Հ․Յ․Դ․ Պատուիրակութիւնը Կը Մասնակցի Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան Գագաթնաժողովին

ԱՄՍՏԵՐՏԱՄ․- Հոկտեմբեր 16-18-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան գագաթնաժողովին։
Այս ժողովին կը քննարկուի համաեւրոպական այս կուսակցութեան նախորդ գործունէութիւնը, կ՛որոշուին ռազմավարական եւ ծրագրային քաղաքական առաջնահերթութիւնները եւ կը կատարուի կուսակցութեան նոր գործադիր մարմնի ընտրութիւնը։
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան իբրեւ լիիրաւ անդամ կը պատկանին Եւրոպական 33 կուսակցութիւններ, իսկ դիտորդ անդամներու թիւը 15 է։ Անդամակցութեան կարգավիճակը կախուած է Եւրոպական Միութեան հետ, երկրի յարաբերութիւններէն։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, կովկասեան տարածաշրջանին մէջ, Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան անդամակցող միակ քաղաքական ուժն է։
Այս կուսակցութեան հետ միջկուսակցական կապերու շարունակական զարգացումը Հ․Յ․Դաշնակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է։
Հ․Յ․Դ․-ի պատուիրակութիւնը կը ներկայացնեն Գասպար Կարապետեան, Սարինէ Աբրահամեան, Գէորգ Ղուկասեան եւ Նարօտ Նորամանեան։ Նախատեսուած է Հ․Յ․Դ․ պատուիրակութեան գործօն մասնակցութիւնը՝ Քոնկրէսի աշխատանքներուն, հանդիպումներ բազմաթիւ երկիրներու ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, քննարկելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող զանազան հարցեր։

