ՈՒԱՅԹԻՆԶՎԻԼԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾՈՒԽԻՆ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒԸ
Շաբաթ, 25 Հոկտեմբերին, Ա․Մ․Ն․ Արեիելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, գլխաւորեց Ուայթընզվիլի (Մասաչուսէց) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխականները, որոնք մասնակեցան տարեկան «Անօթութիւնը կասեցնել» (Crop Hunger) քայլարշաւին, որ կը հովանաւորուի շրջանի Նորթպրիճի Եկեղեցիներու Ընկերակցութեան կողմէ։
Այս քայլարշաւի Միացեալ Նահանգներու տարողութեան շարժում մըն՝ Church World Service-ի նախաձեռնութեամբ, որ կը ձգտի դրամ հաւաքել անօթութեան ու աղքատութեան վերջ տալու Ամերիկայի եւ աշխարհի մէջ։ Հարիւրաւոր կրօնական խմբաւորումներ, գործարարներ, դպրոցներ եւ այլք տեղական քայլարշաւներ կը կազմակերպեն ամէն տարի։ Այս տարի քալողները Ուայթընզվիլի համայնքին մէջ, կրցան հանգանակել աւելի քան ութ հազար տոլար։
Նոյն երեկոյեան, Բարեջան Առաջնորդը նախագահեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ 68-ամեակն ու Գոհաբանութեան տօնի ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Փակման խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեանը՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, որ ձեռնհասօրէն կը վարէ իրեն յանձնուած հօտը։ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ աճելու եւ սորվելու մասին, որոնց ինք վկայ եղած է տարիներու ընթացքին Ուայթընզվիլի համայնքին մէջ, շեշտելով որ նոր բան մը կը սորվինք ամէն օր։
Կիրակի, 26 Հոկտեմբերին, Սրբազան Հայրը պատարագեց։ Իր քարոզին մէջ, անդրադարձաւ Խաչի կարեւորութեան փրկագործութեան ընդհանուր պստկերին մէջ, ծառայած ըլլալով որպէս զոհասեղան որուն վրայ հոսած էր աստուածային ամենասուրբ արիւնը։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

