ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿՈՂՈՊՈՒՏԸ ՈՐՔԱ՞Ն ԿՐՆԱՅ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻԼ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
4 Նոյեմբեր 2025
Միացեալ Նահանգներու քաղաքատնտեսական բեմին վրայ վերջին շաբաթներու զարգացումները ծալք առ ծալք քողազերծեցին այն խոր տագնապը, որուն մատնուած է այս գերհարուստ գերտէրութիւնը եւ անոր տնտեսական-ընկերային կեանքը:
Նախ ընենք ճշդում մը, որպէսզի սովորական բառամթերքները մեզ սխալ տեղ չտանին: Միացեալ Նահանգները հռչակուած են իբրեւ աշխարհի ամէնէն հարուստ եւ բարգաւաճ երկիրը, սակայն հոս կայ նրբութիւն մը. երկիր ըսելով՝ կը հասկցուի, հիմա պէտք է հասկնալ նիւթական հսկայական կարողութիւններ իւրացուցած փոքր դասակարգ մը, եւ ո՛չ թէ ամերիկեան կառավարութիւնն ու անոր ժողովուրդը, զանգուա՛ծը: Նորագոյն պաշտօնական տեղեկագիրներու համաձայն, կառավարութեան պարտքը հասած է 38 թրիլիըն տոլարի (այս թիւը ունենալու համար, պէտք է գրել 38 եւ քովը շարել 12 հատ զեռօ), որուն մեծագոյն մասը՝ 35 թրիլիընը կը կազմէ անհատներէ եւ որոշ հիմնարկներէ փոխառութիւնները (պարտքը պարտք ըլլալէ չի դադրիր, անկախ թէ ո՞վ է պարտատէրը): Եթէ այս գումարը բաժնենք բնակչութեան վրայ (մօտաւորապէս 348 միլիոն բնակիչ), իւրաքանչիւրին պարտքը կ’ըլլայ մօտաւորապէս… 109,200 տոլար: Այլ խօսքով, զանգուածը տարուէ տարի, եւ առանց ուղղակի զգալու, ինկած է ահաւոր պարտքերու տակ: Երկիրը իրողապէս սնանկ է, կամ հասած է անոր սեմին (միակ չէ). շահո՞ղը… Չմանրամասնենք:
Սխալ է մտածել, թէ այս պարտքը – կամ տնտեսութեան իրողական նահանջը – գոյացած է այս կամ այն նախագահի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին: Պատմութեան վրայ արագ ակնարկ մը ցոյց կու տայ, որ ամերիկեան կառավարութիւնը պարտքէ զերծ եղած է միայն մէկ նախագահի շրջանին, մօտաւորապէս 190 տարի առաջ: Պարտքերու վերելք արձանագրուած է մասնաւորաբար աշխարհամարտերու եւ յաջորդող տարիներուն, սակայն անկէ ետք, թիւերը եղած են «տանելի»: Վերջին տասնամեակներուն, եւ յատկանշականօրէն «Պաղ պատերազմ»-ի աւարտին զուգահեռ՝ պարտքի կուտակում տեղի ունեցած է եւ յետոյ, աճած է աւելի արագ թափով:
Կայ նաեւ միւս ճշմարտութիւնը. կառավարութեան մը պարտքը անպայման աղէտ չի նշանակեր, եթէ արտադրողականութիւնը եւ ընդհանրապէս տնտեսութիւնը իմաստուն կերպով կը կառավարուին, ղեկավարները չեն կորսնցներ ձիրերուն սանձերը: Միացեալ Նահանգներու պարագային, նաեւ՝ անոր նման հզօր դասուող երկիրներու՝ «աղէտ»-ը կը մեղմանայ այլ ազդեցութեան մը՝ զինուորական հզօրանքին շնորհիւ, այսինքն, երկրի բանակներուն տիրապետելու, պարզ խօսքով՝ աշխարհակալական տարածքով. ասոնք տուեալ երկրին – եւ ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներուն – կ’ընծայեն նաեւ տնտեսական հզօրանքի լծակներ, որոնք կրնան ուշ կամ կանուխ խախտիլ, երբ տնտեսութեան հիմերուն հասնող հարուածները դառնան նուազ կառավարելի: Գաղթատիրութիւններու պատմութիւնը այլապէս բարացուցական է:
Քիչ առաջ, նշեցինք, որ տնտեսութեան տատանումները հակակշռելի կրնան պահուիլ, եթէ երկիրը ունի իմաստուն վարիչներ, սկսելով նախագահէն, հասնելու տնտեսութեան եւ անմիջականօրէն յարակից՝ ընկերային մարզերուն (տնտեսութիւն հասկացութիւնը, աւելորդ է ըսել, կը ներառէ երկրագործութիւնը, ճարտարարուեստը, առեւտուրը եւ բազմաթիւ նման դաշտերը):
