Լրահոս

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒ 325-ԱՄԵԱԿԻՆ՝ 41 ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԻ ՆՈՒԷՐ ԵՒ ՀԱՄԵՐԳ

Մխիթարեան Միաբանութիւնը ստացաւ Դոկտ. Ճոն Յովհաննէս Ներսէսեանի կողմէ մեծարժէք նուիրատուութիւնը հայ արուեստագէտներու 41 գեղանկար եւ այլ արուեստի գործերու։ Բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 1 Նոյեմբեր-ին, Սուրբ Ղազարի Մայրավանքին մէջ՝ Միաբանութեան հիմնադրութեան 325-ամեակի ձեռնարկներու շրջանակին մէջ։

Քսաներորդ եւ քսանմէկերորդ դարերու ստեղծագործութիւններու պիտի համալրեն Սուրբ Ղազարի հաւաքածուն։

Նկարներու ցուցադրութեան բացումէն ետք, Եդեսիա Համոյթը (Edesse Ensemble) հանդէս եկաւ հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերու ճոխ յայատագրով Մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ՝ գլխաւորաբար Կոմիտաս Վարդապետի երգերու մեկնաբանութեամբ։ Համերգի իր բացման խօսքին մէջ, Միաբանութեան կողմէ Հայր Գէորգ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց Դոկտ. Ներսէսեանին։

Դոկտ. Ներսէսեան սփիւռքահայ ոտնաբոյժ-վիրաբոյժ է Միացեալ Նահանգներուն մէջ՝ երկարամեայ մասնագիտական եւ համայնքային գործունէութեամբ։ Որպէս արուեստասէր եւ բարերար, տարիներ շարունակ սատարած է հայկական կրթական եւ հոգեւոր հաստատութիւններու առաքելութեան։

Լուսանկարներ`  Լեւոն Մկրտչեան
Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button