ԱմերիկահայԼրահոս

Գեղանկարիչ Ռիչըրտ Թաշճեանի Հրաժեշտը

Հոկտեմբեր 21-ին հրաժեշտ առաւ գեղանկարիչ Ռիչըրտ Հրաչ Թաշճեանը՝ 99 տարեկան հասակին, Սանթա Ֆէի (Նիւ Մեքսիքօ) մէջ։ Ծնած՝ Յունիս 27, 1926-ին, Տորչեսթըր (Մասաչուսէց), Ռիչըրտ ապրեցաւ գեղանկարչութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ, ընդհանրապէս արուեստին նուիրուած հարուստ կեանք մը։

Ռիչըրտ ծառայեց Ա․Մ․Ն․-ի նաւային պահեստային ուժերուն, երկրորդ համաշխարհային պատերազմին՝ 1944-1946 թուականներուն, ուր մասնագիտացած էր լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ։ Բանակային ծառայութենէն ետք, ան շարունակեց ուսումը մեծ խանդավառութեամբ՝ 1950-ին աւարտելով Պոսթընի գեղարուեստի թանգարանին դպրոցը (Museum School of Fine Arts) եւ ապա մասնագիտացաւ ձեւաւորման (design) մէջ՝ Մասաչուսէցի MIT համալսարանի ձեւաւորման ճարտարապետական կեդրոնին մէջ՝ նշանաւոր դաստիարակ ունենալով դասախօս Կիորկի Քեփէսը։

Իր մասնագիտական գործունէութեան ընթացքին, Ռիչըրտ մեծ յաջողութիւն գտաւ։ Ան աշխատեցաւ «Պոսթըն Հերըլտ» թերթին համար եւ ճարտարագիտական ընկերութեան մը մօտ։ Ապա, բացաւ իր սեփական արուեստանոցը եւ ցուցասրահը՝ Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) մէջ, ուր շարունակ գործեց երկար տարիներ, միշտ մօտիկ ըլլալով գաղութին։

1969-ին, Թաշճեան առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Հայաստան եւ պատահաբար ցուցահանդէսի մը ընթացքին, հանդիպեցաւ գեղանկարիչ Մինաս Կարապետ Աւետիսեանին։ Այդ հանդիպումը եղաւ երկու արուեստագէտներուն միջեւ եղբայրական եւ յարգանքի կապ մը, թէ՛ Աւետիսեանի եւ թէ՛ Թաշճեանի համար։ Երկուքն ալ նմանօրինակ ոճ մը ունէին վրձնահարելու եւ բնութիւնը ներկայացնելու։

Այս գծով, ան կ՛ըսէր․- «Ես միշտ ալ, խորապէս երախտապարտ եմ իմ յաւիտենական ընկերոջ՝ Մինաս Աւետիսեանին, որ դժբախտ ճակատագրով մը հեռացաւ այս աշխարհէն։ Շնորհիւ Մինասին ճանչցայ եւ սիրեցի Հայաստանն ու իր իսկական գեղեցկութիւնը։ Հայաստանը ունի մոգական եւ տպաւորիչ բնութիւն, յատկապէս  հայորդիներու համար։ Կարծես, թէ ան կը հրաւիրէ այցելուները՝ բարձրանալու իր բլուրներն ու լեռները, որոնելու համար հին աստուածներ։ Ժամանակը կը չափուի վայրկեաններով, ժամերով եւ օրերով, բայց մարդու կեանքը կը չափուի այն բարիքով, որ ան հասցուցած է մարդկութեան իր ապրած կեանքին ընթացքին։ Մինաս Աւետիսեանի բարիքը անսահման է՝ իր կեանքով լիագոյն գոյներուն մէջ, իր վսեմութեամբ եւ իր մարդասիրութեամբ։ Մենք չենք մոռցած զինք, եւ չենք կրնար մոռնալ»։

1975-ին ան արժանացաւ «Արա Պոյեան» մրցանակին, իսկ 1990-ին, որպէս հիւր արուեստագէտ, ստացաւ յուշամետալ մը՝ Խրիմի մէջ, ուր կը նշուէր Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան հարիւրամեակը։

Արարատը՝ Բիւրականի շրջանէն գեղանկարուած

Ռիչըրտ կապուած եւ նուիրուած էր իր հայկական ժառանգութեան եւ համայնքին։ Ան հիմնադիրն էր Հայ Ամերիկացի Արուեստագէտներու Միութեան։ Բազմիցս ճամբորդութիւններ կատարած, անոր գեղանկարչական ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են Սանթա Ֆէ (Նիւ Մեքսիքօ), Լոս Անճելըս (Քալիֆորնիա), Երեւանի Ազգային Պատկերասրահ, Ջաջուռի «Մինաս Աւետիսեան» Թանգարան, եւ Ուաթըրթաունի Հայկական Գրադարան եւ Թանգարան։

Բազմաթիւ են Ռիչըրտ Թաշճեանի պատրաստած Նիւ Ինկլընտի բնանկարները, նաեւ Հայաստանի, Խրիմի, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի, ուր ճամբորդելով մեծապէս ներշնչուած է։

Թաշճեանի “Կրէնտ Քթնյըն”-ը

1983-ին, Թաշճեան կորսնցուց իր առաջին կինը՝ Կլէտիս Զուարթ Թաշճեանը, 35 տարուան ամուսնութենէ մը ետք։ Ապա, ան իբրեւ կողակից ունեցաւ Էլիթա Թաշճեանը, որուն հետ փոխադրուեցաւ Սանթա Ֆէ։ Հոն ալ ներշնչուեցաւ եզակի եւ անսահման բնապատկերներէն եւ շարունակեց վրձնահարել տարիներ շարունակ։

Ռիչըրտի սգակիրներն են, իր կինը՝ Էլիթան, որդին՝ Սթիւընը եւ անոր կինը՝ Տելլան, իրենց որդիներ՝ Սթիւըն եւ Նիքըլաս, դուստրը՝ Տայան Քըւըրեան եւ անոր կողակից՝ Ճորճն ու իրենց զաւակներ՝ Նայիրի, Յակոբ, Անի եւ Լորի, եւ դուստրը՝ Փերլին Վարժապէտեան եւ անոր ամուսինը՝ Յարութիւն, իրենց զաւակները՝ Լարա եւ Արամ։ Ռիչըրտի մահը կը գուժեն նաեւ ծոռներ՝ Քէյլի Ռոզ Թաշճեանն ու Մայքըլ Նազարէթ Քիպարեան։

Թաշճեանի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Սանթա Ֆէի մէջ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button