Բացայայտ է, որ նախորդ քանի մը նախագահներու օրերուն շրջանին, տնտեսութիւնը զանազան հարուածներ կրած է, սակայն ընդհանուր գնահատումները այն են եղած, որ անկառավարելիի սահմանները չեն անցած: Ի՞նչ կը պատահի հիմա, երբ Տանըլտ Թրամփ վերադարձած է Սպիտակ Տուն: Կը պատահի այն, որ անոր եւ տհաս գործակիցներու «կառավարում»-ով, տնտեսութիւնը, հետեւաբար նաեւ ժողովուրդին, ըսել կ’ուզենք՝ զանգուածին ընկերային վիճակը տարբեր «Դամոկլեան սուր»-երու տակ կ’իյնան:
Մեր նպատակը տնտեսական մանրամասն քննարկում կամ վերլուծում ընել չէ, անիկա կը թողունք մասնագէտներու: Ինչ որ սակայն տեսանելի է եւ մորթի վրայ զգալի՝ չի կարօտիր մեծ մասնագէտ ըլլալու: Արձանագրենք քանի մը իրականութիւն, որոնցմէ կը ծնին բնական հետեւութիւններ:
- Թրամփի ստեղծած առաջին «երկրաշարժներէն» մէկն էր դաշնակիցներու եւ հակառակորդներու հետ տուրքերու պատերազմի շղթայազերծումը: Սա կատարուեցաւ – եւ կը շարունակուի – այն պատճառաբանութեամբ, որ այլոց հետ առեւտրական գործակցութիւնը «հաւասարակշռուած չէ» (հաւանաբար ճշմարտութեան բաժին կայ հոն): Սակայն երբ մէկ օրէն միւսը կ’արձակուին կամայական եւ միակողմանի որոշումներ, յետոյ, քանի մը օր, շաբաթ կամ ամիս ետք անոնք վերատեսութեան կ’ենթարկուին նո՛յն կամայականութեամբ (քիչ ետք ենթադրութիւն մը պիտի արձանագրենք), ո՛չ միայն ամերիկեան, այլ ամբողջ աշխարհի տնտեսութիւնը կ’իյնայ ահաւոր վերիվայրումներու մէջ, սակարաններ վեր-վար կը ցատկեն, բարեկամութիւններ կը վերածուին թշնամութեան: Ենթադրութի՞ւնը. նման խաղերու ետին պէտք է փնտռել տնտեսական այն ուժերը, որոնք ո՛չ միայն կառավարութիւններէ գերհզօր են եւ անոնց կարողականութիւնը աւելի՛ն է, քան անհատ կառավարութիւններունը, այլ նաեւ տեսնել, որ կառավարութիւններ, հետեւաբար նաեւ զանգուածներ դարձած են անոնց անհակակշիռ կամայականութեանց, խաղերուն շահոյթի աղբիւրը: Խորքին մէջ, այդ գերհզօրնե՛րն են որ կը թելադրեն նախագահի մը կամ վարչապետի մը ընելիքն ու չընելիքը (շեշտենք՝ նա՛եւ չընելիքը): Հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ զանգուածը ի՛նք կը կրէ նման խաղերու ամէնէն ծանր բեռը: Հիմա, ա՛լ բացայայտօրէն կը խօսուի այն մասին, որ ներածման-արտածման տուրքերու բարձրացման անմիջական հետեւանքներէն մէկն է ապրուստի սղութիւնը, որ չի խնայեր ոեւէ մէկուն, կը հարուածէ բոլոր դասակարգերուն, իսկ երբ որոշ փոքրամասնութիւն մը նիւթական հսկայական կարողութիւններ ունի, անոր համար ի՜նչ փոյթ, թէ սպառողական այսինչ կամ այնինչ ապրանքին սակը կրկնապատկուած է կամ եռապատկուած՝ կարճ ժամանակի մէջ, մինչդեռ եկամուտները (ամսական կամ այլ) նոյն համեմատութեամբ չեն աւելցած: Եւ ասոր անունը… սղաճ է, անմիջական կարիքներու սակերուն անհամեմատ բարձրացումը, մինչեւ իսկ անհասանելի դառնալը:
