քաթար հսկայական ներդրումներ կը կատարէ Եւրոպական շուկային մէջ: Սակայն, այդ ծրագիրը կը հակասէ Իսրայէլեան ախորժակները, որ ունի նոյնանման ծրագիր մը: Այս ծրագիրը ներկայիս սառած է:

Ռազմական իմաստով, գործակցութիւնը շատ աւելի յատկանշական է: Դեկտեմբեր 2015-ին, Անգարա յանկարծակիի բերելով միջազգային քաղաքական ընտանիքը յայտարարեց Քաթարի մէջ թրքական ռազմակայանի մը հաստատման լուրը: Վերլուծաբաններու համաձայն, Թուրքիա այս ռազմակայանը կը նկատէ իբրեւ ռազմական դուռ դէպի Ծոցի երկիրներ: Փոխադարձաբար, 2021-ին, Քաթար, Թուրքիոյ մէջ տեղակայեց 36 ռազմական օդանաւեր եւ 250 զինուորներ, սակայն այն նրբութեամբ, որ այս ուժերը Թուրքիոյ զինեալ ուժերու տրամադրութեան եւ հրահանգին տակ պիտի գործեն: 2022-ին, Քաթարի մէջ տեղի ունեցած Ոտնագնդակի Միջազգային մրցաշարքին առիթով եւ Տոհային օժանդակելու նպատակով, Թուրքիա 3250 ոստիկաններ ուղարկեց Քաթար: Միւս կողմէ, շուրջ 3000 թուրք զինուորներ ներկայիս կը գործեն Տոհայի մէջ:

Դիւանագիտական իմաստով, ակնյայտ է, որ Համաս-Իսրայէլ պատերազմին հետեւանքով եւ Միացեալ Նահանգներու հսկողութեամբ տեղի ունեցած Շարմ ըլ Շէյխի գագաթնաժողովին ընթացքին Ուաշինկթըն, Անգարա-Տոհա զոյգէն, որ կը հանդիսանան Համասի գլխաւոր զօրակիցները, խնդրեց ջանք թափել զինաթափ ընելու Համասը եւ զայն վերածելու քաղաքական խմբակի մը: Այս զոյգը այդ քայլին փոխարէն կրնան աւելի սաստկացնել իրենց ջանքերը, շրջանին մէջ Սիւնի խմբաւորումներուն վրայ խլելու Սէուտական Արաբիա-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ զոյգին ազդեցութիւնը, որ ինքնին թաքնուած հեռանկար մըն էր աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր: Սակայն, Միացեալ Նահանգներուն համար նման կարգավիճակի մը արտօնութիւն տալը պիտի հակասէ շրջանին մէջ իր գլխաւոր դաշնակից Իսրայէլի արտաքին քաղաքականութեան, որ Համասին զօրակցող Թուրքիա-Քաթար զոյգը իշխանութեան մօտիկ յօդուածագիրներու միջոցաւ կ՛որակէ իբրեւ «Ամերիկայի Դաւաճանական Դաշնակիցները»:

Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն ներկայիս Սուրիոյ վիճակը կայունացնելու համար կարիքը ունի Թուրքիոյ եւ Քաթարին, որովհետեւ անոնք են ֆինանսաւորումով եւ ռազմական ներկայութեամբ կամ զօրակցութեամբ նախագահ Ահմէտ Ալ Շարաաի կառավարութեան գլխաւոր օժանդակողները: Այստէղ հարկ է վերյիշել, որ Պաշար Ալ Ասատի իշխանութեան անկումէն միայն ինն օր ետք, 17 Դեկտեմբեր 2024-ին, Քաթարի իշխան Շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Սանի այցելեց Անգարա եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: Այդ տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ համար զանազան հեռանկարներ եւ Համաս-Իսրայէլ պատերազմին զարգացումները, մամլոյ միջոցաւ հաստատելով, որ Քաթար իր ազդեցիկ դերակատարութիւնը պիտի ունենայ երկու հակամարտութիւններու կարգաւորման մէջ: Հոկտեմբեր 2025-ի վերջաւորութեան, Ծոցի երկիրներ  Էրտողանի այցելութիւններուն ընթացքին, բնականաբար Տոհայի մէջ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւն մը եւս, որուն ընթացքին ստորագրուեցան գործակցութիւն ամրապնդող եւ ընդլայնող բազմաթիւ համաձայնագիրներ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ գործակցութիւնը կը շարունակէ ուժեղօրէն ընդարձակուիլ:

Եզրակացնելու համար, քաղաքական-պետական կառուցային տարբերութիւններէն անկախ, Թուրքիան եւ Քաթարը միացնող եւ անոնց յարաբերութիւններու ամրապնդումը երաշխաւորող պայմանները ու պատճառները բազմաթիւ են: Կրօնական-գաղափարական համոզումները եւ դերերու բաշխումը արդէն իսկ կատարուած է յստակօրէն եւ այս երկու երկիրները միասնաբար պիտի շարունակեն գործել հեռանկար ունենալով միջազգային քաղաքական իսլամութեան ամրապնդումը:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button