ՋԱՀԵՐԹ` ԴԷՊԻ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ
Ապրիլ 23-ին, Երեւանի ՛՛Ֆրանսա՛՛ի հրապարակէն ընթացք առաւ Հ.Յ.Դ. ՛՛Նիկոլ Աղբալեան՛՛ ուսանողական միութեան կազմակերպած ջահերթը` դէպի Ծիծեռնակաբերդ: Աւանդական դարձած այս ջահերթը յարգանքի տուրք է հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ պահանջ` հայկական իրաւունքներու ձեռքբերման: Տասնեակ հազարաւոր անձեր միացան ջահերթին` եռագոյններով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ հատուցում պահանջող պաստառներով, ինչպէս նաեւ անմար ջահերով, հաստատ քայլերով ու կազմակերպուած շարքերով ուղղուելով դէպի Ծիծեռնակաբերդ:
Այս առիթով Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ջահերով երթը հայ ժողովուրդի միասնականութեան խորհրդանիշն է, իսկ կրակը կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի ոգին եւ միութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր յաւերժական պայքարը:
՛՛Մենք պէտք է սորվինք յարաբերիլ թուրքին հետ, անոր հետ խօսիլ հաւասարէ հաւասար: Մենք կարիքը չունինք թուրքին կեղծ ներողութեան, մենք իսկական հատուցում կը պահանջենք՛՛, ըսաւ Յովհաննիսեան: Ան հաստատեց, որ այս ջահերթը տարուէ տարի նաեւ տեղի կ՛ունենայ տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ` նշելով, որ ամէն տարի աւելի եւս պիտի ընդարձակուի անոր շրջագիծը:
Վահան Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Ցեղասպանութիւնը հայութիւնը զրկեց մարդավայել կեանք ապրելու իրաւունքէն, իսկ Հայաստանի ներկայ վիճակին ժխտական կողմը Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանք է: Բայց հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ պայքարիլ` նոր կարելիութիւններ ձեռք ձգելու եւ ապագան կերտելու համար:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Արթուր Ղազարեան այս առիթով յայտարարեց, որ առաջին անգամ ըլլալով ջահերթին կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ: Ան ըսաւ, որ իրենք կոչ պիտի ուղղեն Հայաստանի իշխանութիւններուն` ՛՛գերեզմանելու հայ–թրքական արձանագրութիւնները՛՛:
՛՛Հայ երիտասարդութիւնը իւրաքանչիւր տարուան երթէն կը քաղէ դասեր` նպատակ ունենալով կերտել միացեալ Հայաստան: Ամէն տարի անձրեւ կը տեղայ այս օրը, սակայն անիկա ոչ մէկ ձեւով կ՛ազդէ մասնակիցներու թիւին վրայ՛՛, հաստատեց Ա. Ղազարեան:
Նշենք, որ ջահերթեր տեղի ունեցան նաեւ Հայաստանի 13 քաղաքներու մէջ:
ՆՇՈՒՄ` ԹԻՖԼԻՍԻ, ՋԱՒԱԽՔԻ ԵՒ ԱԽԱԼՑԽԱՅԻ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ Վրաստանի Հայ համայնքի հասարակական կազմակերպութեան, Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցաւ ջահերթ մը: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Վրաստանի Հայկական համագործակցութեան կեդրոնի, Հայ ուսանողներու միութեան Հայ երիտասարդական միութեան եւ Հայ Պատանեկան Միութեան ներկայացուցիչներ:
Երթը աւարտեցաւ Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ, ուր մասնակիցները բողոքեցին Հայոց Ցեղասպանութեան գծով թրքական ժխտողական քաղաքականութեան դէմ: Նոյն դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ խաղաղ բողոքի ցոյց մը ներկայութեամբ վեց հարիւր հայորդիներու: Կարգախօսն էր.- ՛՛Մենք յիշում եւ պայքարում ենք յանուն արդարութեան՛՛:
Վրաստանի Հայ ուսանողներու միութեան նախագահ Արմէն Աղաջանով ըսաւ.- ՛՛մենք հաւաքուած ենք, որպէսզի պաշտպանենք, մեր իրաւունքները եւ պայքարինք Հայոց Ցեղասպանութեան գծով Թուրքիոյ վարած ժխտողական քաղաքականութեան դէմ՛՛: Վրաստանի Հայ համայնքի նախագահ Սամուէլ Մկրտչեան յայտնեց թէ, Հայ Դատի պայքարի հոլովոյթին մէջ իրենց գործունեայ մասնակցութիւնը ունին յատկապէս երիտասարդները եւ ըսաւ,- ՛՛Այդ է մեր ապագան, մեր յոյսը: Կը տեսնէք, թէ ինչպէ՛ս տրամադրուած է ժողովուրդը, մանաւանդ երիտասարդութիւնը: Ատիկա յոյս կը ներշնչէ, որ ժողովուրդը յաւերժ պիտի ապրի, քանի տակաւին պատրաստ է պայքարելու իր իրաւունքներուն համար՛՛:
Նշենք թէ, ցոյցին առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ այլ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ: Այս տարի ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին նեւ, տեղւոյն եզիտիներու համայնքի ներկայացուցիչներ:
Ջաւախքի Նինոծմինտա շրջանի ՛՛Զօրի Զօրեան՛՛ երիտասարդական միութեան ջանքերով, ջահերթ մը կազմակերպուեցաւ: Մասնակիցները ջահերով ուղղուեցան տեղւոյն Սուրբ Սարգիս եկեղեցի եւ յատուկ նամակ մը փոխանցեցին շրջանային քաղաքապետութեան` Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիէն խնդրելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ախալցխայի մէջ, նախաձեռնութեամբ դարձեալ ՛՛Զօրի Զօրեան՛՛ երիտասարդական միութեան, ջահերթ կազմակերպուեցաւ դէպի Ախալցխայի Մարտա թաղի Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթող-խաչքար:
Այս առիթով մասնակիցներուն անունով նամակ մը յղոեցաւ Վրաստանի խորհրդարանի հայազգի անդամներ` Արմենակ Բացանդուրեանին Հենզել Մկոյեանին, եւ Յարութիւն Յովհաննիսեանին: Այս նամակով անոնք անգամ մը եւս, կը խնդրէին նշեալ պատգամաւորներուն զօրակցութիւնն ու միջամտութիւնը նախագահ Սահակաշվիլիի մօտ` ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: