ԱմերիկահայԼրահոս

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ՝ «ՀԱՒԱՏԱՄՔԻ ՈՒԺԸ» ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- 21 Հոկտեմբերէն մինչեւ 4 Նոյեմբեր, Սուրբ Սարգիս (Տակլըսթըն) եկեղեցին կազմակերպած է երեք մասերով դասախօսութիւններու շարք մը, որ նուիրուած է Նիկիոյ հանգանակի 1700-ամեակին։

Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր, առաջին դասախօսն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեանը, որ ներկայացուց Նիկիոյ հանգանակի պատմական ծիրը։

Տէր Հայրը հակադրեց հին համայնական հաւատքը արդի անհատապաշտութեան, շեշտելով, որ քրիստոնէութիւնը միշտ համատեղ ու համայնական փորձառութիւն մը եղած է։ Այնուհետեւ, լսարանի ներկայացուց Սուրբ Պատարագի կառոյցը, նշելով, որ հանգանակը զետեղուած է Սուրբ Գիրքի հռչակումէն ետք։ Դասախօսը նաեւ անդրադարձած է հաւատքի եւ բանականութեան յաճախակի հակադրութեան, ինչպէս եւ այլ այժմէական հարցերու, շեշտելով, որ Նիկիական հանգանակը պատմական նշխար մը չէ, այլ ապրող խոստովանութիւն մը որ ամէն Սուրբ Պատարագին կը վերանորոգուի՝ սերունդներու յաջորդականութեան միաձայնութիւնը պահպանելով։

Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբերին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվանիա) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան ներկայացուց Նիկիական հանգանակի կեդրոնական մասը, որ կը հռչակէ հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի։

Այնուհետեւ, Հայր Սուրբ ներկաները առաջնորդեց Հաւատամքի քրիստոսաբանական բացատրութեան՝ նախադասութեան առ նախադասութիւն։ Հաւատամքը ծիսական կրկնութիւն մը չէ, այլ հաւատքի անձնական խոստովանութիւն մը, զոր հաւատացեալը պէտք է ապրումի վերածէ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button