ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․-Ի ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ․ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԻՇԻԿԸՆ

Կիրակի, 12 Հոկտեմբերին, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Տիրպորնի (Միշիկըն) Սուրբ Սարգիս եկեղեցին նշեց իր հիմնադրութեան 93-րդ եւ օծման 63-րդ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեանի, եւ երէցկին Թամարի ծառայութեան եւ Տէր Հօր ձեռնադրութեան 15-ամեակները։
Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ խորանի ծառայողներու շապիկներու օրհնութիւնը, նուիրուած տէր եւ տիկ. Ռաֆֆի եւ Փաթրիշա Քիւրէճեաններու կողմէ, ինչպէս նաեւ Տէր Հօր պատարագի զոյգ զգեստներու օրհնութիւնը, նուիրուած՝ տէր եւ տիկ. Մովսէս եւ Մարի Անն Շրիգեաններու կողմէ։
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ շնորհաւորեց Տէր Հայրը անոր վաստակաշատ ծառայութեան առիթով, մաղթելով առողջութիւն եւ բարեբեր օրեր, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութեամբ շարունակէ իր աստուածատուր շնորհքները ի սպաս դնել Հայ Եկեղեցւոյ։ Սրբազան Հայրը Թարգմանչաց տօնին առիթով յայտնեց, թէ թարգմանիչներու ոգին միայն անցեալ պէտք է չէ մնայ, այլ պէտք է կարենանք հազարամեայ մեր մշակութային հարստութիւնը թարգմանել մեր առօրեայ կեանքին մէջ։
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, նուիրուած՝ Տէր Հօր եւ եկեղեցւոյ զոյգ տարեդարձներուն։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ երիտասարդներէն Քէյթի Պետրոսեան, իսկ օրուան յայտագիրը ճոխացուց եկեղեցւոյ սարկաւագաց երգչախումբը, դաշնակահար Էմմա Պաղտասարովայի նուագակցութեամբ։
Ձեռնարկի աւարտին, Տէր Հայրը, խօսք առնելով, փառք եւ գոհութիւն յայտնեց առ Աստուած, որ անարժանին արժանի գտաւ քահանայութեան սուրբ աստիճանին։ Ան նաեւ իր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց գաղութի բոլոր անդամներուն։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ոգեշունչ պատգամով փակեց երեկոն։

