Յօդուածներ

Պաքուի Մէջ Կը Դատուի Հայաստանը

 

Տիգրան Ճինպաշեան

31 Հոկտեմբերին Պաքուի մէջ աւարտեցաւ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ այլ գերիներու դատավարութեան նախնական բաժինը: Այս բաժինը, որ տեւեց մօտաւորապէս մէկ տարի եւ ունեցաւ 100 նիստեր, կ՛ընդգրկէր մեղադրեալներու հարցաքննութիւնը, «տուժածներու» եւ վկաներու ունկնդրութիւնները: Մեղադրեալները, 15 հոգի, իրաւունք չունէին եւ տակաւին չունին փաստաբաններ վարձելու արտասահմանէն եւ կը պաշտպանուին Ատրպէյճանի պետութեան կողմէ տրամադրուած փաստաբաններով: Իրենց 20 սեպտեմբեր 2023-ին ձերբակալութիւնը կայացաւ, երբ Արցախը դատարկուած էր եւ բոլորին բռնի տեղահանութիւնը ապահովելէ ետք, իրենք եւս կը պատրաստուէին դուրս գալ Արցախէն եւ ապաստանիլ Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Դատուող խումբէն անջատուած է Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը: Այս վերջինը կը նկատուի Ատրպէյճանի սահմանը ապօրինաբար անցած յանցագործ օտարական մը. Ռուբէն Վարդանեան կը դատուի զինուորական յատուկ դատարանի մը կողմէ:

Դատավարութիւնները տեղի կ՛ունենան անկախ լրատուամիջոցներու եւ միջազգային կառոյցներու բացակայութեան: Մեղադրեալներուն եւ անոնց ընտանիքներուն միջեւ կապը կը պահպանուէր Միջազգային կարմիր խաչին միջոցով: Այս կապը խափանուեցաւ Միջազգային կարմիր խաչի Պաքուի գրասենեակի փակումով: Մեղադրեալները իրաւունք ունին միայն ամիսը անգամ մը, հսկողութեան տակ իրենց ընտանիքներուն հետ ունենալու հեռաձայնային կարճատեւ խօսակցութիւն մը:

Ի՞նչ բանի մէջ կը մեղադրուին Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարները: Ատրպէյճան զանոնք կը մեղադրէ Ատրպէյճանի դէմ պատերազմ սկսելու եւ իրականացնելու, ահաբեկչութիւն կատարելու, ցեղասպանութիւն իրականացնելու, իշխանութիւնը բռնազաւթելու եւ այլ ծանր յանցագործութիւններ կատարելու մէջ:

3 նոյեմբերին պետական մեղադրողը` Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազի օգնական Վիուսալ Ալիեւ յայտնած է, որ դատարանին առջեւ կանգնած են բազմաթիւ յանցագործութիւններ կատարած անձերուն միայն մէկ մասը: Աւելի՛ն. մեղադրեալները անուղղակի մասնակցած են «այն յանցագործութիւններուն, զորս Հայաստանի պետութիւնը գործած է սկսեալ 1998-էն մինչեւ 2023 սեպտեմբեր»:

Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ ընդհանուր դատախազի օգնականը յայտարարած է, թէ մեղադրեալներուն կը վերագրուին յանցագործութիւններ, որոնք գործուած են 1998-էն 20 սեպտեմբեր 2023: Ան եզրակացուցած է, որ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան մեղքը ապացուցուած է:

Տակաւին յայտնի չէ, թէ դատախազութիւնը ի՛նչ պատժամիջոց կը պահանջէ մեղադրեալներուն նկատմամբ:

Այս դատական ներկայացման նմանող դատավարութեան յաջորդ փուլին պիտի լսուին պաշտպան փաստաբաններուն ելոյթները: Մեղադրեալներու շահերը պաշտպանող անկախ փաստաբաններու բացակայութիւնը շատ թէական կը դարձնէ ազերի փաստաբաններու պաշտպանութիւնը:

Կատարուող այս բեմադրութեան նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւնները լուռ են: Ատրպէյճանի հետ ստորագրուած խաղաղութեան յուշագիրը չի յիշատակեր Պաքուի մէջ կայացող ապօրինի դատավարութիւնը, ուր Ատրպէյճանի դատախազութիւնը մեղադրեալի աթոռին կը նստեցնէ նաեւ Հայաստանի պետութիւնը:

Հայաստանի իշխանութիւնները յայտնապէս ընդունած են իրենց մեղքը, ճանչցած են Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, Արցախը ներառեալ, մեղայի եկած ու քաշուած մէկ կողմ, իսկ միջազգային հանրութիւնը, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուող խաղաղութիւնը ողջունող արեւմուտքն ու արեւելքը ինչո՞ւ պիտի հետաքրքրուին դատուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ճակատագիրով ու գաղթական դարձած արցախահայերով: Չէ՞ որ Հայաստան պահանջ չունի. Հայաստանի հռչակած խաղաղութեան խաչմերուկին մէջ Արցախն ու արցախահայերը չեն տեղաւորուիր: Արցախ եւ արցախահայեր պետական պաշտպանութիւն չեն վայելեր, ո՛չ հայաստանեան, ո՛չ ալ օտար:

Ատրպէյճանի բնութագրումով, Հայաստան ներխուժած է Ատրպէյճանական հողամաս եւ Ղարաբաղ կոչուած վայրին մէջ, տեղացի հայերու մասնակցութեամբ, ստեղծած է ապօրինի իշխանութիւն մը: Արցախցիներու ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութեամբ ազգային ազատագրական պայքարը եղած է պարզապէս ապստամբութիւն մը: Հայաստան սխալած է օգնելով ապստամբութեան կայացման:

Պաքուի դատավարութիւնը կը մօտենայ աւարտին: Մեղադրեալները պաշտպան պիտի ունենա՞ն ի վերջոյ:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button