ԱմերիկահայԳլխաւորԼրահոս

ԲԱՑԱՌԻԿ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐ․․․ԲԱՑԱՌԻԿ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍ

 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18-ին, Լեքսինկթընի (Մասաչուսէց) «Սքոթիշ Ռայթ» թանգարան-գրադարանին մէջ, մեծ տպաւորութիւն ձգեցին Հայաստանի Ապագայի Երաժշտութեան հիմնարկի (M4FF։ Music for Future Foundation) պարման-պարմանուհի երաժիշտները։

Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկին (FACS) կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկին գերազանց էր հազիւ 10-18 գարուններ բոլորած, այդ մեծ ապագայ խոստացող երիտասարդներուն ելոյթը։

Նախքան գեղարուեստական յայտագիրը, խօսք առին տոքթ․ Արմինէ Միրզաբեկեան (Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկ) եւ Աննա Տէր Յովակիմեան (Ապագայի Երաժշտութեան Հիմնարկ) որոնք ներկայացուցին այս օրուայ ձեռնարկին եւ երկու հիմնարկներուն նպատակը։ Ապա ցուցադրուեցաւ կարճ վաւերագրական մը Ապագայի Երաժշտութեան հիմնարկին մասին։

Յայտագիրը ճոխ էր, երիտասարդներն ալ ինքնավստահ եւ եռանդուն։

Յայատագրի առաջին մասին, ընկերակցութեամբ դաշնակահար Լիլիթ Զաքարեանի ելոյթ ունեցան Արէն Թոփլաղալցեան (թաւջութակ – Քամիլ Սէն Սանսի «Ալեկրօ ափասիոնաթօ»-ն), Եդուարդ Տայեան (ջութակ – Մօրիս Ռաւելի «Ցիկան»-ը), Լիլիթ Ստեփանեան (աւագասրինգ/քլարինէթ – Սերգէյ Ռախմանինոֆի «Վոքալիզ»-ը) եւ Միքայէլ Յարութիւնեան (սաքսոֆոն – Եուրի Գէորգեանի «Սերենատ»-ը եւ յատուկ ճազ կշռոյթի համար դասաւորուած վաստակաւոր Փականինի մէկ գործը)։

Տարիքով ամենէն աւելի փոքրերէն՝ 12-ամեայ Թոփլաղալցեան, որ նաեւ սրինգ եւ կիթար կը նուագէ եւ յատուկ տկարութիւն ունի ճաթոնէրէն լեզուի հանդէպ, ամենայն համարձակութեամբ եւ անսխալ նուագեց Սէն Սանսի այդ կարճ բայց բարդ գործը, շուտով ներգրաւելով հանդիսատեսը։

16-ամեայ Եդուարդ Տայեան, որ պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ շարժապատկերի սիրահար մըն է, կառչած իր ջութակին եւ հպելով անոր լարերուն, նուագեց Ռաւելի եզակի «Ցիկան» գործը։

Այլ 16-ամեայ ապագայ խոստացող մը՝ Լիլիթ Ստեփանեան, որ նաեւ փորձառու պարող է, ամէնայն հմտութեամբ «ձայնեց»  Ռախմանինոֆի «Վոքալիզ»-ը, իր աւագասրինգով շնչասպառ ընելով ունկնդիրը։

Դասական ոլորտէն դուրս էր, 14-ամեայ Միքայէլ Յարութիւնեանի ելոյթը, որ Եուրի Գէորգեանի «Սերենատ»-էն ետք, անակնկալի բերաւ եւ ոգեւորեց ներկաները, սաքսոֆոնի վրայ, ճազ կշռոյթով ներկայացնելով, իտալացի վաստակաւոր ջութակահար Նիքոլօ Փականինիի մէկ գործը։

Առաջին մասի աւարտին, խօսք առաւ «Նիւ Ինկլընտ» երաժշտանոցի լարային եւ դաշնամուրային բաժնի պատասխանատու Արա Գրիգորեանը, որ շնորհաւորեց նմանօրինակ գաղափարի մը մտայղացումը եւ սրտանց յաջողութիւն մաղթեց։

Յայտագրի երկրորդ մասով, ջութակահար Եդուարդ Տայեան անգամ մը եւս բեմ բարձրանալով, նուագեց Եոհան Սեպասթիան Պախի  առաջին հատանուագի «Ատաճիօ»-ն։

Ապա, Պոսթընի «Պըրքլի» երաժշտանոցի աշակերտ Առնօ Մելքոնեան, նուագեց Արցախի նուիրուած իր յօրինումը, ուր դաշնակի ստեղներուն վրայ, մերթ մեղմ եւ մերթ բուռն հարուածներով, ան կ՛արտայայտէր իր ցասումն ու յուզմունքը, նաեւ զայրոյթն ու վիշտը։

15-ամեայ Ռոպերթ Սէյրանեան, որ արդէն իսկ «գրպանած» է, քանի մը մրցանակներ, ամենայն հարազատութեամբ նուագեց Կոմիտասին «Կռունկ»-ն ու Արամ Խաչատուրեանի «երգ-բանաստեղծութիւն»-ը, ընկերակցութեամբ դաշնակահար Լիլիթ Զաքարեանի։

Ապա, բեմ բարձրացաւ Ստեփանակերտ ծնած, արցախահայ Եդուարդ Սարգսեան, որ իր կարգին ներկաներուն հրամցուց դժուար գործ մը՝ Ֆրետերիք Շոփէնի «Սքերզօ թիւ 3»-ը։

Յայտագրի վերջին գործը Պէթհովէնի դաշնակի երրորդ եռեակէն մաս մըն էր, որ նուագեցին թաւջութակահար Արէն Թոփլաղալցեան եւ ջութակահար Եդուարդ Տայեան, ընկերակցութեամբ Պոսթընաբնակ երիտասարդ  եւ խոստմնալից դաշնակահար Վարդան Առաքելեանի։

Երկարատեւ ծափողջոյններով աւարտեցաւ օրուան հանդիսութիւնը, որու աւարտին շնորհակալութիւն փոխանցեց Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկի անունով տոքթ․ Արմինէ Միրզաբեկեան։

Հուսկ, տեսերիզով ցուցադրուեցաւ Հայաստանի Ապագայի Երաժշտութեան հիմնարկի հիմնադիր Սերգէյ Սմբատեանի շնորհակալութեան խօսքը։

Նշենք, թէ այս ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի Ապագայի Երաժշտութեան հիմնարկի, որուն առաքելութիւնն է քաջալերել  Հայաստանի շնորհալի երիտասարդ երաժիշտները, եւ ապահովել անոնց համար յաւելեալ ուսման մասնագիտութիւն։

Հիմնադրամը 2019-ին ստեղծուած է նոյնիքն Սերգէյ Սմբատեանի կողմէ, որ Հայաստանի Պետական «Սիմֆոնիք» Նուագախումբին եւ գեղարուեստական ղեկավարն է։

Այս հիմնարկին երիտասարդ աստղերը ընդունուած են աշխարհի ամենէն աւելի նշանաւոր երաժշտական հաստատութիւնները, որոնց կարգին Վիեննայի, Քէօլնի, Լոնտոնի, Ցիւրիխի, Զաղրէպի եւ Սալզպուրկի երաժշտանոցները։ Անոնք կը ստանան մասնագիտական պատրաստութիւն, կը մասնակցին միջազգային ելոյթներու եւ յատուկ դասընթացքներու՝ նշանաւոր երաժիշտներու հետ, ինչպէս նաեւ երաժշտական փառատօններու, որոնք առաջին քայլը կը նկատուին, ապագային հանրահռչակ դառնալու։

2020-ի առաջին շրջանաւարտներէն ի վեր, ութսունէ աւելի թոշակառուներ արդէն մասնակցած են ծրագրերու եւ շահած մրցանակներ՝ միջազգային բազմաթիւ մրցոյթներու ընթացքին։

«Մեր առաքելութիւնն ու նպատակը երիտասարդ տաղանդներու խնամքն ու ուսման հնարաւորութիւնները ընդլայնելն է եւ անոնց ուղղութիւն տալ՝ իրենց երաժշտական ասպարէզներուն մէջ յաջողութեան հասնելու համար», կը շեշտէ Սմբատեան։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button