Լրահոս

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հոկտեմբեր 15, 2025 – Նիւ Եորք

Մենք՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդները՝ Արևմտեան
Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը, Արևելեան Թեմի
Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեանը եւ Գանատահայոց Թեմի
Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանը, մեր խոր մտահոգութիւնը կը
յայտնենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած վերջին
ձերբակալութիւններուն կապակցութեամբ։
Ձերբակալուածներու մէջ են Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մկրտիչ
Եպիսկոպոս Պռոշեանը, ինչպէս նաեւ քանի մը քահանաներ եւ թեմական վարչութեան
աշխատակիցներ։
Ձերբակալուած հոգեւորականները ճանչցուած են իրենց նուիրումով, խոնարհութեամբ եւ
ժողովուրդին ու Աւետարանին ծառայութեամբ։ Նման վերաբերմունքը վտանգի տակ կը
դնէ մեր ազգի բարոյական ու հոգեւոր հիմքերը եւ կը խաթարէ Եկեղեցւոյ սրբազան դերը
մեր ազգային կեանքին մէջ։
Մեր կոչը կ’ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ ապահովելու
արդարութիւն, թափանցիկութիւն եւ օրէնքի պատշաճ ընթացք, եւ յարգելու Հայ
Եկեղեցւոյ պատմական անկախութիւնն ու սրբազան առաքելութիւնը։
Այս դժուարին պահուն մենք միասնաբար կը կանգնինք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի, մեր հոգեւորականութեան եւ բոլոր հաւատացեալներու
կողքին՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Կը հրաւիրենք մեր համայնքները
միասնական աղօթքի՝ իմաստութեան, խաղաղութեան եւ մեր հայրենիքին մէջ
վստահութեան ու միաբանութեան վերականգնման համար։

Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան
Առաջնորդ Ա․Մ․Ն․ Արեւմտեան Թեմի
Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեան
Առաջնորդ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի
Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան
Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button