ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՈՅ ՁԵՌՆԱՐԿԸ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ԽՐԱԽՈՒՍԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Շաբաթ, 1 Նոյեմբերին, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին մեկնարկեց նոր ծրագրի մը, որուն նպատակն է Աստուածաշունչի ճանաչումը տարածել հաւատացեալներուն մէջ։ Քսան ծխականներ մասնակցեցան առաջին նիստին, որոնցմէ մէկ քանին՝ առցանց։
Նիստը նուիրուած էր Մարկոսի Աւետարանի ամբողջական ընթերցման, որ վարեց Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան տնօրէնը։ Ան հակիրճ ներածական մը կատարեց Աւետարանին եւ ապա ամբողջութեամբ կարդաց զայն, բացատրական մեկնաբանութիւններով։
Ձեռնարկը սկսաւ եկեղեցական արարողութեամբ՝ Ամենայն Սրբոց տօնին առիթով, որմէ ետք Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Նկատի ունենալով մասնակիցներուն արձագանգները, Մայր Եկեղեցին կը ծրագրէ պարբերաբար նման նիստեր գումարել, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նուիրուած պիտի ըլլայ Աստուածաշունչի ամբողջական գիրքի մը ընթերցումին։

