Գլխաւոր

«Եւրանեսթ»-ի Նիստին ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախէն Բռնի Տեղահանուածներու Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին

ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Յ․Դ․ անդամ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան տեղեկացուց, թէ իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան պատգամաւորները դէմ քուէարկած են առաջարկի մը, որուն նպատակն էր պաշտպանել Արցախի բռնի տեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքը։

Խաչատրեանի համաձայն՝ «Եւրանեսթ»-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նիստին ընթացքին, ինք՝ Աննա Գրիգորեան, Էլինար Վարդանեան, Հայկ Մամիջանեան եւ Եւրախորհրդարանի երկու ընկերվարական պատգամաւորներ միատեղ ներկայացուցած են փոփոխութեան առաջարկ մը, ուր կը պահանջուէր, որ Ատրպէյճանը ապահովէ արցախցիներու անվտանգ վերադարձը իրենց հայրենի բնակավայրեր՝ միջազգային ապահովական երաշխիքներու ներքոյ։

Պատգամաւորը յայտնեց, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ներկայացուցիչները ոչ միայն դէմ քուէարկած են այս նախաձեռնութեան, այլ նաեւ յորդորած են իրենց եւրոպացի գործընկերներուն՝ չաջակցել առաջարկին։ Խաչատրեանը աւելցուցած, թէ տարբեր երկիրներու պատգամաւորներէն ստացած արձագանգները ցոյց տուած են, որ ՔՊ-ականներու այս դիրքորոշումը նպաստած է, որ նախաձեռնութիւնը չստանայ բաւարար աջակցութիւն։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button