Լրահոս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆԵՑ ՄՈՆՐԷԱԼ

Գանատայի հայոց թեմին ու Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան հայոց թեմերուն տուած իր հովուապետական այցելութեան առաջին հանգրուանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերին, ժամանեց Մոնրէալ: Օդակայանին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդունուեցաւ թեմի առաջնորդ սրբազանին՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեանի, Ազգային Վարչութեան անդամներուն, հոգեւոր դասուն եւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ առաջնորդ սրբազանը յանուն թեմին ողջունեց Նորին Սրբութեան ժամանումը։ Այսօր Գանատայի Հայոց թեմը հոգեւոր խանդավառութեան մէջ է` պատիւ ունենալով ընդունելու Հայոց Հայրապետը, այս անգամ տօնական մթնոլորտով նշելու Նորին Սուրբ Օծութեան 30֊ամեայ գահակալութիւնն ու օծումը, ըսաւ ան։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն՝ մաղթելով յաջողութիւն անոնց ազգաշէն ու եկեղեցանուէր ծառայութեան մէջ:

Ապա, նոյն երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետին իջեւանած պանդոկին մէջ ընթրիք մը սարքուեցաւ։ Նորին Սրբութեան սեղանակից դարձան Առաջնորդ սրբազանը, հոգեւորականաց դասը եւ ազգային վարչութեան անդամները։

Նորին Սրբութեան հովուապետական այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ նաեւ Թորոնթօ, հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան հայոց թեմերը: Յիշեալ թեմերու մէջ Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար պիտի Լոս Անճելոս, Ֆրէզնօ, Սան Ֆրանսիսքօ, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի եւ այլ շրջաններ:

Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութեան օրակարգը պիտի ներառէ եկեղեցական արարողութիւններ, ազգային մարմիններու հետ հանդիպումներ, երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւն, միջ-եկեղեցական հանդիպումներ, համալսարաններու մէջ դասախօսութիւններ, կրթական մշակներու հետ հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ՝ Նորին Սրբութեան հայրապետական ընտրութեան ու գահակալութեան 30-ամեակի նշում:

Հովուապետական յիշեալ այցելութեան Վեհափառ Հայրապետին Մայրավանքէն կ՚ընկերանան՝ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, գաւազանակիր եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, յիշեալ երեք թեմերու առաջնորդ սրբազան հայրերը՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան եւ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, արեւմտեան թեմի պարագային նաեւ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, իսկ Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․-ի թեմի պարագային՝ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետներ Գրիգոր Մահսերէճեան ու Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ անդամներ՝ Կայծակ Զէյթլեան, Ռոստոմ Այնթէպլեան եւ Հրաչ Յակոբեան:

Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանք պիտի վերադառնայ 22 Նոյեմբերին:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button