Գիտաժողով՝ Նուիրուած Ռազմիկ Թաւոյեանի Ծննդեան 85-Ամեակին

Հոկտեմբեր 10-ին, Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որուն նիւթն էր Ռազմիկ Թաւոյեանի գրական գործունէութիւնն էր՝ նուիրուած անուանի բանաստեղծի ծննդեան 85-ամեակին։
Ժամանակակիցները յիշեցին ու գնահատեցին բանաստեղծին անցած գրական ճամբան՝ ընդգծելով անոր թողած հարուստ ժառանգութիւնը։
Միջոցառումը կազմակերպուած էր «Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ գործակցութեամբ՝ Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժնին։
«Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի համաձայն՝ գիտաժողովը առիթ մըն էր անգամ մը եւս նշելու Ռազմիկ Թաւոյեանի գրական վաստակը, որովհետեւ, ինչպէս նշեց Առաքելեան, հայ գրականութեան տաղանդաւոր բանաստեղծ Ռազմիկ Թաւոյեանը իր ստեղծագործութիւններով կամրջեց անցեալն ու ներկան՝ բանալլով դուռ մը դէպի յաւիտենականութիւն։ «Տարիներու ընթացքին ան իր ներկայութեամբ կրցաւ բովանդակել այն միջավայրը, ուր գտնուեցաւ։ Ան ղեկավարեց գրողներու միութիւնը, եղաւ Հայաստանի նախագահին խորհրդական, «Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակի հիմնադիր անդամ, եւ գործուն մասնակցութիւն ունեցաւ հասարակական ու քաղաքական կեանքին։ Քանի՜ սերունդ ապրեցաւ անոր պատգամներով, եւ տակաւին քանի՜ սերունդներ պիտի հաղորդակցին անոր ստեղծագործութիւններուն միջոցով բարձրարժէք գեղարուեստին, ապրին այն մարդկային հոգեվիճակները, որոնք Թաւոյեան բանաստեղծը հանճարի ուժով փոխանցեց մեզի», ըսաւ Առաքելեան։
«Համազգային»-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Ան շատ բուռն կերպով մուտք գործեց բանաստեղծութեան աշխարհը։ Շատ երիտասարդ էր, երբ արդէն կը դիտուէր որպէս կայացած բանաստեղծ։ Մեծ երեւոյթներէն, թերեւս, պէտք է քիչ մը հեռանաս, որպէսզի կարենաս գնահատել անոնց իրական մեծութիւնը։ Կը կարծեմ՝ Թաւոյեանը ոչ միայն պիտի մնայ, այլեւ պիտի մեծնայ, եւ գուցէ դեռ ամբողջովին բացայայտուած ու ճանչցուած չէ։ Այս գիտաժողովը Թաւոյեանին գիտական մակարդակով արժեւորելու փորձ մըն է, որ ինքզինք արդէն իսկ գնահատական մըն է»։
Գիտաժողովին ելոյթ ունեցան նաեւ հայ բանասիրութեան բաժնէն Արշալոյս Գալստեան, Լոնտոնի Համալսարանի լեզուաբանութեան դոկտոր, Ռազմիկ Թաւոյեանի կողակիցը՝ տիկին Արմինէ Թամրազեան-Թաւոյեան, փիլիսոփայութեան գիտութիւններու դոկտոր, Դաւիթ Գասպարեան, արուեստագիտութեան դոկտոր Աննա Ասատրեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտորներ Սուրէն Աբրահամեան, Սոկրատ Խանեան, Կարինէ Մարտիրոսեան, արուեստագիտութեան թեկնածու Անուշ Ասլիբեկեան եւ գրականագէտ Քնարիկ Աբրահամեան։
Գիտաժողովին ներկայ էին Ռազմիկ Թաւոյեանի գրական եւ կուսակցական ընկերները, ուսանողներ, գրականագէտներ եւ անոր գրականութիւնը սիրող ու գնահատող անհատներ։

