Լրահոս

«Այն, ինչ կը կատարուի, վնասակար է հայ հասարակութեան համար»․– Կը Յայտնէ Արամ Համբարեան

Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, «Ալֆա Նիւզ»-ի հետ իր հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադարձած է իշխանութիւններու կողմէ՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին դէմ գործադրուած յարձակման։

Անոր համաձայն՝ իշխանութիւնը չունի ժողովրդական աջակցութիւն, եւ այդ բացը կը փորձէ լրացնել՝ դիմելով այլախոհութեան դէմ բռնաճնշումներու։ «․․․Եւ այսպէս, իշխանութիւնը կը ձերբակալէ քահանաներ, արքեպիսկոպոսներ, եպիսկոպոսներ, սարկաւագներ։ Չէին բանտարկուիր այլախոհները»։

Համբարեան կը շեշտէ, որ այս բոլորը չափազանց վնասակար է հայ հասարակութեան համար՝ բոլոր մակարդակներուն վրայ։ Ան նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնեց Հայ Առաքելական Եկեղեցիին՝ բարձր գնահատելով անոր դերն ու արժէքը։ «Չնայած պառակտումներու մասին բոլոր խօսակցութիւններուն՝ եկեղեցին իսկապէս շատ միասնական է», կը նշէ ան։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button