- Կառավարութեան պիւտճէի վաւերացման շուրջ ստեղծուած տագնապը աւելի նոր է եւ յուսալի է, որ շուտով իր վախճանին կը հասնի, սակայն անիկա միայն ստորակէտ մըն է ընդհանուր եւ յարաճուն տագնապի երթին մէջ: Աւելի քան ամիս մը առաջ, երբ պիւտճէի վաւերացման պայմանաժամը սպառեցաւ, հանրապետականներու եւ դեմոկրատներու տարակարծութիւնները երկիրը դրին «Գորդեան հանգոյց»ի մը դէմ յանդիման, եւ մինչեւ հիմա չէ գտնուած Աղեքսանդր Մակեդոնացի մը, որ վճռէ հանգոյցին ճակատագիրը: Ըստ իր սովորութեան, Թրամփ կը կրկնէ իր հին-նոր յանկերգը, թէ դեմոկրատներն են կառավարութիւնը «փակողը» (ան ալ ունի «հիները-նախկինները» դատապարտելու եւ ինքզինք անմեղ ցոյց տալու սին քարոզչութիւն մը…): Հարցին խորքը, սակայն, սոսկական, մակերեսային բանավէճ մը չէ, այլ տնտեսական-ընկերային վարքագիծի մը շուրջ ԽՈՐՔԱՅԻՆ, շա՜տ խորունկ հակամարտութիւն մը: Փաստօրէն, թրամփեան «տրամաբանութիւնը» (կրկնենք՝ անոր ետին կանգնողները) կը սպառնայ սասանել երկրի ընկերային ամբողջ կարգ ու սարքը, ընթացք՝ որ դժգոհութիւն յառաջացուցած է մինչեւ իսկ հանրապետականներու, նաեւ դատական իշխանութիւններու շրջանակին մէջ: Բանավէճի նիւթերուն շարքին են, օրինակի համար, Ընկերային ապահովութեան սպասարկութեան հասնելիք հարուածը, դրութիւն մը, որ դրամատիրական այս երկրին մէջ քիչ թէ շատ յենարաններ կ’ապահովէ սահմանափակ եկամուտով մարդոց, մանաւանդ հանգստեան կոչուածներու, պարտադրաբար (արկածի, հիւանդութեան կամ այլ պատճառներով) անգործութեան մատնուածներու: Կառավարութեան «փակումէն» ամիս մը ետք, հսկայ զանգուած մը ահաւոր խոց մը զգաց իր մորթին վրայ. մօտաւորապէս 44 միլիոն ամերիկացիներ (ընդհանուր բնակչութեան աւելի քան 12.5 առ հարիւրը), նախագահին քմահաճոյքին հետեւանքով, զրկուած հռչակուեցան պետական նպաստէ (Թրամփ այս որոշումին դիմեց, որպէսզի դեմոկրատներուն պարտադրէ ենթարկուիլ իր սարքելիք՝ հակաժողովրդային երկրաշարժներուն): Անտեսելի չէ նաեւ ստուար թիւը այն պետական եւ յարակից կալուածներու աշխատողներուն, որոնք աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր ամսական չեն ստանար կամ կը վարձատրուին մասնակիօրէն (անշուշտ կայ այն յոյսը, որ անոնք վաղը կրնան փոխհատուցուիլ, սակայն մինչ այդ, ոմանք մատնուած են առուի ջուրին սպասող գորտի ճակատագիրին): Ո՜վ կը մտածէ երկարաշունչ կամայականութեանց եւ չարաշահութիւններու հետեւանքով տնազուրկ դարձած բազմութեան մասին: Մէկ խօսքով, կրկնենք, զանգուածները խաղալիք դարձած են գերհզօրներու քմայքին ենթակայ պետական մարդոց ձեռքին, աշխարհը ականատես է դրամատիրութեան ամէնէն դաժան կիրարկման (կան տեսաբաններ, որոնք կ’աշխատին դրամատիրութեան որոշ բարիքները տեսնել): Երկիրներու եւ ժողովրդային զանգուածներու ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿՈՂՈՊՈՒՏԻ, հարստահարման թափը հազուադէպօրէն այսքան անսանձ ու վայրենի է եղած նորագոյն պատմութեան մէջ: «Ապրէ՛, եւ թոյլ տուր որ ուրիշն ալ ապրի» (Live and let live) սկզբունքը իրողապէս կը վերնայ աշխարհի երեսէն…
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷ ԱՆԴԻՆ
