ՃԱՆԱՉՄԱՆ… ԵՒ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԸ
Անցեալ շաբաթավերջին, աշխարհի տարբեր գաղթօճախներէ ներս, նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակը: Ծիծեռնակաբերդի մէջ կատարուած հաւաքէն աւելի տպաւորիչ ու յիշատակելի էր այդ ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ, ուր Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան տեղւոյն մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած էր հաւաք մը Կիրակի, Ապրիլ 24ին, որ տեղի ունեցաւ Սուլթանահմետի մէջ, Իսլամական գործերու թանգարանի շէնքին առջեւ: Դիտմամբ որոշուած էր այս վայրը: Արդարեւ, այս կառոյցը նախկին կեդրոնական այն բանտն էր, ուր պահուած էին Ապրիլ 24, 1915-ին, Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած հայ մտաւորականներն ու քաղաքական գործիչները: Միութեան անունով ելոյթ ունեցաւ փաստաբան Էրեն Քեսքին, շեշտելով, թէ 1915ի ջարդերը ցեղասպանութիւն էին եւ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն մըն է:
Քեսքին նշեց թէ, Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը ամէն տարի կ՛արտայայտուի Ապրիլ 24ի մասին ու պահանջեց, որ Թուրքիա վերջ տայ այս ուրացումին եւ բոլոր իրաւական հետեւանքներով ընդունի յանցանքը եւ ըսաւ.- ՛՛Միայն այն ատեն է, որ պիտի հանգստանան հոգիները գերեզման չունեցող այն մեռեալներուն, որոնք կը ննջեն հոսող գետերու, կամ հովիտներու ու անդունդներու խորը: Այն ատեն է, որ արդարութիւնը գործադրուած պիտի ըլլայ՛՛: Ան ըսաւ, որ ձերբակալուածներուն մէջ կը գտնուէր նաեւ Կոմիտաս վարդապետը, որ ի մի հաւաքած էր քրտերէն, թրքերէն, հայերէն երգերը, ու նշեց նաեւ զանազան հայ ձերբակալեալներու անունները` ըսելով, որ այս ցեղասպանութեան հետեւանքով հազարաւոր տարիներու քաղաքակրթութիւն մը Անատոլուէն սրբուեցաւ:
Քեսքին յաւելեալ զեկուցումներ տուաւ, թէ ինչո՞ւ այս հաւաքը կը կատարուի այս շէնքին առջեւ, ըսելով, որ կեդրոնական բանտէն ձերբակալուած հայ մտաւորականները Հայտարփաշա ղրկուած են ու այդտեղէն` դէպի Անատոլուի զանազան աքսորավայրերը:
Ներկաները մեխակներ զետեղեցին հրապարակին վրայ եւ հանրահաւաքը վերջացաւ առանց որեւէ միջադէպի:
Միւս կողմէ, անցեալ տարուայ նման, այս տարի եւս կայացաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ: Մօտաւորապէս հինգ հարիւր մասնակիցներ, որոնց մէջ կային նաեւ հայեր, նստացոյց կատարեցին հրապարակին վրայ:
Ցոյցի ընթացքին պարզուեցան պաստառներ, որոնց վրայ հայերէն, թրքերէն, քրտերէն, ֆրանսերէն ու անգլերէն լեզուներով գրուած էր` ՛՛Այս ցաւը մեր բոլորին ցաւն է՛՛ (վերի նկարը):
Ապա, կազմակերպիչներու անունով ելոյթ մը ունեցաւ Զէյնեպ Թանպայ, որ յայտնեց, թէ 1915էն ի վեր պետութիւնը կը ջանայ քօղարկել այս խնդիրը, կամ թեթեւցնել‘ զայն ցոյց տալով որպէս օրինաւոր քայլ, բայց մահացու այս աքսորը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր էր: ՛՛Այլեւս վերջ պէտք է տրուի այս կացութեան: Այս պատճառաւ է, որ շատ ուշացած պարտականութեան մը կը հրաւիրենք այս երկիրի բոլոր այն մարդիկը, որոնք մաքուր ճակատ ու խղճմտանք ունին: Պէտք է գիտնալ, որ այնքան ատեն որ պետութիւնը կը շարունակէ գործադրել այս պաշտօնական քաղաքականութիւնը, վէրքերը այնքա՛ն պիտի խորանան, ալ աւելի պիտի անդամալուծեն մեր միտքն ու խղճմտանքը: Կը հրաւիրենք մեզի միանալու, որպէսզի յայտնենք, թէ այս ցաւը մեր բոլորին ցաւն է՛՛, յայտնեց Թանպայ:
Մինչ այդ, ծայրայեղ ազգայնական ուժեր, իրենց կարգին ցոյց կատարեցին եւ շեշտեցին թէ թուրք ժողովուրդը երբեք ցեղասպանութիւն չէ կատարած եւ թէ ընդհակառակը, հայե՛րն են, որոնք կայսերապաշտ երկիրներու գրգռութեամբ յառաջ քշեցին Ցեղասպանութեան պնդում մը: Նոյնիսկ ցուցարարները քննադատեցին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլն ու իշխող ՛՛Արդարութիւն եւ բարգաւաճում՛՛ կուսակցութիւնը: