ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Ի ՆՊԱՍՏ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՄԵՏԻԱ»-Ի ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ՝ ՀԱՄԵՐԳ
Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբերին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ լուռ աճուրդ մը եւ համերգ մը, որոնց հասոյթը պիտի տրամադրուի «Հայրենիք Մետիա»-ին եւ արցախցի նկարիչներու։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հ.Ե.Դ.-ի, «Համազգային»-ի եւ Հայկական Մշակութային Ընկերակցութեան Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղերուն կողմէ։
Արցախի Համազգայինի տնօրէնուհի Հերմինէ Աւագեանի պատրաստութեամբ, ներկայացուած էր արցախցի արուեստագէտներու գործերէն հաւաքածոյ մը։ Այդ գործերէն ոմանք ստեղծուած էին Արցախի բռնագաղթէն առաջ, իսկ ուրիշներ այնուհետեւ կերտուած էին Հայաստանի մէջ։ Հերմինէ Աւագեան յայտնեց, թէ արցախցի մանուկ արուեստագէտի մը «Շուշիի դուռը» ներկայացնող կաւէ աշխատանքը, որուն ետին գրուած էր «Թող Շուշիի դռները բացուեն» խօսքը։ Բացման աղօթքէն ետք, Արժ․ Տէր Հայր Մեսրոպ քհն․ Լգիսեան խորհրդածեց Արցախի մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն։
Աճուրդէն ետք, կազմակերպիչներուն անունով Անէթ Ճիւելէկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր Հօր, հոգաբարձութեան եւ աւելի քան 130 ներկաներուն, որոնք սպառած էին բոլոր գործերը։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ երգիչ եւ 2020-ի Արցախի պատերազմի վեթերան Արթուր Խաչենցի համերգը, ներկայացնելով իր սեփական երգերն ու հայկական աւանդական գործեր։

