Լրահոս

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ.Օ.Մ.-ի Անդամուհիներ՝ Պարգեւատրուած Կեդրոնական Վարչութեան Կողմէ

ԵՐԵՒԱՆ․-Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի շրջանը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ իր երկու արժանաւոր անդամուհիները՝ Անժէլ Մանուկեան եւ Շաքէ Պասմաճեան, մեծարուեցած են Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ՝ երկար տարիներու իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար։

Մեծարանքը տեղի ունեցաւ Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան պետական թատրոնին մէջ՝ Հ․Օ․Մ․-ի 115-ամեակի հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին։

Անժէլ Մանուկեան արժանացաւ «Հ․Օ․Մ․-ի Սիրտը» տիտղոսին, ի գնահատանք իր անշահախնդիր նուիրումին՝ միութեան մարդասիրական առաքելութեան գծով։

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի շրջանի ը հանդէպ իր անշահախնդիր նուիրումին։ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ.Օ.Մ.-ի սիւներէն, ան յիսուն տարի կատարած ծառայութեան համար, արդէն իսկ ստացած էր յատուկ յուշագիր մը։

Անժէլ Մանուկեան գլխաւորած է բազմաթիւ նուիրատուական նախաձեռնութիւններ, որոնց կարգին մնայուն վկայութիւններ են՝ Սպիտակի քանդիչ երկրաշարժէն ետք, Շիրակի նահանգի բնակիչներուն օգտակար ծրագիրները եւ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի վերանորոգման աշխատանքները։

Թէեւ ան չկարողացաւ անձամբ մասնակցիլ հանդիսութեան, իր ծառայութեան ժառանգութիւնը ջերմութեամբ եւ ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ։

Այլ Հ․Օ․Մ․-ի երկարամեայ անդամուհի մը՝ Շաքէ Պասմաճեան, իր կարգին մեծարուեցաւ կազմակերպութեան մէջ իր նշանակալի ներդրումին համար եւ արժանացաւ «Բարձրագոյն Նուաճում» տիտղոսին՝ ի գնահատում՝ իր նուիրատուական ձեռնարկներուն եւ հաւաքական ոգիի ամրապնդման ջանքերուն։ Իր ղեկավարութեամբ եւ անդադար ջանքերով, Շաքէ Պասմաճեան ունեցած է յիշատակելի դեր Հ․Օ․Մ․-ի կազմակերպած նաւապտոյտի ձեռնարկներուն մէջ, որոնք կը համախմբեն անդամներ եւ բարեկամներ աշխարհի չորս ծագերէն։ Պասմաճեան ներկայ էր Երեւանի հանդիսութեան, ուր անձամբ ստացաւ իր յուշանուէրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին աւելցնելով, թէ պիտի շարունակէ գործել եւ ծառայել։

«Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ.Օ.Մ.-ը սրտանց կը շնորհաւորէ ընկերուհիներ՝ Անժէլ Մանուկեանն ու Շաքէ Պասմաճեանը։ Իրենց ծառայութիւնը, առաջնորդութիւնը եւ նուիրումը կը մարմնաւորեն Հ.Օ.Մ.-ի իսկական ոգին՝ ծառայել մեր ժողովուրդին եւ օգնութեան հասնիլ կարիքի մէջ եղող համայնքներուն», յայտնեց Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ.Օ.Մ.-ի ատենապետուհի Միւրիէլ Բարսեղեան։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button