ԱմերիկահայԳլխաւոր

Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան Այցելեց Իլինոյ

Նոյեմբեր 1-2-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան այցելեց Կլենվիուի (Իլինոյ)  Ամենայն Սրբոց եկեղեցին:

Շաբաթ, 1 Նոյեմբերի առաւօտեան, Սրբազան Հայրը, տեղւոյն հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանին հետ, այցելութիւն տուաւ Դանիէլ Վարուժան հայկական շաբաթօրեայ դպրոց, ուր հանդիպում ունեցաւ վարժարանի տնօրէնուհիին՝ տիկ. Ժագլին Փափազեանի եւ խնամակալութեան անդամներուն հետ։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը այցելեց իւրաքանչիւր դասարան, իր հայրական օրհնութիւնն ու սէրը փոխանցելու աշակերտներուն։

Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ 82-րդ ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ։ Յայտագրին ընթացքին, եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Ռաֆֆի Գրիգորեան, բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր, իսկ ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց, որ միշտ նեցուկ կը կանգնին իրենց հոգեւոր տան։ Գեղարուեստական բաժնին մասնակցեցան երաժիշտներ Ալեքսանտրիա եւ Լիլիա Եարալեաններ, թոռները՝ անցեալին Թեմի մէջ ծառայած հանգուցեալ Տ. Գուրգէն Ա. Քհն. Եարալեանի։

Տէր Հայրը, իր կարգին անդրադառնալով եկեղեցւոյ 82-ամեակին, լուսարձակի տակ բերաւ երախտապարտ ըլլալու կարեւորութիւնը, ի մասնաւորի եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն, որոնք 82 տարիներ առաջ ոչինչէն հոգեւոր տուն ու գաղութ կերտած ու կազմած էին։

Աւարտին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան  իր հայրական խօսքը մատուցեց ներկաներուն, գնահատելով գաղութին հաւաքական աշխատանքը։ Իր խօսքին ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կոնդակը ընթերցելէ ետք, Սրբազան Հայրը լանջախաչ կրելու իրաւասութիւնը շնորհեց Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանին։

Կիրակի, 2 Նոյեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատուցեց Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին, Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի 15 աշակերտ-աշակերտուհիներ դպիր ձեռնադրուեցան, իսկ Արէն Հարտի եւ Արմէն Գրիգորեան՝ կիսասարկաւագ։ Ւր քարոզին ընթացքին, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց կիրակնօրեայի աշակերտները իրենց ծառայութեան համար եւ շեշտեց նորահաս սերունդին դերին կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ եւ համայնքային կեանքէն ներս։

 

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button