Լրահոս

Հայաստան.- Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վերանորոգուած Հանգաւանի «Շողիկ» Ճամբարի Հանդիսաւոր Բացումը

Հանգաւանի «Շողիկ» Ճամբար

ԵՐԵՒԱՆ․- Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կիրակի, Սեպտեմբեր 28-ին, Հայաստանի Հանգաւանի «Շողիկ» Ճամբարի սրահին մէջ կատարեց իր նորոգուած Համալիրի նուիրման պաշտամունքը։ Արարողութեան ներկայ էին բարերարներ, Աւետարանչականի ղեկավարներ Միացեալ Նահանգներէն՝  ներառեալ Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ․ Պուչաքճեան եւ Վարչութեան Նախագահ Իրաւաբան Կէրի Ֆիլիփս, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի անդամներ Երեւանէն եւ այլ քաղաքներէ։

Պաշտամունք

2003-ին գնուած Հանգաւանի «Շողիկ» Ճամբարը երկար տարիներ ծառայած է որպէս հանգիստի, ուսման եւ հոգեւոր աճի վայր Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եկող մանուկներուն եւ երիտասարդներուն համար։ Վերանորոգուած համալիրը պիտի շարունակէ այս առաքելութիւնը՝ նորոգուած նպատակով եկող սերունդներուն համար։

Պաշտամունքը ընդգրկեց Սուրբ Գիրքի ընթերցումներ եւ աղօթքներ, առաջնորդութեամբ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի աւագ հովիւ Վեր. Աւետիք Խաչատրեանի,  Խորհուրդի նախագահ ՎԵր. Վարդան Աբինեանի եւ Եւրասիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահ Վեր. Դոկտ. Ռընէ Լեւոնեանի։

Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըքեան իր պատգամը կը փոխանցէ

Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահ ՎԵր. Դոկտ․  Գրիգոր Եումշաճըքեան փոխանցեց օրուան պատգամը «Նուիրուած Աստուծոյ» խորագրով։ «Ճամբարները կու գան ու կ’երթան, շէնքերը կը քայքայուին, ծրագիրները կը փոխուին, բայց Աստուծոյ գործը կը շարունակուի հաւատարիմ եւ նուիրեալ սրտերու միջոցով», ըսաւ ան։

Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան կ’առաջնորդէ Ճամբարի Նուիրման Աղօթքը

Ճամբարի նուիրման արարողութիւնը կատարեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութուն Սելիմեանը։

Աւետարանչականի ղեկավարներ

Աւետարանչականի Հայաստանի Ներկայացուցիչ Արէն Տէյիրմէճեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր բարերարներուն՝ նշելով, որ վերանորոգուած համալիրը վկայութիւն է Ընկերակցութեան անսասան առաքելութեան՝ հաւատքի, կրթութեան եւ ծառայութեան ամրապնդման Հայաստանի մէջ։

Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի Նախագահ Իրաւաբան Կէրի Ֆիլիփս իր խօսքը կ’ուղղէ ներկաներուն

Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի Նախագահ Իրաւաբան Կէրի Ֆիլիփս անդրադառնալով վերանորոգուած ճամբարի վերաբացումին, նշեց. «Ճամբարը այն վայրն է, ուր մանուկներն ու երիտասարդները կը հանդիպին Քրիստոսին, կը կազմեն մշտական բարեկամութիւններ եւ կը սկսին հաւատքի ու ծառայութեան կեանք մը», աւելցնելով, որ Հանգաւանի Ճամբարի վերանորոգութիւնը կը վերահաստատէ Աւետարանչականի առաքելութիւնը՝ «կերտել կեանքեր Քրիստոսի վրայ հիմնուած՝ դաստիարակելով սրտեր, ձեւաւորելով նկարագիրներ եւ պատրաստելով նոր սերունդներ՝ իրենց հաւատքը ապրելու Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն անդին»։

Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան իր խօսքը կ’ուղղէ ներկաներուն

Իր խօսքին մէջ Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ․ Պուչաքճեան ընդգծեց Աւետարանչականի խոր նուիրուածութիւնը Հայրենիքին հանդէպ՝ ըսելով. «Ասիկա այն հողն է, ուրկէ սկիզբ առին մեր նախահայրերը, եւ այն տունը՝ դէպի ուր մեր սիրտն ու հոգին անդադար կ’ուղղուին։ Եւ այստեղ՝ Հայրենիքին մէջ, մենք ամենէն խորունկ պատասխանատուութիւնը կը զգանք՝ զօրացնելու մեր ժողովուրդի ապագան եւ նոր կարելիութիւններ տալու գալիք սերունդներուն»։

Վերանորոգուած Ճամբարի ժապաւէն կտրելու արարողութիւն
Ներկայ Հիւրեր

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու գնահատանքի խօսքերով՝ արտայայտելով իրենց երախտագիտութիւնը Աւետարանչականի մշտական ազդեցութեան համար հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button