Քիչ առաջ ակնարկութիւն ըրինք, որ այս վիճակը, այսինքն՝ զանգուածներու ապրուստին հետ խաղերը, ՍԱՆՁԱՐՁԱԿ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒԹԻՒՆԸ միայն ամերիկեան երեւոյթ չեն, այլ տարբեր կիրարկումներուն եւ քովընտի արտայայտութիւններուն ականատես ենք քիչ մը ամէն տեղ: Փաստօրէն, եւրոպական երկիրներ, որոնք բազմաթիւ չուաններով կախեալ են ամերիկեան տնտեսութենէն, Թրամփի խաղերուն ուղղակի եւ անուղղակի հետեւանքները կը կրեն շատոնց (արձանագրենք նաեւ քաղաքական գործօնը): Հոն կան Ուքրայինայի պատերազմին մասնակից ըլլալու-չըլլալու ընտրանքները՝ այդ պատերազմը ֆինասաւորելու, զէնքի մատակարարում կատարելու ճամբով: Ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ, նոյնպէս ալ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու՝ ժողովրդային բողոքի ցոյցեր եւ պայքարի արտայայտութիւնները հրապարակ կու գան, թէեւ ցարդ սպասուած արդիւնքը չենք տեսներ (պարզ օրինակ մըն է ֆրանսական իրերայաջորդ կառավարութիւններու փլուզումները, իսկ Ֆրանսան ընդզումի միակ օրրանը չէ): Ամերիկեան ցամաքամասին վրայ, նոյն կամայականութիւնը Ուաշինկթընը հակադրութեան տարած է Մեքսիքայի, Գանատայի եւ լատին ամերիկեան երկիրներու հետ (վերջիններու պարագային, կան այլ գործօններ, ինչպէս՝ Վենեզուելլայի պէս երկիրներ կողոպտելու վերանորոգուած ծրագիրները):
Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ տնտեսական ճակատումները ունին իրենց պատմութիւնը, որ երբեմն կը կէտկիտուի միջանկեալ սիրաբանութիւններով: Կան բարեկամ հռչակուած Ճափոնն ու Քորէան, նաեւ ասիական այլ երկիրներ, մասնաւորապէս Հնդկաստանը, որուն հետ սիրաբանութիւնն ու հակադրութիւնը հապճեպ յաջորդականութիւններ կ’ապրին:
Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի մասին:
Տարակոյս չկայ, որ աշխարհը տատանող յիշեալ վերիվայրումներէն, կամայականութիւններէն եւ իրողական կողոպուտէ կ’ազդուի նաեւ Հայաստան, ուր սակայն տնտեսական-ընկերային տագնապը ունի իւրայատուկ դրդապատճառներ եւ շարժակներ: Հայաստանի պէս փոքր երկիր մը, եւ անոր տնտեսութիւնը՝ կ’ապրին իրե՛նց դաժան վերիվայրումները (ընդհարնապէս «վայրում»-ները), որոնք եթէ որոշ թելերով կապուած են արտաքին գործօններու, առաւելաբար ունին «տեղական» ազդակներ: Հոն, տնտեսութիւնն ու ընկերային կեանքը կառավարելու բացայայտ անատակութիւն մը կայ (չգործածենք աւելի ծանր եզր): Եթէ Թրամփ մը, ժողովուրդի դիմագրաւած ահաւոր դժուարութիւններուն անհաղորդ մնալով, մէյ մը Սպիտակ Տան պարտէզը, ուրիշ օր մը մէկ շէնքը կը վերանորոգէ եւ հսկայական գումարներ կը մսխէ, Հայաստանի մէջ ալ ՔՊ-ական իշխանութեան վարիչները հեռակայ մրցումի մէջ են ամերիկացի – եւ այլ երկիրներու – մսխողներուն հետ: Ապրուստի սղութեան մասին ահազանգերը օր ըստ օրէ աւելի հնչեղ կը դառնան, իշխանաւորներու զեխութիւնները աչք կը ծակեն, ալ ի՜նչ խօսք՝ հայրենազուրկ արցախցիներուն վիճակուած դժբախտութիւններուն մասին: Տնտեսագէտ մը դեռ այսօր կը բացատրէր, որ որոշ ընտանիքներու եկամուտը կը տարուբերի 50 հազար դրամի սահմաններուն մէջ, մինչդեռ ապրուստի նուազագոյն պահանջները կարելի է բաւարարել գոնէ 70-75 հազար դրամով, իսկ տարեց կին մը կը խոստովանէր, որ եթէ զաւակները օգնութեան ձեռք չերկարեն՝ իրեն տրամադրուած յատկացումը չ’ապրեցներ զինք:
Մէկ բան յստակ է. աշխարհը, նաեւ Հայաստան չեն կրնար երկար խաղալիք մնալ իշխանաւորներու – եւ անոնց տէրերուն, հովանաւորներուն – կամայականութեանց: Պայթումը պիտի հասնի ուշ կամ կանուխ: Կարեւորը այն է, որ այդ պայթումը նման չըլլայ խաբուսիկ յեղափոխութիւններու, որոնց շարքին էին ռուսական–համայնավար յեղափոխութիւնն ու «Արաբական գարուն»-ը, տարբեր երկիրներու մէջ գունաւոր յեղափոխութիւնները:

