Լոս Անճելըսի Մէջ Նշուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 30-ամեակը

Արժանավայել ու մեծաշուք հանդիսութեամբ մը Լոս Անճելըսի հայութիւնը նշեց Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան ու օծման 30-ամեակը, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ, 26 Հոկտեմբերին: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին կողմէ եւ անոր գեղարուեստական յայտագիրը մշակուած էր Ազգային առաջնորդարանի «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամին կողմէ եւ կը վայելէր անոր հովանաւորութիւնը: Ներկայ էր նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան։
Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ Ծ. վրդ. Սարգիսեան։ Առաջին բանախօսը՝ Սուրէն սարկաւագ Հազարեան, անգլերէնով իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Խօսիլ Արամ Ա. կաթողիկոսին մասին, կը նշանակէ խօսիլ միշտ իր հօտը դէպի լոյսը առաջնորդող քաջ հովուապետին մասին։ Անոր ընտրութիւնը եւ օծումը իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս բացաւ նոր էջ մը Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Իր գահակալութեան առաջին իսկ օրէն ան ունէր յստակ տեսլական՝ եկեղեցւոյ վերանորոգում, ժողովուրդին ուղղուած ծառայութիւն, ծուխերու հզօրացում եւ եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին»։
Ապա, բեմ բարձրացաւ օրուան երկրորդ բանախօսը՝ Թորգոմ արք. Տօնոյեան, որ ըսաւ․ «Երեք տասնամեակներու ծառայութեամբ հզօրացած վեհափառ կաթողիկոսը հայ ազգի ճգնաժամային եւ անդոհալից պահերուն, իր հզօր հեղինակութեամբ կը մնայ փնտռուած ներկայութիւն՝ իբրեւ խորարմատ հաւատք, միտքի շտեմարան, խոհուն մտաւորական, աներկիւղ պատգամաբեր, կեցութեան հսկիչ, հաշտարար հայր, կենսաբեր քարոզիչ, հայրենիքի ու Սփիւռքի միաբանութեան ջատագով, ու մանաւանդ, համայն հայութեան լինելութեան արթուն պահակ՝ օժտուած երկնային զօրութեամբ»։
Արտասանուած խօսքերէն ետք, ներկայացուեցաւ հայ թէ օտար դասական երաժշտութենէ պատառիկներ՝ մասնակցութեամբ մեծահռչակ արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ «Համազգային»-ի երգչախումբին։
Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Ան հայրապետին գահակալութեան 30ամեակը նշելու առիթով՝ ըսաւ. «Ուրախ ենք, որ հպարտառիթ այս երեկոն մենք տօնախմբեցինք ձերդ սրբութեան ներկայութեան՝ եւ միատեղ ըմբոշխնեցինք ի պատիւ ձեզի կազմակերպուած այս շքեղ՝ համերգը, որ Արեւմտեան թեմի ուժերով եւ յատուկ կերպով պատրաստուած, նպատակ ունի ձերդ սրբութեան մեր շրջանը հովուապետական վեցերորդ այցելութիւնը եւ ձեր գահակալութեան 30-ամեակը նշել շռնդալից կերպով ու գեղեցիկ արուեստով եւ յաւերժացնել պահը՝ հովուապետ ու հօտ այս գեղեցիկ հանդիպման առթած սրտաբուխ, անկեղծ ու ցնծագին ապրումներով»։
Հուսկ, Արամ Ա. կաթողիկոսը հանդէս եկաւ իր հայրական խօսքով՝ շեշտելով եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի առաքելութեան էութիւնը կազմող ծառայութիւնը: «Մեր ծառայական առաքելութեան արդիւնքներուն արժեւորումն ու գնահատանքը կը ձգենք մեր ժողովուրդին եւ պատմութեան, իսկ մեր ծառայական առաքելութեան քննական ու ինքնաքննական փորձը մենք է որ պէտք է կատարենք՝ որպէս կաթողիկոս ու կաթողիկոսութիւն, որպէսզի կարենանք կատարուածին ամբողջական քննարկումով կատարելիքը ճշդել: Կեանքը կաղապարուած ու զմռսուած իրականութիւն մը չէ, ան եղափոխութեան ու յեղափոխութեան մնայուն ընթացքի մէջ է, մանաւանդ համաշխարհայնացած ու ճարտարագիտութեամբ տիրապետուած ներկայ աշխարհին մէջ: Աշխարհ մը, ուր կ՛ապրի մեր ժողովուրդը եւ որուն անմիջական ազդեցութեան տակ կը գտնուի ամէն տեղ ու ամէն վայրկեան: Հետեւաբար, մեր մօտեցումները, մեր ըսելիքներն ու ընելիքները, մեր ծրագրումներն ու աշխատանքները պէտք է համապատասխանեն ներկայ աշխարհին ու մեր ժողովուրդի կեանքի պայմաններուն ու սպասումներուն», ըսաւ ան:
Իր խօսքին աւարտին, հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի եւ Սուրբ աթոռի բարերարներէն՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի կարատած ազգանուէր եւ օրինակելի ծառայութիւններուն ու կատարած բարերարութիւններուն։ Կաթողիկոսը բարերար Տէր Յովհաննէսեանի կատարած նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւններուն մասին խօսելով՝ զանոնք որակեց որպէս ծառայական հարազատ նկարագիրով դրոշմուած եւ իրագործուած բարերարութիւններ։ Արդարեւ, իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն անոր բերած ներդրումին մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ, վեհափառը Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի կուրծքը զարդարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ
Կիրակի, 26 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած տարեկան ճաշկերոյթին մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի նախկին նախագահ Նենսի Փելոսի, ներկայ ծերակուտականներ եւ մեծ թիւով հայ դատի զօրակից ազգայիններ:
Այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անգլերէն լեզուով իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։ Առաջին հերթին, ան ներկաները ողջունեց արդադութեան եւ մարդու իրաւունքներու բարւոքման համար պայքարող բոլոր դատերու հետ միասնութեան ոգիով՝ դիտել տալով, որ արդարութիւնն ու մարդու իրաւունքները իսկական եւ ամուր հիմքերն են կայուն խաղաղութեան եւ զարգացման։ Ան ընդգծեց, որ զիրենք այդ սրահին մէջ հաւաքողը Հայ դատն էր, որ բառին ամէն իմաստով դատ է վասն արդարութեան։
Հայրապետը շարունակեց խօսքը անդրադառնալով ներկայ աշխարհին արդարութիւն հասկացութեան չարաշահման եւ յիշեցուց, որ արդարութիւնը Աստուածատուր եւ սուրբ արժէք է՝ «Արդարութիւնը Աստուծոյ կողմէ պարգեւ է, որպէսզի կառավարէ մարդուն կեանքը եւ ապահովէ՝ հաւասարութիւն, խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ յառաջընթացք։ Ուստի, անոր խախտումը Աստուծոյ դէմ գործուած մեղք է եւ մարդկութեան հանդէպ՝ ոճիր»։
Ապա Նորին Սուրբ Օծութիւնը յայտնեց, որ արդարութիւնը հիմքն է մարդու իրաւունքներուն ու միջազգային պայմանադրութիւններու եւ համաձայնագրութիւններու մէջ կեդրոնական արժէք է: Աւելին՝ արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը անմիջականօրէն ընդելուզուած են իրարու։
Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ արդարութեան պահանջին՝ հայ ժողովուրդի հաւաքական ենթագիտակցութեան մէջ արմատացած ըլլալուն, իսկ Հայ դատի գրասենեակին համար արդարութեան եւ մարդու իրաւունքի համար աշխատանքները առաջնահերթութիւն ըլլալուն։ Այս ըսելով, ան ակնարկեց հայոց դէմ 20-րդ դարու ցեղասպանութեան եւ նշեց, որ պատմութիւնը ինքզինք կրկնեց 2024-ին՝ Արցախահայութիւնը արմատախիլ ընելով՝ ձեռամբ Ատրպէյճանի. «Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը կը պահանջէ արդարութիւն եւ իր մարդու իրաւունքներու վերականգնում», ըսաւ ան։
Արամ Ա. վերջապէս անդրադարձաւ Ամերիկային Միացեալ նահանգներուն եւ ըսաւ, որ ան հայ ժողովուրդի կողքին եղած է արդարութեան պահանջատիրութեան մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողքին՝ վերակառուցման ջանքերուն մէջ։

