Լրահոս
Նետերլանտներու Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը` Անի Զալինեան

ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ.- 29 Հոկտեմբերին, Նետերլանտներուն մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին, ձախակողմեան GroenLinks-PvdA դաշինքին կողմէ առաջադրուած 32-ամեայ Անի Զալինեան ընտրուեցաւ երեսփոխան` դառնալով երկրի պատմութեան մէջ առաջին հայ երեսփոխանը:
Անոր շնորհաւորեցին, տեղւոյն «Աբովեան» մշակութային միութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական այլ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ:
Անի Զալինեան ծնած է 3 Յունիւս 1993-ին:

