Լրահոս

Հայ-Ուրուկուայական Յարաբերութիւններու Քննարկում

ԵՐԵՒԱՆ․- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 24-ին, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, իբրեւ Հայաստան-Արժանթին եւ Հայաստան-Ուրուկուայ խորհրդարանական բարեկամական խումբերու ղեկավար, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ խումբի անդամներուն հետ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ Ուրուկուայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սիլվանա Կրասիէլա Լեսքա Պարոլինի հետ:

Հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ հայ-ուրուկուայական աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը եւ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման կարեւորութիւնը: Սաղաթէլեան յատուկ կարեւորութեամբ նշած է Ուրուկուայի մէջ գործող հայկական համայնքի դերը` իբրեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ կամուրջ ծառայող կարեւոր կառոյց, որ նշանակալի ներդրում ունի բարեկամական կապերու ամրապնդման եւ պատմական յիշողութեան պահպանման գործին մէջ:

Քննարկուեցան հայ-ուրուկուայական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ուղիները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ մարդասիրական հարցեր եւ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները: Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքային անձերու հարցին` ընդգծելով անոնց անյապաղ վերադարձի անհրաժեշտութիւնը եւ միջազգային իրաւունքի կանոններու պահպանման կարեւորութիւնը:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button