Լրահոս
Ծովուժի Նախկին Քարտուղար Փօլ Իկնէյշըսի Հրաժեշտը
Միացեալ Նահանգներու ծովուժի նախկին քարտուղար Փօլ Իկնէյշըս (Իգնատոսեան) մահացաւ խոր խերութեան մէջ: 104 տարեկան, ան ծնած էր Կլենտէլ:
Փօլ Իկնէյշըս նաեւ եղած է «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթի տնօրէնը եւ հեղինակն է երկու հատորներու։ Հայ-ամերիկեան թանգարանի առաջին զօրակցողներէն մէկը հանդիսացած Փօլ Իկնէյշըս նաեւ մղիչ ուժը եղած է ծրագիրի իրականացման ջանքերուն համայնքին գործնական մասնակցութիւնը ապահովել միտող արշաւին, որուն ընթացքին նուիրատուները առիթ ունեցան ստանալու թանգարանին մէկ քառակուսի ոտքը կառուցելու վկայագիր մը։
2016ին, ծովուժը որոշեց իր ամէնէն արդիական խորտանաւերէն մէկը կոչել Իկնէյշըսի անունով՝ «USS Paul Ignatius (DDG-117)»:

