ԳլխաւորԼրահոս

ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ՝ Հ.Օ.Մ.-Ի 115-ԱՄԵԱԿԻՆ

 

Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակի ոգեկոչումը՝ Երեւանի մէջ, վերահաստատեց մեր կազմակերպութեան մարդասիրական եւ ազգային առաքելութեան շարունակութեան հրամայականը։
Ոգեկոչման ձեռնարկներու եւ հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Կեդրոնական վարչութիւնը, Կեդրոնական գրասենեակը, տարբեր երկիրներէ Երեւան ժամանած մեծ թիւով Հ.Օ.Մ.-ականներ, հիւրեր եւ բարեկամներ։
Առաջին հերթին, Երեքշաբթի, 14 Հոկտեմբերին Կեդրոնական վարչութիւնը գումարեց իր լիագումարը։
Յաջորդ օրը՝ Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերին Հ.Օ.Մ.-ի կեդրոնին Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ կազմակերպութեան հիմնադիր Էդուարդ Ակնունիի կիսանդրիին, որ եղաւ լաւ առիթ մը, որպէսզի լուսարձակի տակ բերուի Ակնունիի կատարած մեծ իրագործման մարդկային եւ ազգային տարողութիւնը։ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ այցելութիւն մը տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյին։
Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբերին տրուեցաւ այցելութիւն Հ.Օ.Մ.-ի Մօր ու Մանկան ծննդատուն, ուր Հ.Օ.Մ.-ականները ականատես եղան կեդրոնին գործունէութեան եւ մամոկրաֆիայի նոր սարքին։ Երկրորդ հանգրուանը եղաւ Շիրակի մարզի Ախուրեան համայնքի Հ.Օ.Մ.-ի Հեքիաթ մանկապարտէզը, ուր շուրջ 250 Հ.Օ.Մ.-ականներ ողջունեցին մանկապարտէզին սաները՝ իրենց ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնելով։
Նոյն օրը Ախուրեան համայնքի Բենիամին բնակավայրին մէջ մեծ շուքով կատարուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի «Յոյսի Օճախներ» ծրագրին բնակարանամուտին հանդիսաւոր արարողութիւնը։ «Յոյսի Օճախներ»ը մեր կազմակերպութեան կարեւոր ծրագիրներէն մին է, որուն նպատակն է հայրենազուրկ արցախահայ ընտանիքները երդիքով մը ապահովել։ Այս առիթով՝ Կեդրոնական վարչութիւնը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն եւ կամաւորներուն, առանց որոնց զօրակցութեան եւաշխատանքին, անկարելի պիտի ըլլար այս ծրագիրը յաջողութեամբ պսակել։
Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբերին Կոմիտաս Թանգարանի մէջ կայացաւ Հ.Օ.Մ.-ի խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին հինգ զեկուցաբերներ հանգամանօրէն լուսարձակի տակ առին Հ.Օ.Մ.-ի ընդհանուր գործունէութեան ծիրին մէջ ինկող թեմաներ, ինչպէս նաեւ հայ կնոջ եւ Արցախահայութեան իրավիճակին կապուած հարցեր, խնդիրներ եւ մարտահրաւէրներ։
Շաբաթ, 18 Հոկտեմբերին կայացաւ 115-ամեակի կալա ընթրիքը՝ աւելի քան 400 ներկաներով։
Կիրակի, 19 Հոկտեմբերին Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական գոմետիայի թատրոնին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի 115 ամեակը՝ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որուն ընթացքին արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտուեցաւ մեր կազմակերպութեան համահայկական առաքելութեան կարեւորութիւնը։ Հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան ընկերուհիներ՝ Յասմիկ Տէրտէրեան, Անժել Մանուկեան եւ Շաքէ Պասմաճեան, ինչպէս նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի «Արարատ» մրցանակը յանձնուեցաւ «Ազնաւուր» հիմնարկին։
Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբերը յատկանշուեցաւ Լոռիի մարզ այցելութեամբ, որուն ընթացքին Հ.Օ.Մ.-ականները անմոռանալի պահեր ապրեցան Հաղբատ եւ Սանահին վանքերուն մէջ։ Նոյն օրը Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Վանաձորի, Սպիտակի եւ Ստեփանաւանի մասնաճիւղերուն հետ։
Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբերը յատուկ նշանակութիւն ունեցաւ՝ Եռաբլուր այցելութեամբ։ Առաջին հերթին մատուռին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ննջեցեալ Հ.Օ.Մ.-ականներուն հոգիին համար։ Ապա մասնակիցները այցելեցին Անյայտ Հերոսներու Յուշարձան, Արցախի Կանչը յուշահամալիր եւ Սօսէ Մայրիկի շիրիմը, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան։ Այնուհետեւ Հ.Օ.Մ.-ականներ այցելեցին յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներուն շիրիմները՝ յարգանքի տուրք մատուցելով մեր նահատակներուն յիշատակին։
Նոյն օրը Կեդրոնական վարչութիւնը այցելութիւն մը տուաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանին, որ իր գնահատանքը արձանագրեց Հ.Օ.Մ.-ի ծաւալած ազգանուէր գործունէութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախին եւ արցախահայութեան ցուցաբերուած յատուկ հոգածութեան համար։
Չորեքշաբթի, 22 Հոկտեմբերին այցելութիւն տրուեցաւ Սեւանայ լիճին եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ հանդիպում կայացաւ Հ.Օ.Մ.-ի Գաւառի, Սեւանի, Ճամբարակի եւ Վարդենիսի մասնաճիւղերուն հետ։
Հինգշաբթի 23 Հոկտեմբերին, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ գրասենեակի անձնակազմը այցելութիւն մը տուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցան Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի կողմէ։ Սրբազան հայրը Հ.Օ.Մ.-ականներուն փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին օրհնութիւնը եւ գնահատանքը։ Սրբազան հայրը ընդգծեց Հ.Օ.Մ.ի մարդասիրական եւ ազգային բեղուն գործունէութիւնը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ կազմակերպութիւնը նոյն թափով եւ ոգիով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբերին կայացաւ Լաւագոյն Ուսանող ծրագրի հարիւր ուսանողներու՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն, դրամական պարգեւներու բաշխման ձեռնարկը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ հայ ուսանողին նեցուկ կանգնելու Հայ Օգնութեան Միութեան յանձնառութիւնը։
Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակի ոգեկոչումը՝ Երեւանի մէջ, եղաւ պատեհ առիթ մը, վերանորոգելու մեր ուխտը, վերահաստատելու մեր յանձնառութիւնը, թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը անխափան պիտի շարունակէ իր երթը՝ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան եւ ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս Համար նշանաբանին։

Հ.Օ.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button