ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ Հ.Օ.Մ.-ԱԿԱՆԸ

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Ահաւասիկ աւելի քան դար մը անց, այսինքն, 115 տարիէ ի վեր Հ.Օ.Մ.-ը կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը՝ շողշողուն լոյսի, խոր հաւատքի եւ անսակարկ զոհողութեան ճամբով։ Եւ Հ.Օ.Մ.-ի ջահը կը բոցավառի շնորհիւ Հ.Օ.Մ.-ականին:
Հ.Օ.Մ.-ականն է, որ կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ աշխատիլ ու ամէն միջոց ի գործ դնել՝ պայքարելու համար յանուն արդարութեան, հայ կնոջ ընկերային պատասխանատուութեան, հայ ժողովուրդի ազատագրութեան, վերաշինութեան ու ինքնապահպանման՝ ազգային արժէքներո՛ւ պահպանպան:
Այո՛, այդպէ՛ս է: Հ.Օ.Մ.-ականը, իր հիմնական գաղափարաբանութեամբ, մարդասիրութիւնը կը միացնէ ազգային ինքնութեան։ Ճիշդ է, որ մարդասիրութիւնը՝ որպէս համամարդկային արժէք, Հ.Օ.Մ.-ի գործունէութեան առանցքն է, սակայն այս մարդասիրութիւնը ոչ թէ անորոշ եւ համընդհանուր ձեւով կ՛արտացոլացուի եւ կը կիրարկուի, այլ խորապէս կապուած է հայութեան ճակատագրին, վերապրումին եւ բարեկեցութեան։
Հ.Օ.Մ.-ականը՝ որպէս մայր, դաստիարակ եւ գործունեայ կին քաղաքացի, ունի ո՛չ միայն ընտանեկան, այլեւ ազգային առաքելութիւն։ Այդ պատճառով ալ, Հ.Օ.Մ.-ը, իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, եղած է առանցքային, իր սրտին մէջ պահած ըլլալով հայ կնոջ գիտակցութիւնն ու կամքը։
Յստակ է ու հաստատ Հ.Օ.Մ.-ականին դաստիարակութեան ձեւը, սկսելով Հ.Օ.Մ.-ի նշանակէն, ուր արեւը կը ծագի եւ շարունակ պիտի ծագի՝ դէպի Մասիսները առաջնորդող ուղիին վերեւ: Նո՛յնքան յաւերժական է Հ.Օ.Մ.-ը, որքան պիպլիական եւ հայորդիին սրտին խօսող Արարատը: Այդպէս ալ անփոփոխ պիտի մնան Մասիսները:
Ակնյայտ է, որ Հ.Օ.Մ.-ի գլխաւոր առաքելութիւններէն է կրթութիւնը։ Հ.Օ.Մ.-ի առաջին եւ հետեւողական աշխատանքները եղած են հայկական կրթօճախները, ըլլան անոնք դպրոցներ, մանկապարտէզներ, մանկամսուրներ, շաբաթօրեայ դպրոցներ եւ որբանոցներ։ Կրթութիւնը դիտուած է ո՛չ միայն որպէս պարզ ու տաբակ գիտելիքի փոխանցում, այլ՝ որպէս ազգային ոգիի պահպանման բանալի միջոց։
Հ.Օ.Մ.-ականը գաղափարախօսն է ծառայութեան, եւ այդ՝ ոչ որպէս պարտադիր կամ սոսկական վարչական գործընթաց, այլ իբրեւ ինքնազոհողութիւն եւ բարոյալից բովանդակութիւն։ Ծառայել՝ Հ.Օ.Մ.-ականին համար, կը նշանակէ մասնակցիլ Հայ ժողովուրդի զարգացման եւ վերարժեւորման գործին՝ անշուշտ առանց որեւէ փոխադարձ ակնկալութեան։
Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը միշտ եղած է պայքարի, զոհողութեան եւ ձեռքերու միացման արդիւնք։ Այդ իսկ պատճառով, Հ.Օ.Մ.-ականին համար գիտակցօրէն կատարուած ընտրութիւն մըն է զոհաբերութիւնը։
Հ.Օ.Մ.-ին նպատակները չեն սահմանափակուիր միայն նիւթական օժանդակութեամբ: Անիկա ոչ-կառավարական բնագաւառէն ներս գործող կառոյց մըն է, որ կը զբաղի կիներու իրաւունքներով, ապագայ սերունդի կրթութեամբ, առողջապահական նախաձեռնութիւններով, կենսոլորտի պահպանութեամբ եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեամբ։
Հ.Օ.Մ.-ականին համար, ազգի մը վերակազմաւորումը կարելի է միայն այն ատեն, երբ իւրաքանչիւր անհատ, այս պարագային՝ կին, զգայ իր պարտաւորութիւնը հասարակութեան հանդէպ։ Այս կէտը շեշտելէ ետք, պէտք է հաստատենք, որ ծայրայեղ «ֆեմինիստական» շարժումի մասին չէ մեր խօսքը, այլ անոր ըստ ամենայնի ազգային ուղղուածութեան մասին. էականը՝ հայ կնոջ տիպարին բիւրեղացումն է։ Հայ օճախէն ներս, կինը ո՛չ միայն ընտանիքին օժանդակ ուժն է, այլ հասարակական առաջնորդ մը՝ դաստիարակութեան, ընկերային կեանքի եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ։
Հ.Օ.Մ.-ը ունի համահայկական տեսլական եւ կազմակերպական կառոյց։ Մայր հայրենիքին թէ Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ գործող մասնաճիւղերը իրարմէ անջատ՝ ինքնագլուխ գործող միաւորներ չեն: Անոնք կը գործեն, իբրեւ միասնական ցանց՝ ծառայելու Հայաստանին, Արցախին, Ջաւախքին ու աշխարհասփիւռ հայութեան կարիքներուն։
Հ.Օ.Մ.-ին համար, Սփիւռքը պարտաւոր է պահպանել իր արմատները, յանձնառու կերպով շարունակելով իր հաստատած կամուրջը հայրենիքին հետ։ Պիտի շարունակուին բարեսիրական աշխատանքները, առողջապահական ծրագիրները, կրթական աջակցութիւններն ու ընկերային բարեկեցիկ պայմաններու ստեղծումը։
115-ամեայ Հ.Օ.Մ.-ը մնայուն է եւ յանձնառու, նմանապէս՝ Հ.Օ.Մ.-ականը:

