Ալիեւի Համար Չկայ Սեւանայ, Այլ Գէօյչա Լիճ

ՊԱՔՈՒ․- Ատրպէյճանի նախագահը, ելոյթ ունենալով տեղւոյն գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի 80-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան, անգամ մը եւս հանդէս եկաւ Հայաստանի տարածքին եւ պատմութեան վերաբերեալ կեղծ թեզերով ու տարածքային նկրտումներով՝ կոչ ընելով ազերիներուն «վերադառնալ իրենց պատմական հողերը՝ ներկայ Հայաստան»։
Այդ քաղաքականութիւնը գիտական հիմքերու վրայ դնելու համար, Ալիեւ դիմած է ազերի գիտնականներուն՝ մեղադրելով հայկական կողմը եւ սփիւռքը պատմութիւնը խեղաթիւրելով։ Ան պահանջած է հակադրուիլ ատոր գիտական ճշմարտութիւններով։
«Գիտնականները արդէն բազմաթիւ աշխատանքներ կատարած են այս նիւթով, բայց անհրաժեշտ է աւելին՝ հետազօտութիւններ, ցուցահանդէսներ, հրապարակումներ, պատմական քարտէսներ։ 20-րդ դարու սկիզբի հին ռուսական կայսերական քարտէսները յստակ ցոյց կու տան, որ այսօրուան Հայաստանի տարածքին վրայ գրեթէ բոլոր տեղանունները ազերպայճանական ծագում ունին. չկա՛յ Սեւանայ լիճ, բայց կա՛յ Գէօյչա լիճը», ըսաւ Ալիեւ։
Շարունակելով պատմութեան զեղծումը՝ ան աւելցուցած է, թէ իբր այդ քարտէսները կազմած է ցարական Ռուսաստանը, որ «ժամանակին հայերը Իրանէն եւ Արեւելեան Անատոլիայէն տեղափոխած է Ղարաբաղ՝ ցեղային կառոյցը փոխելու համար»։ Անոր համաձայն, այդ քարտէսները «պատմական ճշմարտութեան ցոլացումն են», եւ զանոնք պէտք է ուսումնասիրել ու տարածել։

