Վարշաւայի Մէջ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին

Հոկտեմբեր 6-ին Վարշաւայի մէջ մեկնարկը տրուեցաւ ԵԱՀԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհրդաժողովին, որու նպատակն է քննարկել ԵԱՀԿ-ի տարածքին մարդու իրաւունքներու ընդհանուր վիճակը, ինչպէս նաեւ՝ այս բնագաւառին մէջ անդամ պետութիւններու ստանձնած պարտաւորութիւնները։
Խորհրդաժողովը ընդգրկած էր օրակարգային հարցեր, որոնք ուղղակիօրէն առընչուած են Հայ Դատի առաջնահերթութիւններուն եւ գործունէութեան ուղղութիւններուն։ Հայ Դատը եւս մասնակցեցաւ անոր աշխատանքներուն, մասնակցութեամբ Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի գրասենեակի համայնքային կապերու պատասխանատու՝ Կարէն Ճինպաշեանի եւ Եւրոպայի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու՝ Արամ Գէորգեանի։
Իր ելոյթին ընթացքին Գէորգեան շեշտեց օրէնքի գերակայութեան եւ դատական իշխանութեան անկախութեան հիմնարար ժողովրդավարական արժէքներու նկատմամբ յարգանքի անհրաժեշտութիւնը։ Ան միաժամանակ ուշադրութիւն հրաւիրեց այն իրողութիւնը, որ Ատրպէյճանը՝ իբր ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւն, կը խախտէ սկզբունքները։ Նշուեցաւ, որ Ատրպէյճանի դատական համակարգը կը ծառայէ գործադիր իշխանութեան եւ կը գործածուի՝ «օրինականացնելու» հայ ռազմագերիներու ու քաղաքացիական պատանդներու անօրինական կալանքները, ինչպէս նաեւ՝ լռեցնելու երկրի ներսի ընդդիմախօսները, լրագրողները եւ իրաւունքի պաշտպանները։
Գէորգեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ միւս հայ պատանդներու անօրինական դատավարութիւններուն մասին։ Ան նշեց, որ ըստ միջազգային զեկոյցներու՝ Ատրպէյճանի մէջ կրնան բանտարկուած ըլլալլ մինչեւ 80 հայ պատանդներ, իսկ ընդհանուր քաղաքական բանտարկեալներու թիւը կը հասնի մօտ 400-ի։
Գէորգեան ընդգծեց, որ այս իրավիճակը կը վկայէ Ատրպէյճանի դատական համակարգի ամբողջական կախուածութիւնն ու մարդու իրաւունքներու համակարգային խախտումները։ Հայ պատանդներու ճակատագիրը, ըստ անոր, ԵԱՀԿ-ի համար փորձաքար է, որ կը պահանջէ գործնական քայլեր՝ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու։
Խորհրդաժողովի տարբեր լիագումար նիստերուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Կարէն Ճինպաշեան, որ իր խօսքին մէջ ներկայացուց Արցախի հայութեան դէմ իրականացուած բռնի տեղահանութիւնը եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպիտ խախտումները՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի կողմէ ժողովրդավարական հաստատութիւններու, ազատութիւններու եւ օրէնքի գերակայութեան համակարգային քայքայումը շարունակական բնոյթ կը կրէ։
Խօսելով 120,000-է աւելի հայերու տեղահանութեան եւ գերիներու կեղծ դատավարութիւններու մասին՝ Ճինպաշեան դիտել տուաւ, թէ խաղաղութիւն մը, որ կը հիմնուի լռեցման եւ մոռացութեան վրայ, խաղաղութիւն չէ, այլ հարկադրանք։ «Ժողովրդավարութիւնը կը պահանջէ կանգնիլ լռեցուածներու կողքին, ոչ թէ յարմարիլ լռեցնողներուն»,– ըսաւ ան։
Ան նաեւ մատնանշեց, որ Ատրպէյճանը կը կատարէ համակարգուած տեղեկատուական եւ մշակութային ջնջման քաղաքականութիւն՝ ուղղուած հայ ժողովուրդի ձայնը, ժառանգութիւնն ու յիշողութիւնը բնաջնջելու։
Անդրադառնալով 23 հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու վիճակին, Ճինպաշեան նշեց, որ անոնց կալանքը կը ծառայէ քաղաքական նպատակներու։
«Այսպէս, օրէնքի գերակայութիւն չկայ, այլ՝ անոր բացայայտ չարաշահումն է, որ կը կատարուի։ Խաղաղութիւնը հնարաւոր է միայն այն ատեն, երբ կը վերականգնուին մարդու իրաւունքները, ազատ խօսքը եւ արդար դատավարութեան սկզբունքները», ըսաւ ան։
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Միջազգային համեմատական իրաւունքի կեդրոնի ղեկավար Սիրանուշ Սահակեանը, միջազգային իրաւապաշտպան Րաֆֆի Գալֆայեան, ինչպէս նաեւ «Իրազեկ Քաղաքացի», «Իրաւունքներու պաշտպանութիւն առանց սահմաններու» եւ «Յանուն հաւասար իրաւունքներու կրթական կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։
Խորհրդաժողովի ընթացքին նկատի առնուեցան Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ կազմակերպուած կեղծ հասարակական կազմակերպութիւններու համակարգուած փորձեր՝ հայաթափելու Արցախը։ Ազերի պատուիրակները փորձեցին վարկաբեկել Հայ Դատի յանձնախումբերը, ինչպէս նաեւ անոնց կողմէ կատարուող աշխատանքը։

