Յետ Մահու Հրատարակուած Արժէքաւոր Հատոր Մը
(Զաւէն Խանճեանի «Մարդը Եւ Աւանդը» Գիրքին մասին)

Գրախօսեց՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) Հոկտեմբեր 2025-ին լոյս ընծայեց “A Man and A Legacy/Մարդը Եւ Աւանդը” վերտառութեամբ գիրքը՝ ի յիշատակ Զաւէն Խանճեանի:
Սոյն գիրքը կը պարունակէ հանգուցեալ Խանճեանի անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով հեղինակած խմբագրականներն ու յօդուածները, որոնք հրատարակուած են AMAA News պարբերաթերթին մէջ՝ Աւետարանչական Ընկերակցութեան որպէս գործադիր տնօրէն իր պաշտօնավարած տասնամեայ (2014-2024) ժամանակաշրջանին:
Այս երկլեզուեան հատորը կը բաղկանայ 160 լայնածաւալ (12” x 9”) էջերէ եւ 80 յօդուածներէ, որոնցմէ 45-ը գրուած են անգլերէն լեզուով եւ 35-ը հայերէնով:
Աւետարանչականի պաշտօնաթերթի մէջ հրատարակուած գրութիւնները ժամանակագրական կարգով համադրելու եւ զանոնք խմբագրելու դժուար բայց շնորհաւորելի աշխատանքը կատարած է Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան՝ առ ի գործադրութիւն խոստումի մը, որ ըրած էր հանգուցեալ հեղինակին, անոր ապրած վերջին օրերուն:
Զաւէն Խանճեան շուրջ կէս դարու նշմարելի եւ շնորհալի ներկայութիւն մը եղաւ մեր հանրային կեանքին մէջ որպէս ազնիւ առաքելութիւններու կոչումով մարդ, իսկ իր կեանքի վերջին տասնամեակին ան յայտնուեցաւ որպէս լուսաւոր եւ ստեղծագործ ներկայութիւն մը: Լուսաւոր՝ յատկապէս մարտահրաւէրները դիմակալելու իր յախուռն կեցուացքով. ստեղծագործ՝ իր բազմակողմանի բնատուր ձիրքերուն շնորհիւ:
Հանգուցեալ Զաւէն Խանճեան ինքնին հանրածանօթ մտաւորական մըն էր հայ մամուլի շրջանակներու մէջ: Ան հեղինակն էր երեք գիրքերու ─ «Այս Տունը Քո՞ւկդ է թէ Իմս» (2007) «Սրտի եւ Մտքի Ցոլքեր», (2011) եւ «Հալէպ Առաջին Կայարան» (2012):
Խանճեան միշտ նեցուկ եղաւ հայ մամուլին, թէ’ բարոյապէս եւ թէ’ նիւթապէս: Ան միշտ հաւատաց մամուլի կարեւոր դերին եւ վսեմ առաքելութեան: Ան օրը օրին հայ իրականութեան անցուդարձերուն մասնակից դարձուց իր բազմաթիւ ընթերցողները: Իր խմբագրականներուն եւ յօդուածներուն մէջ կրցաւ ներկայացնել սուգը մեր անցեալի աղէտներուն, հրճուանքը ներկայ նուաճումներուն եւ տեսիլքը ապագայ յաղթանակներուն:
Սոյն երկլեզուեան հատորին մէջ հեղինակը կը ներկայանայ մեզի իր ներհուն գրիչով, իր խորացող մտորումներով, իր լրջամիտ եւ գործնական առաջարկներով եւ մերթ ընդ մերթ իր իմաստասիրական խոկումներով: Այս գրքին ընթերցողը շուտով պիտի անդրադառնայ, որ անոր հեղինակը պրպտող միտք է, շարունակաբար հետաքրքրուած է ոչ միայն հայ շրջապատով, այլ, համաշխարհային տարբեր բնագաւառներու շարժումներով եւ զարգացումներով: Իր ընտրած նիւթերը հետաքրքրական են եւ զանոնք ներկայացնելու ոճը՝ հաղորդական: Այդ պատճառով է որ Զաւէն Խանճեանի գրութիւնները կը կարդացուին հաճոյքով եւ անխառն բաւարարութեամբ:
Անտարակոյս, Զաւէն Խանճեանի մտաւորական եւ հոգեւոր աւանդը այս հատորով պիտի փոխանցուի իբրեւ կտակ մեր ներկայ եւ ապագայ ընթերցասէր հասարակութեան, որոնք անպայման պիտի զգան անկէ բխող լոյսի եւ յոյսի ճառագայթներու ջերմութիւնն ու հոգեպարար կենսունակութիւնը:

