ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԸ… ԳԱՂՈՒԹՆԵՐԷ ՆԵՐՍ
Հայաստանի պետութիւնն ու Սփիւռքահայութիւնը կազմակերպուած ցոյցերով, քայլարշաւներով, հոգեհանգստեան արարողութիւններով, պատարագներով, ժողովրդային հաւաքներով եւ մշակութային բնոյթ ունեցող ձեռնարկներով, փաստեցին իրենց ներկայութիւնն ու պահանջատիրութիւնը: Իսկ Սփիւռքի բոլոր գաղթօճախներէն ներս, մեծ շուքով նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակը:
Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի շրջաններէն ներս կատարուած ձեռնարկներու մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններով, պիտի անդրադառնանք: Մինչ այդ, Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի, Պոսթընի, Ուաշինկթընի, Ֆիլատելֆիոյ, Տիթրոյթի, Շիքակոյի եւ այլ գաղութներէ ներս, տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ:
Լոս Անճելըսի մէջ թրքական հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ, աւելի քան հինգ հազար հայորդիներ բողոքի ցոյց կատարեցին‘ թրքական կառավարութենէն պահանջելով ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում տալ հայ ժողովուրդին:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած բողոքի ցոյցի ամբողջ ընթացքին, երիտասարդները բարձրաձայն կանչեցին պահանջատիրական լօզունգներ, որոնք ոգեւորութեամբ արձագանգուեցան ցուցարարներուն կողմէ:
Ոստիկանութիւնը պաշտօնական տուեալներուն համաձայն ցոյցի մասանկցողներու թիւը չորս հազար է: Ընդհանրապէս, ոստիկանութիւնը միշտ ալ միտում ունի բողոքի ցոյցերու մասնակիցներու թիւը պակսեցնելու:
Ցոյցի աւարտին տեղի ունեցաւ քաղաքական հաւաք: Քաղաքական հաւաքը աւարտեցաւ աղօթքով, մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակին` հոգեհանգստեան արարողութեամբ:
Հաւատարիմ մնալով վերջին տարիներու իր աւանդութեան` Լոս Անճելըսի քաղաքապետութիւնը յատուկ հանդիսութեամբ մը ոգեկոչեց յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան:
Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Էրիք Կարսեթիի եւ Փօլ Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ, քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն մը, որուն հրաւիրուած էին հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Քաղաքապետական խորհուրդը պատուեց միջազգային ճանաչում գտած պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը` առ ի գնահատանք Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան եւ հայութեան իրաւունքներուն ճանաչման նպատակով բազմատասնեակ տարիներու իր աշխատանքին ու իրագործումներուն:
Իր կարգին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա հրապարակեց Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակը նշող յայտարարութիւն մը` կոչ ուղղելով քաղաքի բնակչութեան, որ յարգեն այս ահաւոր ոճիրին զոհ գացած 1.5 միլիոն հայերուն յիշատակը:
ՖՐԱՆՍԱ
Ապրիլ 24-ին, Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Հայ Առաքելական Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ պատարագ` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած: Ապա ժողովուրդը երթ մը կազմակերպեց դէպի Յաղթանակի կամարը, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի, ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու, բարձրաստիճան զինուորականներու, քաղաքացիական եւ կրօնական անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ: Ծաղկեպսակներ զետեղուեցան անյայտ զինուորի շիրիմին:
Ձեռնարկին մասնակիցները ապա ուղղուեցան Շանզ Էլիզէ եւ Ճորճ 5-րդ պողոտաներուն անկիւնը, ուր տեղի ունեցաւ բազմահազար ժողովուրդի հաւաք` Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակը նշող եւ Մայիս 4-ին: Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականօրէն դատապարտող օրինագիծի ընդունումը պահանջող: Ելոյթ ունեցան ֆրանսահայ քաղաքական, հասարակական, կուսակցական գործիչներ, ֆրանսացի գործիչներ, քաղաքապետներ, մտաւորականներ եւ այլն:
Հաւաքին մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Կոմիտասի արձանը, ուր տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, ծաղկեպսակներու զետեղում:
Ապրիլ 25-ին Փարիզի Աստուածամօր տաճարին դիմաց բացումը կատարուեցաւ ՛՛Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ ժխտողականութեան մերժման՛՛ խորագիրով ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր ՛՛Ժխտողականութեան դէմ հայկական հսկում՛՛ կազմակերպութեան կողմէ:
Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ եւ հաւաքներ տեղի ունեցան նաեւ Մարսէյի, Լիոնի, Վալանսի, Անթոնիի եւ ֆրանսական այլ քաղաքներու մէջ:
ԻՏԱԼԻԱ
Ապրիլ 22-ին, Պերկամոյի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ նահանգի պատմական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան քաղաքապետի ներկայացուցիչը, մեծաթիւ բազմութիւն մը, մեծամասնութիւնը` օտար ակադեմականներ, մտաւորականներ, պատմաբաններ եւ այլն:
Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իրավիճակին եւ Արցախի տագնապին մասին խօսեցան երեք իտալացի դասախօսներ:
Պատմաբան Ալտօ Ֆեռարի լայնօրէն անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան, հայութեան դէմ գործադրուած սպանդին, բացատրելով, թէ ինչպէ՛ս, ի՛նչ պատճառներով տեղի ունեցան 1915¬ի դէպքերը: Ան հաստատեց, որ տեղի ունեցածը Ցեղասպանութիւն էր:
Երկրորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Լոմպարտեան նահանգի տնտեսական յանձնախումբի նախագահ Քարլօ Սափիոթի, որ 17 անգամ այցելած է Հայաստան. ան խօսեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մասին` լուսարձակի տակ առնելով հայ ժողովուրդի կարողականութիւնն ու մօտեցումները տարբեր հարցերու: Նշենք, որ այս առիթով Հռոմի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը հեռագիր յղած էր Պերկամոյի քաղաքապետութեան` շնորհակալութիւն յայտնելով այս նախաձեռնութեան համար եւ յայտնելով, որ նման ձեռնարկներ կը շարունակեն կենդանի պահել մարդկային դատերը, պաշտպանել անոնց իրաւունքները:
Իտալիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու տան ՛՛Ռեֆեթթորիօ՛՛ պատմական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը 1913-1916 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի ՛՛Օրագիր՛՛ գիրքին, որ առաջին անգամ ըլլալով թարգմանուած եւ հրատարակուած է իտալերէնով: Ներկայ էին իտալացի խորհրդարանականներ, կառավարական եւ գիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, տարբեր երկիրներու դեսպաններ, դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ:
Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ ՛՛Իտալիա– Հայաստան՛՛ խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սանտրա Ցամպան, որ դիտել տուաւ, թէ ասիկա առաջին նախաձեռնութիւնն է Իտալիոյ խորհրդարանին մէջ կայացած եւ անիկա կարեւոր քայլ մը կը հանդիսանայ Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման իմաստով: Ան նաեւ նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող օրէնքի նախագիծ պատրաստած է եւ մօտ օրէն պիտի ներկայացնէ Իտալիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու տան անդամներուն:
Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Թուրքիոյ համար, որովհետեւ վերջինս իր սեփական պատմութեան հետ հաշտուելու անկարող ըլլալով` կը փորձէ զայն խեղաթիւրել ու հերքել: Ըստ դեսպանին, մերժելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ, շարունակելով փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը, աջակցելով Ատրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին գծով, Թուրքիա դրական ազդեցութիւն չի ձգեր Հարաւային Կովկասի կայունութեան ու խաղաղութեան վրայ:
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ` կազմակերպութեամբ յունահայ համայնքի կառոյցներու եւ մասնակցութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան:
Աթէնքի Նէա Զմիռնի թաղամասի ՛՛Զանգակ՛՛ յուշակոթողին մօտ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ձեռնարկ, որուն ներկայ էին Յունաստանի հայ համայնքի, Աթէնքի նահանգապետարանի, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանի եւ տեղական ինքնակառավարման այլ մարմիններու տարբեր կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Յունաստանի քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Յունաստանի ցամաքային զօրքերու զինուորական ակադեմիայի հայ զինուորները կազմած էին պատւոյ պահակախումբ: Կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանի գլխաւորութեամբ: Խօսք առին Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, համայնքի ներկայացուցիչներ, Աթէնքի փոխնահանգապետը: Արարողութեան աւարտին, յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում:
Աթէնքի կեդրոնական սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւններու հիմնական ձեռնարկը: Ներկայ էին Յունաստանի խորհրդարանի երեսփոխաններ ու կառավարութեան անդամներ, Յունաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ղեկավարներ եւ դիւանագէտներ, զինուորական կցորդներ եւ այլն:
Բանախօսն էր Թրակիոյ Տեմոքրիթոս համալսարանի դասախօս Թէոֆանիս Մալքիտիս, որ ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառներն ու հետեւանքները: Խօսք առաւ, նաեւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գ. Ղալաչեան: Այս վերջինը, Հայաստանի Հանրապետութեան Մովսէս Խորենացի մետալով պարգեւատրեց հայ ժողովուրդի բարեկամ փրոֆ. Իոաննիս Խասիոթիսը:
Ձեռնարկին յաջորդեց քայլարշաւ դէպի Յունաստանի մայրաքաղաքի կեդրոնական Սինթակմա հրապարակը, ուր Անյայտ զինուորի յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում:
Նոյն օրը Թեսաղոնիկէի նահանգային եւ քաղաքային իշխանութիւններուն հետ հայ համայնքային կառոյցներու համագործակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ տեղի ունեցաւ: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ դէպի Անյայտ զինուորի յուշարձան եւ ծաղկեպսակի զետեղում:
Հայ Երիտասարդական Միութեան կազմակերպութեամբ, Ապրիլ 16ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ բողոքի պահանջատիրական երթը դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն:
Հայ երիտասարդները երկար Եռագոյն դրօշակ մը իրենց ձեռքին եւ բազմաթիւ հայկական Եռագոյն եւ յունական ազգային փոքր դրօշակներով կը յառաջանային:
Ցուցարարներու բարձրաձայն կանչերուն կ՛ընկերանային բարձրախօսէն լսուող երաժշտութիւն եւ լոզունգներ: Անգամ մը եւս, տեղւոյն ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ որ յատուկ պատուիրակութիւն մը մօտենայ եւ փոխանցէ յուշագիր մը:
ՀՈԼԱՆՏԱ
Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. ՛՛Գարեգին Նժդեհ՛՛ Երիտասարդական Միութեան, Ապրիլ 23-ին ջահերով երթ տեղի ունեցաւ դէպի Հոլանտայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն: Նաեւ, կազմակերպութեամբ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ալմելոյի Սուրբ Գ. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչութիւններուն, Ալմելոյի ՛՛Գ. Կիւլպէնկեան՛՛ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած յիշատակի երեկոյ:
Ձեռնարկէն առաջ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին առջեւ:
Ոգեկոչման ձեռնարկին ներկայ էին Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան, հայ, հոլանտացի, գերմանացի պատմաբաններ ու գիտնականներ, հարիւրաւոր հայորդիներ եւ հիւրեր:
Յոտնկայս լռութեամբ նահատակներուն յիշատակը յարգելէ ետք խօսք առին դեսպան Աղաջանեան, Պոխումի Ռուհր համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի դասախօս փրոֆ. Միհրան Տապաղ, Հոլանտայի համալսարանի մշակութային գիտութիւններու դասախօս դոկտ. փրոֆ. Վան Տեր Տիւսսէ, Ալմելոյի եկեղեցիներու խորհուրդի ներկայացուցիչ Եաապ Վան Սելմ, Գերմանիոյ ՛՛Արմենիենհիլֆէ՛՛ կազմակերպութեան նախագահ Կունտեր Պրինկամ եւ ուրիշներ: Անոնք իրենց խօսքերուն մէջ մերժեցին թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը փաստ է` եւրոպացի մասնագէտներուն կողմէ հաստատուած, եւ ոչ թէ հայկական միակողմանի տեսակէտ: Անոնք յայտնեցին, որ ուրացումը վնասակար է նաեւ ուրացողին:
Ոգեկոչման երեկոյին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական հարուստ յայտագիր: Աւարտին խօսք առաւ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան, որ հպարտալի նկատեց հոլանտահայ գաղութին ձեռքբերումները եւ կոչ ուղղեց, յառաջիկային աւելի լաւ կազմակերպուելու ու պայքարելու մինչեւ մեր նպատակներու իրագործումը` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտումը:
Նախապէս, Ապրիլ 19-ին, հարիւրաւոր հայեր հաւաքուած էին Հոլանտայի խորհրդարանին դիմաց` իրենց ընդվզումը արտայայտելով Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան եւ Հոլանտայի իշխանութիւններուն անհետեւողականութեան դէմ: Հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ Մասիս Աբրահամեան եւ Մաթօ Հախվերդեան ներկայացուցին Հոլանտահայութեան դիրքորոշումները` արդի քաղաքական իրավիճակին առնչութեամբ: Հանրահաւաքը ողջունեցին Հոլանտայի խորհրդարանի գրեթէ բոլոր խմբակցութիւններուն ներկայացուցիչները, անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ցուցարարներուն, խոստանալով նպաստել հոլանտահայութեան պահանջներուն իրականացման, յատկապէս Լա Հէյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի տեղադրման առաջարկին հովանաւորութեան:
Հանրահաւաքի մասնակիցները իրենց պահանջները ամփոփող խնդրագիր ներկայացուցին խորհրդարանին եւ կառավարութեան: Ցուցարարները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ընդունուեցաւ Հոլանտայի խորհրդարանի պատգամաւորներու խումբի մը կողմէ եւ խոստում տրուեցաւ անոնց` յաւուր պատշաճի ուշադրութիւն դարձնելու հայութեան պահանջներուն:
Հանրահաւաքի մասնակիցները ուղղուեցան Թուրքիոյ դեսպանատուն. մասնակիցները իրենց պահանջի ձայներով թնդացուցին շրջանը, անոնք պահանջեցին ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում եւ մերժեցին Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութիւն մուտքը, մինչեւ որ ան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Թուրքիոյ դեսպանատան մուտքին ցուցարարներէն պատուիրակութիւն մը պահանջագիր ներկայացուց, սակայն դեսպանատան կողմէ ոչ ոք ընդունեց ստանձնել զայն. մասնակիցները նամակը զետեղեցին նամակատուփին մէջ:
ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ Ա.Պ.Հ.
Մոսկուայի մէջ, յիշատակի երեկոյ մը կազմակերպուեցաւ գործակցաբար Հայաստանի դեսպանատան, Ռուս-հայկական համագործակցութեան եւ Ջաւախքի որդիք կազմակերպութեան հետ: Այս առիթով ելոյթ ունեցաւ տեղւոյն Պետական տումայի նախագահի տեղակալ Վ. Ժիրինովսքի, Պետական տումայի երեսփոխաններ, հասարակական քաղաքական գործիչներ եւ հայ համայնքային տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Նաեւ կարդացուեցաւ Հայաստանի դեսպանին ուղերձը:
Հայ թէ ռուս բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու եւ պաշտօնատարներու ներկայութեան կայացած սոյն ձեռնարկին, ցուցադրուեցաւ Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէն մը:
Ուքրայինայի մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը` ՛՛Հայոց Ցեղասպանութիւնը` իբրեւ յանցագործութիւն մարդկութեան նկատմամբ՛՛ նիւթով: Տեղւոյն հայերու միութեան եւ Հայաստանի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած այս կլոր սեղանի աշխատանքներու զրուցավարը եղաւ Հայաստանի մէջ, Ուքրայինայի նախկին դեսպան Ալեքսանտր Պոժքօ, որ խիստ բարձր գնահատեց իր ժողովուրդին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով ցուցաբերուող սոյն մօտեցումը: Միւս կողմէ, Ուքրայինայի մէջ Հայաստանի դեսպան Անդրանիկ Մանուկեան խօսք առնելով, ըսաւ.- ՛՛Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեր պատմութեան ամէնէն մռայլ եւ ողբերգական էջն է, որուն պատճառով մենք կորսնցուցինք մեր պատմական հայրենիքը, 1,5 միլիոն նահատակներ եւ դարերու ընթացքին կերտուած ազգային հոգեւոր ու նիւթական հսկայ ժառանգութիւն: Ասիկա իսկական յանցագործութիւն է ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ` ամբողջ մարդկութեան նկատմամբ: Պատահական չէր, որ տակաւին 1915-ին արդէն Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Ռուսիա միացեալ յայտարարութեամբ հայկական ջարդերը կը բնորոշէին իբրեւ”:
Դեսպանը, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Ուքրայինայի բարձրաստիճան ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին, նշեց, որ Հայաստանն ու սփիւռքը միասնաբար հետեւողական աշխատանք կը տանին Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով: Ան շեշտեց թէ, Ցեղասպանութենէն ճողոպրածները կերտեցին հայկական սփիւռքը:
Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքի Սուրբ Կարապետ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ եւ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ: Արարողութեան ներկայ էին հարիւրաւոր հայեր, որոնք մէկվայրկեան լռութեամբ յարգեցին հայ նահատակներուն յիշատակը:
Պատարագի աւարտին Ալմաթիի Հայկական մշակութային տան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը: Ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր կիրակնօրեայ դպրոցի սաներուն պատրաստութեամբ:
Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքէքի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոսի գրասենեակը եւ ՛՛Նայիրի՛՛ հասարակական միութիւնը կազմակերպեց յուշ-հաւաք եւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն` հայկական խաչքարի մօտ:
ԼԻԲԱՆԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մայրավանքին մէջ, կատարուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ: Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, համայնքապետեր, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, ներկայ ու անցեալի երեսփոխաններ ու նախարարներ եւ բազմահազար հայորդիներ:
Օրուան առաջին պատգամաբեռն էր Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան, որ նշեց, թէ 96 տարի անցած է նենգամտօրէն ծրագրուած ցեղասպանութենէն: Ան ըսաւ, որ այս հաւաքը ողբալու պահ չէ, այլ` վերարժեւորման պահ է, ուղին շարունակելու առիթ է: Ապա, օրուան երկրորդ պատգամը Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան անունով փոխանցեց Յակոբ Կերկերեան, որ ըսաւ, թէ Հայ դատի հետապնդումը մեզի կը մղէ հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու‘ ստեղծելու համար ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստան:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անունով խօսք առաւ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան յոյս յայտնեց, որ աշխարհը հասկնայ, թէ չճանչցուած, չդատապարտուած ցեղասպանութիւնները իրենց դաժան հետքերը կը ձգեն իրենց ետին, եւ պետութիւնները պէտք է հասկնան, որ պատմական իր մեղքը չընդունող, պատմական եւ քաղաքական ճշմարտութիւնը մնայուն կերպով հերքող Թուրքիան կրնայ վտանգ հանդիսանալ համայն մարդկութեան, մանաւանդ որ բարձր մակարդակի վրայ իրմէ հաշիւ պահանջող չկայ:
Իր խօսքի աւարտին Գառնիկ Մկրտիչեան ըսաւ. ՛՛Ջահը այսօր կը մնայ բոցավառ, իսկ անոր բոցավառումը հզօրացնելու համար նոր վառելանիւթ բերողները հազուագիւտ չեն: Այսօր եւս մենք կը շարունակենք աշխարհին յիշեցնել, թէ մենք տէրն ենք մեր իրաւունքներուն, զանոնք կը դաւանինք անսակարկելիօրէն ու վճռած ենք շարունակել պայքարը, մինչեւ որ հայկական Եռագոյնը տարածուի հայապատկան բոլոր հողերուն վրայ եւ ցեղասպան պետութիւնը արդար հատուցում կատարէ մեր բոլոր կորուստներուն դիմաց՛՛:
Հայկական երեք կուսակցութիւններու պատգամներէն ետք, խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը հայոց պատմութեան ամէնէն դաժան եւ ամէնէն ողբերգական էջն է: Քոչարեան իր կարգին հաստատեց, որ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը Եղեռնի շարունակութիւնն է, եւ այս քաղաքականութեան դէմ պէտք չէ ցուցաբերել թոյլ վերաբերմունք:
Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական հանդիսութեան աւարտին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ նշեց, թէ պէտք է գիտակցիլ, որ այսօր տարբեր է աշխարհը, տագնապներն ու պայմանները փոխուած են, հետեւաբար կուսակցութիւնները, Հայաստանի պետականութիւնը, եկեղեցին եւ ղեկավարները քննութեան առարկայ պէտք է դարձնեն նոր մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու քաղաքականութիւնը: Այս գծով Արամ Ա. կաթողիկոս երեք բառերու մէջ բնորոշեց յառաջիկայ աշխատանքները` արժեւորում, ներդաշնակում եւ վերակազմակերպում` ճշդելով առաջնահերթութիւնները: Արամ Ա. կաթողիկոս աւելցուց, որ այսօր ցեղասպանը աներեւոյթ եւ երեւելի կերպով կը թափանցէ ամէնուրէք եւ այս երեւոյթին դէմ կարելի չէ անտարբեր մնալ: Իր հայրապետական պատգամին աւարտին, վեհափառը կոչ ուղղեց քալելու նահատակներուն հաւատքով եւ հայ ժողովուրդի վարդահեղեղ արշալոյսին տեսիլքով:
ԵԳԻՊՏՈՍ
Գահիրէի Ազգային իշխանութեան կազմակերպութեամբ, Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ Նահատակաց յիշատակի մենահամերգ, զոր կատարեց այս առիթով յատուկ Հայաստանէն հրաւիրուած Գէորգ Հաճեան: Հայ դասական եւ կոմիտասեան երգերու մեկնաբանը ներկայացուց երկու բաժինէ բաղկացած հարուստ եւ հարազատ յայտագիր մը` հայ ու լատին հոգեւոր երգեր, ապա կոմիտասեան եւ հայրենասիրական երգեր:
Ձեռնարկին ներկայ էին Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, պաշտօնական հիւրեր եւ հոծ բազմութիւն մը: Դեսպանը խօսք առնելով ըսաւ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակին, հայ ժողովուրդի պահանջատիրական ամրակուռ երթին եւ հաստատեց, որ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ համայն հայութեան ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել հայկական փափաքները:
Փակումը կատարեց Եգիպտոսի եւ Ափրիկէի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, որ նահատակներուն եւ անոնց կտակին մասին խօսեցաւ:
ՍՈՒՐԻԱ
Դամասկոսի Սուրբ. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակի ոգեկոչման Սուրբ Պատարագ, ապա կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ` Դամասկոսի քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Ապա, Հայոց գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ սուգի արարողութիւն, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին առջեւ: Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում` Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ: Նոյն օրը, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատուն այցելեցին սուրիահայ գաղութի երեք համայնքապետերը, կուսակցական եւ միութենական ղեկավարներ եւ գաղութի ներկայացուցիչներ:
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ
Կալկաթայի մէջ, մասնակցութեամբ երեք հարիւր ներկաներու, տեղի ունեցաւ հաւաք: Իւրաքանչիւր տարուան Սուրբ. Զատիկին Կալկաթայի քրիստոնեաները կը հաւաքուին անկլիքաներու Սուրբ Պօղոս Մայր տաճարի յարակից տարածքին մէջ` փառաբանելու Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը: Հոգեւոր եւ մշակութային հանդիսութիւնը կ՛եզրափակուի Կալկաթայի կաթողիկէ արքեպիսկոպոսի զատկուան պատգամով: Այս տարի, ի յարգանս Մեծ Եղեռնի նահատակներուն, ձեռնարկին կազմակերպիչները հրաւիրած էին հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական Ճեմարանի կառավարիչ Խորէն քհնյ. Յովհաննիսեանը` աղօթելու եւ օրուան պատգամը փոխանցելու:
Խորէն քհնյ. Յովհաննիսեան, հայերէնով աղօթեց ապա յայտնեց թէ կ՛ոգեկոչուի թուրքերուն կողմէ հայութեան բնաջնջման ծրագիրին պատճառով զոհուած մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը: ՛՛Թրքական ժխտողականութեան պատճառով ցեղասպանութեան վէրքը տակաւին չէ ապաքինած, անկէ տակաւին արիւն կը ծորի… Ամբողջ ազգ մը խաչին գամուեցաւ միայն քրիստոնեայ եւ հայ ըլլալուն համար՛՛ եզրակացուց ան: Այս առթիւ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի երգչախումբը, կատարեց հատուածներ Սուրբ Պատարագէն: